Ուքրանահայ Արտեոմ Դալաքեան նախորդ շաբաթավերջին պաշտպանեց արհեստավարժ կռփամարտի աշխարհի ախոյեանի կոչումը` թեթեւագոյն քաշային կարգին մէջ:
Քիեւի մէջ տեղի ունեցած մենամարտին «Տապըլիու. Պի. Էյ.»-ի վարկածով աշխարհի ախոյեանը մենամարտեցաւ թայլանտցի Սարաւութ Թաւորնամի դէմ եւ 10-րդ ռաունտին նաք-աութով յաղթանակ մը արձանագրեց:
31 տարեկան Դալաքեան երրորդ անգամն ըլլալով կը պաշտպանէ փետրուար 2018-ին իր տիրացած տիտղոսը:
