ԱԲՕ ՉԱՓԱՐԵԱՆ
Գործադիր Հրատարակիչ եւ Գլխաւոր Խմբագիր՝ «ՀԱՅ ԿԵԱՆՔ»-ի եւ
USA Armenian Lifeի
Մանուկ քհն. Մարգարյան, Արեւմտեան Թեմի հոգեւոր առաջնորդ Արք. Հովնան Տէրտէր-եանի «աջ բազուկ»ն է եւ միաժամանակ՝ Արեւմտեան Թեմի Առաջնորդարանի մեր-օրեայ խօսնակը եւ բանբերը։
Մանուկ քհն. Մարգարյան նաեւ գլխաւոր մեղսակիցն է Արք. Տէրտէրեանին եւ իր որդի՝ Յարութ Մարգարեանի որ վերջերս փորձեցին մեծ բարերարի մը 15 միլիոն տոլարի վնաս հասցնել։
Մանուկ քհն. Մարգարյան 1990-ականներու սկզբին Լոս ԱնՃելոս ժամանած էր որպէս կարգալոյծ (արտաքսուած) քահանայ:
Ամենայն Հայոց Կաթողիկոս Վազգէն Ա-ն 1980-ականներուն Մարգարյան գահանային կարգալոյծ ըրած էր:
Հայաստանի մէջ եկեղեցիէն հեռացուած եւ արտաքսուած, Մանուկ քհն. Մարգարյան տեղափոխուած էր Արեւմտեան ԱՄՆ, փնտրելով նոր հնարաւորութիւններ կամ նոր սկիզբ մը:
Մարգարեան քահանային նոր հնարաւորութիւններ տուող անձը եղած էր Հոլիվուտի Սուրբ Հովհաննու Կարապետ Հայ Առաքելական եկեղեցիի Աւագ Քհն. Վարդան Թադեւոսեանը։
Լոս Անջելոս ժամանելուն պէս, կարգա-զուրկ եւ գործազուրկ Մանուկ Մարգար-յանը թակեց Վարդան Ագ. Ք. Թադեւոս-եանի դուռը, խնդրելով օգնել իրեն: Որպէս բարի սամարացի, Ագ. Քհն. Թադեւոսեանը այդ ժամանակ աշխարհական դարձած Մանուկին իր հովանիին տակ կþառնէ:
Որպէս լաւ, աստուածավախ քրիստոն-եայ, աւագ քահանայ Թադեւոսեանը օգնեց Մանուկին վերականգնելու որպէս քրիս-տոնեայ հայ մարդ մը: Ան նոյնիսկ խնդրեց ուրիշներէ որ Մանուկ քհն.ին օգնեն զանա-զան միջոցներով։
Այդ օրերուն Արեւմտեան թեմի առաջ-նորդը Վաչէ Արք. Յովսէփեանն էր եւ թեմական կեդրոնը կը գտնուէր Հոլիվուտի Սուրբ Հովհաննու Կարապետ եկեղեցւոյ շէնքին մէջ:
Մինչեւ Մանուկին ժամանումը, Աւագ Քհն. Վարդան Թադեւոսեանը Հոլիվուտի մէջ վաստկած էր գրեթէ ամբողջ եկեղե-ցասէր հոտի սէրն ու յարգանքը իր լաւ բնութեան եւ հոգեւորական արժանիք-ներուն շնորհիւ։
Իր եկեղեցիին եւ հոտի սպասարկման պատճառով, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Ամենակալ Վազ-գէն Ա, Հայրապետական Կոնթակ մը հրապարակեց Ա. Քհն. Թադեւոսեանին կոչելով «Քաջ Հովիւ»։
Եկեղեցիին վերականգնումէն բազմա-թիւ ամիսներ ետքն էր որ Մանուկ եկած էր: Ագ.Քհն. Թադեւոսեան որպէս բարեսիրտ մարդ յանձնառու եղաւ նամակ գրելու Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Վազգէն Ա-ին խնդրելով որ կարգազուրկ Մանուկ արժանանայ Նորին Սրբութեան հայրական ներումին:
Վազգէն Ա-ն Ամենայն Հայոց Հայրապետը պատասխանած է ըսելով որ միայն Ագ. Քհն. Թադեւոսեանի խնդրանքին ու Մանուկին իր հսկողութեան ներքոյ վերցնելու խոստումին վրայ հիմնուելով էր, որ Նորին Սրբութիւնը ներում պիտի շնորհէր:
Հայրապետական ներումը, ի վերջոյ, ճանապարհը բացաւ որ Արք. Յովսէփեան վերականգնէ Մանուկին որպէս Մանուկ քհն. Մարգարյան‘ որպէսզի ան ծառայէ Ագ. Քհն. Թադե-ւոսեանի ներքոյ՝ որպէս օգն. հովիւ:
Ցաւալին այն է, որ ոչ թէ ամեն անգամ, բարի գործերը կþարժանա-նան բարի պատասխանի: Կան ան-հատներ, որոնք դժբախտաբար կը հաւատան իրենց էութեան յարմար կարգախօսի, որ՝ «Ոչ մի բարի գործ չպէտք է անպատիժ թողել»։
Որպէս քահանայ վերականգնուելէ կարճ ժամանակ ետք, Ագ. Ք. Թադե-ւոսեան բացայայտեց թէ անհետա-ցած են եկեղեցիէն՝ կանխիկ եկա-մուտներ, որոնք ըստ տեղեկութեանց ապօրինի կերպով կþիւրացնէր Մա-նուկ քհն. որու անմիջական վերա-հսկողութեան տակ եղած են եկեղեցւոյ (cash) կանխիկ եկամուտները:
Ըստ հաւաստի աղբիւրներու, օգնական հովիւ Մանուկի կողմէ ապօրինի գործողութիւններու մասին այդ տեղութիւնները Աւգ. Քհն. Թադեւոսեանին կը փոխանցուէր Թեմական Խորհրդի առաջատար անդամ՝ Ճագ Ալթունեանի կողմէ որ նաեւ Կլենտէյլի Ոստիկանութեան վարչութեան աւագ վերլուծաբան էր:
Մանուկ քահանայի պատճառած կոռուպցիայի մակարդակը զարմանք ու խորունկ մտահոգութիւն յառաջացուցած էր Աւգ. Քհն. Թադեւոսեանի մօտ որ կը շարունակէր ապացոյցներ ներկայացնել Արեւմտեան Թեմի ղեկավարութեան Մանուկի կողմէ եկեղեցական գումարներու ապօրինի իւրացման մասին:
Տարբեր նկարագրումներու համաձայն, երբ պարզուեցաւ, թէ ով էր աղբիւրը, որ բացայայտեց Մանւոկ Քհն.ի կոռումպացուած գործողու-թիւնները, Թեմական Խորհուրդէն ներս Ճագ Ալթունեանի անդամակ-ցութիւնը կտրուկ կերպով կասեցուեցաւ։ Արդեոք այդ կասեցումը յատուկէն կատարուած էր որպէսզի անվերահսկելի մթնոլորտ ստեղծուի ուր Մանուկ քհն. ազատօրէն կը կարողանար ապօրինի իւրացնել եկեղեցւոյ կանխիկ գումարները։
Ալթունեանի անակնկալ հեռանալէ ետք ապօրինի հեռացման թիրախ եղաւ Աւգ. Քհն. Թադեւոսեանը որպէսզի Մանուկ քհն. անարգել իր ապօրինի գոծողութիւնները անկաշկանդ շարունակէ։
Ի վերջոյ ան հասկցաւ որ զինք այդպիսով հեռացուցած են: Պայքարելու փոխարէն, ան ամբողջովին «դեպրեսիայի» մէջ ինկած է եւ վերջոյ կորսնցուցածէ իր առողջութիւնը ու վիշտով հեռացած է այս աշխարհէն:
Երկուշաբթի 2018-ի Դեկտեմբերի 17-ին «ԱՄՆ Հայ Կեանք»ի խմբագրատան մէջ զրոյցի մը ընթացքին, Աւգ. Քհն. Վարդան Տաթեւոսեանի փեսան‘ Գրիգոր Վարդերեսեան, տեղեկացուց որ Աւգ. Քհն. Թադեւոսեան այնքան վիրաւորուած եւ նեղուած էր իրեն հանդէպ այդքան չար եւ անարդար վերաբերմունքէն յանձինս չար ոգի ունեցող մարդոցմէ, որ այդ դէպքերէն ետք, մօտ 10 տարի՝ որեւէ եկեղեցի չի գնաց։ Իր մահէն առաջ յանձնարարած է իր ընտանիքի անդամներուն, որ իր հուղարկաւորութեան ժամանակ չպէտք է թեմական որեւէ մէկին վստահիլ իր թաղման արարողութիւնը:
Այժմ, բազմաթիւ տարիներ ետք հետաքրքիր է, որ Մանուկը եւ իր որդին, Յարութը, դարձած են սերտ զինակիցները Արք. Հովնան Տէրտէրեանին:
Հետաքրքրականը այն է որ երբ Արք. Տէրտէրեան Գանատայէն վրնտուեցաւ եւ հասաւ Արեւմտեան ԱՄՆ ու բազմեցաւ թեմական առաջնորդի աթոռին կարծես ան շատ ուրախացաւ երբ հանդիպեցաւ իր նմանին՝ Մանուկ քհն.ին ու անոր հետ զինակցեցաւ ու նոյիսկ Մանուկի որդիին՝ Յարութին նշանակեց որպէս թեմական գործադիր տնօրէն։ Ու այսպէսով կազմուեցաւ Տէրտէրեան Եռեակը։
Հետաքրքրական է իմանալ, թէ այդ ժամանակուայ Թեմական Խորհրդի Նախագահ Յովսէփ Կանիմեանը եւ փոխ-Նախագահուհի Ատրիէն Գրիգորեան ի՞նչ կը մտածէին եւ ի՞նչ ըրած են այնդիսի զանգուածային կոռուպցիայի մասին, որ Արեւմտյան թեմէն ներս կը կատարուէր իրենց վերահսկողութեան տակ:
Հիմա որ նոր Թեմական Խորհուրդ ընտրուած է անոր հաւանական Նախագահուհին պիտի ըլլայ Փաստաբանուհի Ատրիէն Գրիգորեան։ Արդեոք ան ի՞նչ պիտի ընէ վերացնելու համար զանգուածային կոռուպցիան Արեւմտյան թեմէն ներս:
Արդարացիօրէն ընթերցող հասարակութիւնը կը սպասէ թարմ տեղեկութիւններու։
Ագ. Քհն. Վարդան Թադեւոսեանի յուշերու մատեանէն էջեր կը ներկա-յացուին էջ 2-3-ի վրայ որտեղ յստակօրէն կը բացայայտուի թէ ինպէ՛ս Մանուկ քհն. իր գողութիւնը կը կատարէր երբ դեռեւս ան երիտասարդ էր ու մեր աչքերուն առջեւ կը պարզուի այն խօսքը՝ «Ախորժակը ուտելէն կը բացուի»։

