Հետեւելով վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի 19 մայիսի երեկոյեան ուղղած կոչին` Հայաստանի քաղաքացիներ 20 մայիսի առաւօտուն փակած են դատարաններու շէնքերու մուտքերը, զորս կրկին բանալու կոչ ուղղած է ան քանի մը ժամ ետք, կառավարութեան նիստին իր արտասանած խօսքէն ետք:
Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան յայտարարած է, որ ժողովուրդին վստահութիւնը չվայելող դատական իշխանութեան գործունէութիւնը միշտ ալեկոծումներ կը յառաջացնէ հանրութեան մէջ, ուստի ան սպառած նկատած է դատական համակարգին` ժողովրդային վստահութեան արժանանալու ընթացիկ կարելիութիւնը: Ըստ անոր, արդէն հասած է դատական համակարգին մէջ վիրահատական միջամտութիւններ կատարելու ժամանակը, իսկ այդ նպատակին հասնելու համար ան ներկայացուցած է 5 քայլեր:
Առաջինը` Հայաստանին մէջ գործող բոլոր դատաւորները պէտք է ենթարկուին այսպէս կոչուած vetting-ի: «Այսինքն` հանրութիւնը պէտք է ամբողջական տեղեկատուութիւն ունենայ դատաւորին ունեցած քաղաքական կապերուն ու ծագումնաբանութեան, գոյքային վիճակին, դատաւորին կարգավիճակին եւ նախորդ շրջանին ծաւալած գործունէութեան, անհատական եւ արհեստավարժական յատկանիշներուն մասին», յայտարարած է ան:
Փաշինեանի առաջարկած երկրորդ քայլով` Մարդու իրաւունքներու եւրոպական դատարանի որոշումներով հաստատուած, քաղաքացիներու իրաւունքներու կոպիտ խախտումներով արձակուած դատավճիռներու հեղինակ բոլոր դատաւորները պէտք է հրաժարական տան, հեռանան կամ հեռացուին իրենց պաշտօններէն:
«Երրորդ` բոլոր այն դատաւորները, որոնք ներքուստ գիտեն, որ չեն կրնար ըլլալ անաչառ եւ առարկայական դատաւորներ, պէտք է հրաժարական տան` այդպիսով կարեւոր ծառայութիւն մատուցելով Հայաստանի Հանրապետութեան ու անոր ժողովուրդին», աւելցուցած է վարչապետը:
Ան խօսած է նաեւ անցումային արդարադատութեան գործիքակազմերու ներդրման անհրաժեշտութեան մասին` ըսելով, որ պէտք է մէկ-երկու ամսուան ընթացքին կառավարութիւնը ամփոփէ վերջին եօթը-ութ ամիսներուն այս ուղղութեամբ կատարած աշխատանքը: Ըստ Փաշինեանի առաջարկած 5-րդ կէտին, Ազգային ժողովին մէջ պէտք է տեղի ունենայ օրէնսդրական համապատասխան աշխատանք:
«Եթէ ասոր համար անհրաժեշտ ըլլայ կատարել սահմանադրական փոփոխութիւններ, մենք պէտք է նաեւ այդ քայլը առնենք, եթէ կարիք ըլլայ կատարել համաժողովրդական հանրաքուէով, մենք պէտք է նաեւ նման լուծումներու դիմենք: Այս ամբողջ աշխատանքը, ընդ որում, պէտք է տեղի ունենայ այս ոլորտի միջազգային հեղինակաւոր կազմակերպութիւններուն հետ համագործակցութեան, միջազգային լաւագոյն փորձառութեան եւ Հայաստանի ստանձնած միջազգային պարտաւորութիւններու ծիրին մէջ», դիտել տուած է ան:
Փաշինեանի համաձայն, դատական իշխանութիւնը չունի ժողովուրդին վստահութիւնը, ինչ որ կը նշանակէ, թէ չունի նաեւ
գործելու բաւարար օրինականութիւն, ինչ որ, ըստ գործադիրի ղեկավարին, այսօր արդէն ուղղակի սպառնալիք է երկրի բնականոն կեանքին, կայունութեան ու ազգային անվտանգութեան: Վարչապետը վստահեցուցած է, որ իր ընտրուելէն ետք, առաջին օրէն իսկ պարտաւորուած էր որեւէ միջամտութիւն չկատարել դատական իշխանութեան գործերուն եւ այս պարտաւորութիւնը պահպանել սրբօրէն. «Բայց, միւս կողմէ, ցաւօք չեմ կրնար երաշխաւորել, որ դատական համակարգը չ’ենթարկուիր ստուերային եւ ապօրինի ազդեցութիւններու` հիմնականին մէջ նախկին փտած համակարգին կողմէ, որովհետեւ այդ երկու համակարգերը իրարու կապուած են մարդկային, քաղաքական եւ այլ կապերով», աւելցուցած է վարչապետը:
Ան տեղեկացուցած է, որ առաջադրուած ամբողջ օրակարգը արդէն երկար ժամանակ է կառավարութիւնը կը քննարկէ ՄԱԿ-ի, Եւրոպական խորհուրդի, Եւրոպական Միութեան, ԵԱՀԿ-ի, Միջազգային դրամական ֆոնտին, Համաշխարհային դրամատան ներկայացուցիչներուն հետ: Փաշինեան յոյս յայտնած է, որ միջազգային գործընկերները պիտի կանգնին Հայաստանի կողքին, որովհետեւ, ըստ անոր, կառավարութեան ուզածը խամաճիկային նոր դատական համակարգ մը ունենալը չէ: Վարչապետը մեկնաբանած է նաեւ դատարաններու մուտքերը փակելու իր կոչին նպատակը. «Այս շարժումին առանցքային խորհրդանիշը այն է, որ Հայաստանի մէջ չի կրնար ըլլալ դատական համակարգ, որ չունի ժողովուրդին վստահութիւնը, հակառակ պարագային, նոյնիսկ ամէնէն հիմնաւորուած որոշումը ժողովուրդը պիտի ընկալէ իբրեւ վիրաւորանք, որովհետեւ դատավճիռները կը կայացուին յանուն Հայաստանի Հանրապետութեան, այսինքն` Հայաստանի Հանրապետութեան ժողովուրդին անունով: Եւ այդ վճիռները կրնան կայացնել միայն այնպիսի մարդիկ, որոնք ունին Հայաստանի Հանրապետութեան, այսինքն` ժողովուրդին անունով խօսելու հաստատութենական իրաւունք»:
Նիկոլ Փաշինեան իր խօսքին մէջ նաեւ անդրադարձած է Հայաստան-Արցախ յարաբերութիւններուն` յայտարարելով, որ ատիկա անուղղակի կապ ունի դատաիրաւական բարեփոխումներու հիմնախնդիրներուն հետ: «Ակնյայտ է, որ կան նախկին փտած համակարգը ներկայացնող յստակ ուժեր, որոնք կը փորձեն կեանքի կոչել իրենց կողմէ նախապէս կիրարկուած բանաձեւը, այն է` տարակարծութիւններ, հակասութիւններ եւ նոյնիսկ թշնամանք հրահրել Արցախի եւ Հայաստանի ժողովուրդին միջեւ` «Բաժնէ, որ տիրես» տրամաբանութեամբ, նախկին փուլին իրենց կողմէ եղած փտած յանցագործութիւնները ծածկելու, արդարացնելու նպատակով», դիտել տուած է ան:
«Հակառակ անոր որ բոլորիս համար ակնյայտ է, որ մեր երկրին մէջ գործած համակարգային փտածութենէն Արցախի մեր հայրենակիցները յաճախ աւելի տուժած են, բայց այդ համակարգերու որոշ պաշտօնեաներ կը հաստատեն փտած կապեր Արցախի մէջ` Հայաստանի կառավարութեան եւ անձամբ վարչապետին դէմ ստայօդ քարոզչութիւն կատարելու համար,- նշած է վարչապետը` աւելցնելով,- այս բոլորը վերլուծելով` անոր տակ կը տեսնենք ընդհուպ դաւադիր պատերազմ հրահրելու, անգամ որոշ տարածքներ յանձնելու եւ տեղի ունեցածին պատասխանատուութիւնը Հայաստանի կառավարութեան վրայ դնելու հեռահար նպատակ: Այս իմաստով, ատիկա կը նկատեմ պետական դաւաճանութեան նմանող գործունէութիւն, եւ իբրեւ Արցախի անվտանգութեան երաշխաւորը հանդիսացող Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետ, պատերազմական իրավիճակներուն մէջ զինուած ուժերու գերագոյն հրամանատար, պիտի ձեռնարկեմ ամէնէն կարծր միջոցներուն` այս դաւադիր մտադրութիւնները արմատախիլ ընելու համար»:
Փաշինեան նաեւ նշած է, որ հասած է ժամանակը 2016-ի ապրիլեան պատերազմի հանգամանքները ուսումնասիրող Ազգային ժողովի քննիչ յանձնախումբ ստեղծելու եւ մեզ բոլորս յուզող շարք մը հարցերու պատասխանները ստանալու:
Ամփոփելով խօսքը` Հայաստանի վարչապետը յայտարարած է. «Կոչ կ’ուղղեմ Արցախի մեր ժողովուրդին` միանշանակ եւ աներկբայ «ո՛չ» ըսելու, մերժելու բոլոր այն ուժերը, որոնց գործունէութիւնը ուղղուած է մեր ժողովուրդի երկու հատուածներուն միջեւ հակասութիւններ սերմանելուն: Արցախի ժողովուրդին կոչ կ’ուղղեմ` աջակցելու միայն այն ուժերուն, որոնք հանդէս կու գան Հայաստանի ժողովուրդին եւ անոր օրինական ներկայացուցիչ կառավարութեան աներկբայ աջակցութեամբ»:
