«Հայ Եկեղեցու Բարեկարգում» շարժման հայաստանյան առաջնորդներից մեկը՝ պատմաբան Գէորգ Եազըճեանը, ոչ մի արդարացում չի գտնում Արեւմտեան թեմի կոռումպացուած հոգեւոր սպասաւորների կողմից կատարուած հանցագործութիւնների դեմ՝ Արեւմտեան թեմի թեմական խորհրդի նախագահ Յովսէփ Կանիմեանի անտարբերութեան վերաբերեալ

Յարգարժան պարոն Յովսէփ Կանիմեան, Լոս Անճելոս,

Ձեզ կը ճանչնամ Հ. Բ. Ը. Մ.ի Յովակիմեան-Մանուկեան Երկրորդական Վարժարանի օրերէն: Երբ ընդունուեցայ 6-րդ դասարան, աւարտական դասարանն էիք: Բացի ատկէ, Պուրճ Համմուտի Արաքս սինեմայի փողոցին վրայ, անոր ճիշդ դիմացը կը գտնուէր Ձեր հօրական՝ բրդեղէնի խանութը, 100 մեթր անդին՝ իմ մօրեղբայրներուս մսագործի խանութը: Ինչեւէ: Գիտեմ նաեւ, որ հարազատական կապեր ունիք բոլորիս սիրելի կատակերգակ ընկերոջս՝ Յարութ Սողոմոնեանին հետ: Բացի այս բոլորէն, զիրար կը յուսամ աւելի՛ ճանչցանք նաեւ Հայ Եկեղեցւոյ առնչուած վերջին տարիներու իրադարձութեանց հետեւելով:
Դուք ատենապետն էք ԱՄՆ-ի արեւմտեան էջմիածնական թեմի Թեմական Խորհուրդին, ինչպէս նաեւ Մայր Աթոռի Գերագոյն Հոգեւոր Խորհուրդին: Այս երկու հանգամանքները, նաեւ Ձեր՝ փաստաբանի մասնագիտութիւնը ԿԸ ՊԱՐՏԱԴՐԵՆ, որ Դուք կանգնիք արդարութեան եւ ճշմարտութեան կողքին:
Վերջին տարիներուն, մասնաւորաբար վերջին ամիսներուն հնչեցին ու դեռ կը հնչեն տասնեակներով մեղադրանքներ Մայր Աթոռի այսօրուան գահակալին, Արեւմտեան թեմի եւ այլ թեմերու առաջնորդներու, զանազան աստիճանի եւ պաշտօնի «հոգեւորական»ներու մասին, սակայն այդ բոլոր մեղադրանքները Կ’ԱՆՏԵՍՈՒԻՆ, մինչդեռ մեր Եկեղեցւոյ ժողովրդավարական կառոյցը կը պահանջէ հաշուետուութիւն եւ հաշուառութիւն, նման մեղադրանքներու պարագային՝ ՓԱՍՏԵՐՈՒ ԼՈՒՐՋ ՀԵՏԱԶՕՏՈՒԹԻՒՆ եւ ՎՃՌԱՀԱՏՈՒՄ, որոնք ԲՆԱՒ չեն կատարուիր: Ինչո՞ւ, ո՞րն է «արդարացումը» այս անտարբերութեան. փոխանակ վերահսկողութիւն իրականացնելու, այսօր արդեօք կը նախընտրենք կապիկին հռչակաւոր ու դասական երեք դիրքե՞րը՝ չտեսայ, չլսեցի, չեմ ուզեր խօսիլ: Ցաւալի է, յոյժ ցաւալի է այս տխուր փաստը, որ ոչ միայն չի նպաստեր առկայ հարցերու լուծման, այլեւ աւելի ու աւելի կը բարդացնէ իրավիճակը, մեր Եկեղեցին տանելով դէպի յաւելեալ անդամալուծութիւն ու մահացում (Աստուած մի՛ արասցէ): Ատոր փաստացի իրականութիւնն է եկեղեցիներու գրեթէ ամբողջովին պարապութիւնը ոչ-տօնական օրերու Ս. Պատարագներուն:
Մեր Եկեղեցին ունեցած է մեծ Հայրապետներ, որոնք ինքնազոհաբերուած են վասն իրենց հօտի հոգեւոր դաստիարա-կութեան ու հոգեւոր հարստացման: Ցաւօք, այսօրուան մեր «հովիւ»ներուն մեծ մասը ոչ միայն շատ հեռու է բարի ու քաջ հովիւ ըլլալէ, այլեւ ամէն կերպ կը ձգտի թագաւորի նման ապրելու, ինչպէս վերջերս առանց ամչնալու, խորանէն իր քարոզի ատեն յայտարարեց Ռուսիոյ Նիժնի Նովկորոտ քաղաքի չ–քահանան եւ … մնաց անպատիժ, կարծես անոր այդ ամբարտաւան կեցուածքը բնական ըլլար: Այս պարագային անպատժելիութիւնը կ’արտացոլէ այն տխուր փաստը, որ այդ սքեմաւորին նման կը խորհի այսօրուան «հոգեւորական»ներուն մեծ մասը:
Այսու կը դիմեմ Ձեզի, պարոն Կանիմեա՛ն, իբրեւ բազմակի պաշտօնակիր հանգամանք-ներու բերումով բազմակի պատաս-խանատուութիւններ ունեցող անձի, որպէսզի ի վերջոյ ԹԱՓԱՆՑԻԿՈՒԹԻՒՆ ապահովուի Մայր Աթոռի ու անոր թեմերու գործունէութեանց մէջ, մէկ առ մէկ քննուին ՓԱՍՏԵՐՈՎ ներկայացուող մեղադրանքները, մեղաւորները, ընդհուպ մինչեւ Մայր Աթոռի գահակալը, պատժուին եթէ անհերքելիօրէն ապացուցուի անոնց դրժումը իրեց ուխտերուն եւ պատասխանատուութիւնը մեր Եկեղեցւոյ Մայր Աթոռի ու անոր թեմերու այսօր պարզած տխուր իրականութեան մէջ:
Բոլորս պէտք է միշտ յիշենք, թէ կայ նաեւ ՊԱՏՄՈՒԹԵԱՆ ԴԱՏԱՍՏԱՆԸ, որ շատ անողոք է: Դեռ չեմ խօսիր նաեւ Աստուծոյ դատաստանին մասին…
Յարգանքներով՝
Գէորգ Եազըճեան, պատմաբան
Երեւան, 28 ապրիլ 2019

By Appo

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *