ԱԲՕ ՉԱՓԱՐԵԱՆ
Գործադիր Հրատարակիչ եւ Գլխաւոր Խմբագիր՝
«ՀԱՅ ԿԵԱՆՔ»-ի եւ
USA Armenian Lifeի
2016 թ.-ին Սբ. Հովհաննու Կարապետ Հոլիուտի եկեղեցիի Ծխական Խորհուրդը քանդեց հին եկեղեցին, նորը կառուցելու համար, առանց որեւէ նոր շինարարութեան ծախսերու գնահատման: Այնուամենայնիւ, եկեղեցիի հովիւ քհն. Մանուկ Մարգարյան եւ Ծխական Խորհուրդը նախաձեռնեցին դրամահաւաքի:
2003 թուականէն ի վեր, երբ անոնք ծրագրեր էին նոր եկեղեցի կառուցել մինչեւ 2018 թ., անոնք հաւաքած էին ընդամենը 1,5 մլն. տոլար: Հաւաքուած գումարներու մէկ մասը եկաւ Պր. Տաղլեանի կողմէ նուիրած դրամահաւաքի միջոցառումներէն որոնք տեղի ունեցան Տաղլեան համալիրէն ներս: Մինչ այդ, պարոն Տաղլեան արդեն 1,5 տոլարէ աւելի նուիրատւութիւն կատարած էր Արեւմտեան Թեմի տարբեր ծրագրերու համար:
Նոյն թուականին պարոն Տաղլեան արդեն Տաղլեան Համալիրի շինարարութիւնը հասցուցած էր իր յաջող աւարտին Սբ. Հովհաննու Կարապետ եկեղեցիի կողքին եւ սկսած էր այն ձեռնհասօրէն կառավարել, եկամուտի հոսք ապահելով 15 միլիոն դոլարի վարկը կամաց-կամաց բանկին ետ վճառելու համար: Ան անձամբ պարտք վերցուցած էր դրամատունէն: (Վերջին տարիներուն համալիրը մեծ յաջողութիւն ունեցած է տեղական եւ համաամերիկեան մակարդակներով։ Եւ այս տարի ամբողջ Լոս Անճելոսի մարզէն ներս ան գրաւած է առաջին տեղը որպէս լաւագոյն համալիրը հարսանիքի եւ զուարճանքի համար եւ ամբողջ Ամերիկայի մէջ՝ 5-րդ տեղը:
2016-ին, երբ նախագիծերը կազմուեցան նոր եկեղեցիի կառուցումը սկսելու համար, Սբ. Հովհաննու Կարապետի Ծխական Խորհուրդը չունէր նոյնիսկ նախահաշիւը՝ թէ որքան գումար անհրաժեշտ էր եկեղեցիի շինարարութիւնը աւարտին հասցնելու համար: Շատերու համար անհասկնալի էր, թէ ինչու անոնք սկսան շինարարական գործընթացը առանց անհրաժեշտ միջոցները ապահովելու:
2018 թ. սկզբին 1,5 մլն դոլարը գրեթէ ծախսուած էր: Հակառակ այն փաստին որ Ծխական Խորհուրդը բազմաթիւ խոստումներ ստացած էր յաւանական նոր նուիրատուներէ սակայն այդ խոստում տուողներէն շատերը ետ կանգնեցան անյայտ պատճառներով: Համայնքի շատ մը անդամներ սկսեցան հետաքրքրուիլ, թէ այդպէս եղած է թափանցիկութեան բացակայութեա՞ն կամ Ծխական Խորհուրդի, քհն Մանուկի, Արք. Տէրտէրեանի եւ Արեւմտեան Թեմի ղեկավարութեան մօտ տիրող ոչ-ունակուկութեան պատճառով:
Ուրիշներ հարցուցին. «Ինչու՞ Սբ. Հովհաննու Կարապետը չկրցաւ բաւարար գումար ապահովել շինարարութեան համար, թէ՝ արդեոք կային գումարներու անհետացման հո՞սք»: Ամօթալի է, որ ամբողջ Ծխական Խորհուրդը Մարգարեան քհն.ի եւ Արք. Տէրտէրեանի հետ միասին ընդամենը 1.5 մլն է հաւաքած էին ամբողջ 15 տարուայ ընթացքին յատկապէս, երբ հաշւի առնենք, որ ֆինանսական միջոցներու կարեւոր հատուածը եկած էր Տաղլեան Համալիրի մէջ պր Տաղլեանի կողմէ նւիրաբերուած՝ զանազան դրամահաւաքի միջոցառումներէ:
Տարիներու ընթացքին պր. Տաղլեան խորհուրդ տուած է որ Մանուկ քհն. Մարգարեանը եւ Արք. Հովնան Տէտէրեանը պարզաբանեն անհրաժեշտ պիւտճէն եւ ապա նոր սկսին դրամահաւաքի: Բազմիցս, պր. Տաղլեան նաեւ խորհուրդ տուած է որ Մանուկ քհն. Մարգարեան իր հաւաքած գումարներու առթիւ նուիրատուներու ցանկը հրատարակէ հայկական թերթերու մէջ եւ շնորհակալութիւն յայտնեէ որպէսզի նուիրատուներու մօտ վստահութիւնը ամրապնդուի եւ դարձեալ նուիրեն։ Սակայն այս առաջարկութիւններն ալ հանդիպեցան խուլ ականջներու։
Նոր եկեղեցիի շինարարութեան համար առանց որեւէ համապարփակ գնահատականի Ծխական Խորհուրդը որոշեց վաղահասօրէն քանդել հին եկեղեցին:
2018-ի Ապրիլի սկզբին, երբ շինարարութիւնը սկսաւ, պր. Տաղլեան շարունակեց հարցնել կապալառուին. «Դուք ըսա՞ծ էք Ծխական Խորհրդին եւ Մարգարյան քհն.ին, թէ որքան ծախս պիտի ըլլայ շինարարութեան համար»։ Եւ շարունակ հարց տուաւ Մարգարյան քհն.ին. «Ինչու՞ դուք սկսում էք շինարարութիւն, առանց ծախսերի որեւէ գնահատականի»:
Երբ անոր հետեւողական հարցումները Մարգարյան քհն.ին, շինարարութեան գնահատման վերաբերեալ անպատասխան մնացին եւ Մարգարյան քհն.ն բաձարցակօրէն անտեղեակ էր վերջնական արժեքի համար, պր Տաղլեան նաձեռնեց նախահաշիւներու համար անձամբ հարցնել կապալառուին‘ Բարսեղ Ունճեանին, որ նաեւ անդամ էր Ծխական Խորհրդին: Այդ հանգրուանին պր Տաղլեան խոստացած էր նուիրաբերել 1 միլիոն դոլար նոր եկեղեցիի համար:
Մի քանի շաբաթ ետք բոլորին վերջապէս պարզուեցաւ, որ եկեղեցիի նոր կառուցվածքի իրական արժեքը կը կազմէ 6.5-7 մլն տոլար: Ծխական Խորհրդին գրեթէ բոլոր անդամները այն տպաւորութեան տակ էին, որ ընդհանուր արժեքը պիտի կազմէ 3 միլիոն տոլար, եւ ոչ թէ՝ 6.5-7 միլիոն: Բարձրացող ծախսերու ի պատասխան, պր Տաղլեան խոստում տուաւ եւս 1 միլիոն տոլարի իր խոստացած գումարները հասցնելով 2 միլիոն տոլարի։ Այսպէսով Մարգարեան քհն.ի եւ Ծխական Խորհրդին պարտականութիւն կը մնար մնացած 3 միլիոն տոլարը ապահովելու համար:
Պր Տաղլեան առաջարկած էր, որ շինարարութեան որեւէ ընդհատում կանխարգիլելու միակ միջոցը այն պիտի ըլլար որ Ծխական Խորհրդի իւրաքանչիւր անդամ 250 հազար տոլարի վարկ տրամադրէ եկեղեցիին: Մարգարյան քհն.ն եւ իր երկու որդիները ցանկութիւն չյայտնելով օգնելու եկեղեցիի կառուցման, պատճառաբանելով որ դեռ նոր է աւարտել իր երկու մեծ երկու տուներու շինարարութիւնը։ եւ հպարտօրէն նշելով որ անոնցմէ մէկը նոր «ամենախոշորը» իր շրջանին մէջ:
Մարգարյան եռեակը միշտ ալ ուրիշներէ պահանջած է եկեղեցիին օգնել, սակայն անոնք երբեք առաջ չեն եկած եկեղեցիին համար։ Չենք յիշեր թէկուզ մէկ դէպք որ բարեգործութիւն կատարած ըլլան իրենց սեփական դրամներով:
Աւելի ուշ Մարգարեան քհն.ն յայտա-րարեց, որ «կան շատ հարուստ Արեւմտեան Թեմի հայկական եկեղեցիներ, որոնք հեշտութեամբ կրնան վարկ տալ 3 միլիոն դոլարի, Սբ. Հովհաննու Կարապետի համար»: Ան առաջարկած էր, որ Արեւմտեան Թեմի «շատ հարուստ» եկեղեցիներէն պահանջէ 3 միլիոն տոլարի վարկ: Ինքնավստահօրէն անընդհատ ըսաւ որ ինք այդ վարկը կը վերցնէ միւս եկեղեցիներէն շատ ցածր տոկոսով։
Մի քանի շաբաթ ետք, երբ Մարգարյան քհն. պր Տաղլեանին ըսած է, որ ինքը չէ յաջողած համոզել թեմի «շատ հարուստ» եկեղեցիներուն վարկ տրամադրելու համար, պր Տաղլեան զարմացած է, որ Արեւմտեան Թեմի այսքան շատ եկեղեցիներ մերժած են Սբ. Յովաննու Կարապետին վարկ տալ: Այնուհետեւ ան հարցուցած է. «Ինչու՞ Սբ. Յովաննու Կարապետին չեն վստահած որեւէ գումար»: Պր Տաղլեան նաեւ հարց դրած է. «Ինչու՞ դրամատունն ալ Արեւմտեան Թեմին եւ Սբ Յովհաննու Կարապետին չի վստահիր որեւէ վարկ»:
Յետագային պարզուեցաւ որ 2018 թ. Յունիսի 30-ի առաջնորդարանի Թեմական Խորհուրդի նիստի արձանագրություններուն մէջ, թէ՝ 2000 թուականներու սկիզբէն ի վեր, Արք. Տէրտէրեանի ժամանումէն ասդին «Արեւմտեան Թեմը իր ֆինանսական իրավիճակի մասին հաշուեքննութիւն երբեք չէ կատարած (audit), հետեւաբար՝ Արեւմտեան Թեմը եւ Սբ. Յովաննու Կարապետը վարկի համար դրամատան կողմէ մերժուած են»:
Հասկնալով, որ ան սպառած է բոլոր հնարավորութիւնները եւ չէր յաջողած որեւէ գումար հաւաքել, Մարգարեան քհն. դարձեալ մօտեցաւ պր Տաղլեանին‘ Սբ Յովհաննու Կարապետի համար բանկային վարկ ապահովելու համար, պր Տաղլեանի անձնական երաշխաւորութեամբ:
Երբ պր Տաղլեան յայտնաբերեց, որ նոյնիսկ Արեւմտեան Թեմի հայ եկեղեցիները եւ բանկերը չեն վստահիր վարկի գումար տալ Մանուկ քհն.ի Սբ Յովհաննու Կարապետ եկեղեցիին, պր. Տաղլեան ըսած է, որ եկեղեցիին կþօգնէ մէկ պայմանով, որ Արեւմտեան Թեմը համաձայնի իր վրայ վերցնել վարկի վճարման վերջնական պատասխանատւութիւնը: (Տես էջ 3-ի 2018 թ. Յունիսի 30-ի արձանագրութիւնները)
Ըստ 2018 թ. Յունիսի 30-ի Թեմական Խորհուրդի նիստի արձանագրութիւններուն, Արեւմտեան Թեմի բազմաթիւ հայկական եկեղեցիներէն միայն մէկը հաւանութիւն տուած 250,000 ԱՄՆ տոլարի վարկ տրամադրել‘ 5 առ հարիւր տարեկան տոկոսադրոյքով: «Ի՜նչ եղբայրասիրութիւն է միաբան եկեղեցիներու միջեւ, որոնք իրար կը փորձեն շահարկել վաշխառուական ոգիով» ըսած է եկեղեցւոյ զօրակից մը:
Եթէ նայիք փաստաթուղթը պիտի նշմարէք թէ Պր. Տաղլեան միայն պատրաստակամ եղած է օգնել եկեղեցիին դրամատունէն 3 միլիոն տոլարի վարկ վերցնելու որ կþապացուցէ 2018 թ. Յունիսի 30-ի Թեմական Խորհուրդի նիստի փաստաթուղթը։ Ժողովին ներկայ եղած են Արք. Տէրտէրեան, Մանուկ Քհն. եւ իր որդին՝ Յարութ Մարգաեանը ի շարս այլ ժողովականներու ներառեալ՝ Թեմական Խորհուրդի Նախ. պր. Կանիմեան եւ Փոխ-Նախ. Ատրիեն Գրիգորեան եւ Սբ. Յովհաննու Կարապետի Ծխական Խորհուրդի անդամներից։ Իսկ երբ Մանուկ քհն վերջերս սկսած էր սուտ լուրեր տարածել իբրեւ թէ Պետրոս Տաղլեանը 5 միլիոն տոլար խոստացած էր սակայն իսկութեան մէջ Պր. Տաղլեան 5 միլիոնէն երկուքը պիտի նուիրէր իսկ մնացեալը դրամատունէն վարկ պիտի ապահովէր եկեղեցիի շինարարութեան համար որու վճարման պատասխանատուն պիտի ըլլար նոյն ինքն՝ Առաջնորդարանը։
Եթէ ամեն ինչ պիտի իրականցնէր Պր. Տաղլեանը ապա ուրեմն ինչ էր իրենց իսկական առաքելութիւնը։ Արդեոք իրա՞ր մեծարել, իրենք իրենցմո՞վ հպարտանալ եւ հերոսնալ։
Փաստատթուղթը ցոյց կուտայ թէ ժողովի ժամանակ Թեմական Խորհուրդը «Արեւմտեան Թեմին թոյլատրած է Պետրոս Տաղլեանի կողմէ 3 միլիոն տոլարի վարկայ երաշխավորել Սբ. Յովհաննու եկեղեցիի օգտին»: Մի քանի օր անց, Թեմական Խորհուրդի Նախ. պր. Կանիմեան հանդիպած է պր. Տաղլեանի հետ անձամբ շնորհակալութիւն յայտնելու անոր, որ 3 միլիոն դոլարի վարկ ապահոված է, ըսելով, որ «ոչ մէկ այլ մարդ եկեղեցիին նման մեծ բարիք չէր ըներ»:
Հետաքրքրական է, յետագային Տաղլեան Համալիրի խայտառակութեան ընթացքին, երբ Տէրտէրեան եռեակը մեղսակցեցաւ կողոպտել պր. Տաղլեանի Տաղլեան Համալիրի 15 միլիոն տոլարի շինարարական վարկի մարման իրաւունքները, փաստաբան Կանիմեան եւ Թեմական Խորհուրդի համանախագահը՝ փաստաբանուհի Ադրիեն Գրիգորեանը խուլ եւ համր կտրած էին։ Ինչու՞ Արք. Տէրտէրեան եւ Յարութ Մարգաեան, իմանալով ճշմարտութիւնը, ինչու՞ Մանուկ քհն.ին չեն սաստեր եւ ետ կանգնիլ տալ սուտ խօսելէ։ Ըստ երեւոյթին երեքով է որ կþորոշեն թէ ինչ ուտերով պիտի մոլորեցնեն հանրութեանը։
«Տէրտէրեան Եռեակ»-ի այդպիսի խաղերը դիմագրաւած ժամանակ պր. Տաղլեան իմաստուն կերպով բազմիցս կանխազգուշացուցած անոնց, որ եկեղեցիի եւ համայնքի համար ամօթ ու խայտառակութիւն կը բերեն իրենց կործանարար եւ անշնորհակալ վարքի, ագահութեան ապերախտութեան եւ սուտերու միջոցով:
Բացի դրանից, 2018-ի Օգոստոսին, Գարեգին Բ-ին, նամակով մը պր. Տաղլեան նոյնպէս զգուշացուցած եւ նախազգուշացուցած է Արեւմտեան Թեմի եւ Հայ Եկեղեցու համար ծանր իրաւական հետեւանքների համար որպէս ուղղակի արդիւնք «Տէրտէրեան Եռեակ»-ի անպատշած փորձերունպատակ ունենալով՝ պր. Տաղլեանին 15 միլիոն դոլար վնաս պատճառել:
Այս օրերուն, Մանուկ քհն., անոր որդին՝ Յարութ եւ Արք. Տէրտէրեան կը շարունակեն սուտ խօսիլ, ըսելով, որ բարերարը չի պահեր իր խոստումը‘ ապահովելու 5 միլիոն դոլար գումար Սբ. Յովհաննու Կարապետի կառուցման համար: Նոյնիսկ Մարգարեան քհն.ի հարազատները միացած են պր. Տաղլեանի դէմ ուղղուած ապատեղեկատւութեան, զրպարտութեան եւ վարկաբերկման արշաւին:
Ինչու՞ պր Ժոզէֆ Կանիմեան եւ տիկ. Ադրիեն Գրիգորեան եւ թեմի բարձրագոյն ղեկավար մարմին՝ Թեմական Խորհուրդի անդամները հրապարակով չեն պարզաբաներ ճշմարտութիւնը: Ճշմարտութիւնն այն է, որ բարերարը երբեք չէ խոստացած նման միջոցներ տրամադրել, բայց միայն խոստացած է եկեղեցիին ապահովել 3 միլիոն դոլար դրամատնային վարկ: Հասարակութեան համար պարզ է, որ ի սկզբանէ պր Տաղլեան սրտացաւ եղած նոր եկեղեցիի արագընթաց շինարարութեան համար: Ընթերցողներուն կþառաջարկուի տեսնել Թեմական Խորհուրդի 2018-ի Յունիսի 30-ի ժողովին ուղեկցող արձանագրութիւնները, որպեսզի անոնք լաւ տեղեկացուած ըլլան եւ իրենց կարծիքը յայտնեն:
Թեմական Խորհուրդի 2018-ի Յունիսի 30-ի ժողովին ուղեկցող արձանագրութիւնները կը հակասեն Տէրտէրեան Եռեակ-ի տարբեր լրատվամիջոցներու եւ ուղիղ եթերու միջոցով ներկայացուցած խեղաթիւրումներուն:
Բազմաթիւ ընթերցողներ զարմացած են թէ՝ «Ինչու՞ Թեմական Խորհուրդը չի կրնար հրապարակայնօրէն ուղղել խեղաթիւրումները: Աւելին՝ «Թեմական Խորհուրդը ընդգրկուած է Տէրտէրեան Եռռեակ՝ Արք. Տէրտէրեանի, Մանուկ քհն.ի եւ Մանուկ քհն.ի որդի Յարութ Մարգարեանի նախադիտական սուտերու տարածման սեւ գործին մէջ
Արդեոք Արեւմտեան Թեմի ղեկավար մարմնի անդամները, գիտակցաբար կամ անգիտակցաբար մասնակի՞ց են պր. Տաղլեանին զրպարտելու եւ իր տասնամյակներու բարի համբաւը կործանելու թեմի կործանարար ջանքերուն:
Թէ ինչ պատճառներ կրնան ըլլալ, մէկ բան յստակ է. Թեմի Խորհուրդի անդամները, ամենայն հաւանականութեամբ, պարզապէս չեն կատարած իրենց տարրական պարտականութիւնը, ոչ միայն նւիրեալ բարեգործին հանդեպ, այլեւ՝ հայ եկեղեցիին եւ ամերիկահայ համայնքին:



