Հայաստանի պաշտօնական լրահոսը հաղորդեց, որ Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան հեռաձայնային զրոյց ունեցած է Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. վեհափառ հայրապետին հետ: Լրատուութիւնը հիմնուած էր վարչապետին դիմատետրեան գրառումին վրայ, ուր բառացիօրէն կ՛ըսուէր.
«Նրան ներկայացրի Հայաստանում ընթացող գործընթացները` արձանագրելով, որ տեղի են ունենում ժողովրդի, այսինքն` սահմանադրական իշխանութեան ամրապնդման` մասնաւորապէս անկախ եւ անաչառ դատարան ունենալուն ուղղուած գործընթացներ, որոնց էութեան եւ բովանդակութեան մասին կը խօսեմ քիչ անց` նախատեսուած ելոյթում»:
Իր հերթին կաթողիկոսարանի պաշտօնական կայքը կը հաղորդէր հետեւեալը.
«Երկուշաբթի, 20 մայիս 2019-ին, հեռաձայնային զրոյց մը տեղի ունեցաւ Արամ Ա. վեհափառ հայրապետին եւ Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանին միջեւ: Անոնք իրենց մտահոգութիւններն ու տեսակէտները փոխանակեցին` Հայաստանը յուզող ներքին հարցերուն գծով:
Նորին սրբութիւնն ու վարչապետը կարեւորութեամբ շեշտեցին սահմանադրական կարգերը յարգելու եւ Հայաստանը ներքին ցնցումներէ հեռու պահելու հրամայական անհրաժեշտութիւնը»:
Ներհասարակական լարուածութեամբ ստեղծուած ճգնաժամային պահուն կայացած այս խորհրդակցութեան մասին «Ազդակ», քաղելու համար յաւելեալ տեղեկութիւններ, կապ հաստատեց Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան տեղեկատու գրասենեակին հետ, որ փոխանցեց հետեւեալը.
«Հեռաձայնային զրոյցներ պարբերաբար տեղի կ՛ունենան վեհափառին, եւ ինչպէս վարչապետին, այնպէս նաեւ հայրենիքի բարձրաստիճան պաշտօնատարներու հետ: Հրատապութիւն ներկայացնող այս օրակարգին գծով վարչապետն ու վեհափառը ունեցած են միտքի փոխանակումներ, խորհրդակցած` ստեղծուած իրավիճակին եւ շեշտած մանաւանդ առանց ցնցումներու առկայ խնդիրներուն զուտ իրաւական հարթութեան վրայ հանգուցալուծումներ տալու անհրաժեշտութիւնը:
«Վեհափառ հայրապետը իր հերթին ընդգծած է ներհասարակական լարուածութեան եւ ցնցումներու բացառումը, ներազգային համերաշխութեան վերահաստատումը` մերժելով քաղաքական գործիչներու նկատմամբ թէ քաղաքացիներու միջեւ որեւէ բռնութիւն: Երկուստեք կարեւորութեամբ ընդգծուած է բոլոր գործընթացներն ու հարցերու լուծումները իրաւական եւ սահմանադրական հարթութեան վրայ իրականացնելու կարեւորութիւնը»:

By Appo

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *