«Հրանդ Տինք» հիմնարկը կը տեղեկացնէ, թէ Երկուշաբթի, Յունիս 17-ին, հանրութեան առջեւ իր դռները բացաւ «23.5. Հրանդ Տինքի Յիշողութեան Վայր» անունով մկրտուած կեդրոնը:
145 քառակուսի մեթր տարածք ունեցող այս կեդրոնին անունը կու գայ 23 Ապրիլ 1996-ին, «Ակօս» թերթին մէջ լոյս տեսած Տինքի՝ «Ապրիլ 23.5» վերնագիրով յօդուածէն:
Կեդրոնը կը գտնուի «Ակօս» շաբաթաթերթի նախկին գրասենեակին մէջ, որուն շէնքին առջեւ 2007-ին սպաննուած էր Հրանդ Տինք:
Այցելուները կրնան տեսանիւթեր կամ լուսանկարներ դիտել, ձայնագրութիւններ ունկնդրել կամ տպագիր նիւթեր կարդալ, աւելի մօտէն ծանօթանալու համար յայտնի լրագրող-հրապարակախօսին կեանքի զանազան դրուագներուն:
Հոն կը պահուին նաեւ «Ակօս» թերթի մինչեւ 2007-ի բոլոր թիւերը:
Յաւելեալ տեղեկութեանց համար՝ այցելել hrantdink.org կայքը։

By Appo

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *