13 Յունիսին, Պոլսոյ «Պիլկի» համալսարանին մէջ գումարուած է աշխատաժողով մը եւ ներկայացուած՝ տեղեկագիր մը, զոր պատրաստած են «Հրանդ Տինք» հիմնադրամը եւ համալսարանի Գաղթականութեան ուսումնասիրութեան կեդրոնը։ Այս տեղեկագիրին մէջ ներկայացուած են Թուրքիոյ մէջ հայաստանցի գաղթականներու հիմնահարցերը։

Հեղինակները ուշադրութիւնը կեդրոնացուցած են յատկապէս փոքրիկներու վրայ։ Ուսումնասիրութիւնը պատրաստելու ընթացքին, կատարուած են հարցախոյզներ՝ 8-11 տարեկան մանուկներու եւ 12-18 տարեկան դեռահասներու։ Ուշագրաւ է, որ թէ՛ մանուկներուն եւ թէ դեռահասներուն մեծամասնութիւնը պատասխանած է, որ լաւ կամ շատ լաւ կը հասկնայ թրքերէն։ 8-11 տարեկան փոքրիկներուն 75 տոկոսը, իսկ 12-18 տարեկան դեռասաներուն 81 տոկոսը ծնած է Հայաստանի մէջ։ Տարիքային երկու խումբերու փոքրիկներն ալ, բացի տնային գործերով զբաղելէ, իրենց ընտանիքներուն օգնելու նպատակով՝ կ՛աշխատին այլ գործեր։ Ընդհանուր առումով, մանուկները եւ դեռահասները գոհ են կեանքի պայմաններէն եւ իրենք զիրենք ապահով կը զգան։

Փոքրիկներուն համար կարեւոր հիմնահարցերէն մէկն է ուսում ստանալու հարցը։ Անոնց մէկ մասը ոչ-պետական վարժարաններու կառավարման մարզին մէջ 2012-ին գործադրութեան դրուած փոփոխութիւններուն շնորհիւ, իբրեւ հիւր աշակերտ ընդունուած են Պոլսոյ հայկական դպրոցները, սակայն այդ աշակերտները պաշտօնապէս չեն արձանագրուած եւ վկայական չեն ստանար։

Զեկուցումին մէջ նշուած է նաեւ, որ Թուրքիոյ մէջ ապրող հայաստանցի գաղթականներու թիւին վերաբերեալ յստակ տուեալներ չկան։ Զանազան պնդումներ կան թիւին մասին՝ 10 հազարէն մինչեւ 70 հազար, սակայն ճիշդ թիւը, ըստ հրապարակուած տեղեկագիրին, 15-20 հազարի միջեւ է։

1990-ականներուն սկսած է Հայաստանէն դէպի Թուրքիա արտագաղթը. հայաստանցիներ նշած են, որ գաղթելու գլխաւոր պատճառներն էին Հայաստանի մէջ անգործութիւնը եւ Թուրքիոյ մէջ աշխատանք գտնելու մտադրութիւնը։

Տեղեկագիրին մէջ շեշտուած է այն հանգամանքը, որ Թուրքիոյ եւ Հայաստանի միջեւ դիւանագիտական յարաբերութիւններու բացակայութիւնը աւելի կը դժուարացնէ հայաստանցի գաղթականներուն արդէն իսկ դժուար կացութիւնը։

By Appo

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *