ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինին նախաձեռնութեամբ՝ Երեւանի մէջ կեանքի կոչուեցաւ սփիւռքահայերու խորհրդատւութեան գրասենեակը:
Գրասենեակին գործառոյթն է՝ խորհրդատուական օգնութիւն տրամադրել հայրենիքի մէջ հաստատուած հայրենակիցներուն, ճիշդ ձեւով ուղղորդել զանոնք՝ զանազան հարցերու լուծման համար։
Գրասենեակը խորհրդատուութիւն կը տրամադրէ Հայաստանի քաղա-քացիութիւն ձեռք բերելու, կեցութեան, վարորդական իրաւունք ստանալու, գրանցման, հայկական բանակին մէջ ծառայելու, նաեւ կրթական, առող-ջապահական, ապահովագրութեան, աշխատանքային, շարժական եւ անշարժ գոյքի արձանագրութեան գծով, նաեւ այլ հարցերու մէջ։
Հարցերու լուծման համար, գրա-սենեակը նաեւ պատրաստ է դիմելու պատկան մարմիններուն եւ կա-ռոյցներուն՝ պաշտօնատար անձերու:
Սփիւռքահայերու խորհրդատւութեան գրասենեակին հասցէն է՝ Հանրապետութեան 30, «Սիմոն Վրացեան» կեդրոն, առաջին յարկ, 16-րդ սենեակ: Կայք՝
www.hayrenatarts.am, «Ֆէյսպուք»ի էջ՝ Հայրենադարձ/ Repat, հեռաձայնի թիւ՝ 094-94-519-119, ե-նամակի հասցէ՝ hayrenatarts@gmail.com։
Գրասենեակը բաց է ամէն օր՝ Երեւանի ժամանակացոյցով 11:00-15:00, բացի Շաբաթ եւ Կիրակի օրերէն:
