WATCH ON YOUTUBE: https://www.youtube.com/watch?v=u_ud3QBXzWE&feature=youtu.be

Լրագրութիւն կատարեց՝ ՔԱԹՐԻՆ ՃԷՅՄՍ / LA TV
ՑՈՅՑԻ ՎԱՅՐԷՆ՝ ԼՈՍ ԱՆՃԵԼՈՍԻ ԱՐԱՐԱՏ ՏԱՐԵՑՆԵՐՈՒ ՏՈՒՆԷՆ
ՅԱՏՈՒԿ՝ «ՀԱՅ ԿԵԱՆՔ» Շաբաթաթերթին
Mission Hills, CA (Յունիսի 23) – Այս Կիրակի տեղի ունեցաւ Լոս Անճելոսի բողոքի ցոյց «Արարատ Տարեցներու Տունը Արք. Յովնան Տէրտէրեանէն կողմէ գրաւումէն փրկելու առաջադրանքով: Մենք խօսեցանք «ՀԱՅ ԿԵԱՆՔ» Շաբաթաթերթի Գլխ. Խմբագիր Աբօ Չափարեանի հետ իրավիճակի մասին:
Աբօ Չափարեանի ըսաւ. «Այսօրուայ ցոյցի մասին ինծի նախապէս տեղեկացուցին «Արարատ Տարեցներու Տան» զօրակիկցներ: Ինչպէս՝ «Իւ.Էս.Էյ. Արմինիըն Լայֆ»ի եւ «ՀԱՅ ԿԵԱՆՔ» Շաբաթաթերթի բազմաթիւ ընթերցողներ արդեն տեղեակ են, որ այս շաբաթուայ ընթացքին զոյգ շաբաթաթերթերը ներկայացուցած են բացառիկ տեղեկագրական յօդուած մը որ ես պատրաստած էի որպէս հետա-զօտող լրագրող: Տեսէք թէ ինչ կը կատարուի։ Արդեն ամիսներէ ի վեր, «Լոս Անճելոսի Արարատ Տարեցներու Տան» զօրակցողները ինծի կþահազանգէին Արեւմտեան Թեմի Արք. Յովնան Տէրտէր-եանի եւ իր կցորդներու կողմէ կազմակերպութեան հարըս-տութիւններուն իւրացման վե-րաբերեալ մտահոգութիւն-ներու մասին։
Չափարեան շարունակեց. «Արարատ Տան» ներքին շրջա-նակի անդամներու կարծիքով, Տէրտէրեանի շարք կցորդներ արդեն ընտրուած են որպէս անդամներ «Արարատ Տան» Հոգաբարձուներու Խորհուրդի … Այն ինչը որ ստիպած էր «Արարատ Տան» մտահոգուած զօրակիցներուն որ իմ ուշադ-րութեան յանձնեն որպէս հետա-զօտող լրագրող, այն իրողու-թիւնն է որ վերջերս բայայ-տըւած է, որ Արք. Տէրտէրեան եւ իր անմինջական զինակից Փաստաբան Ժոզէֆ Կանիմեան, որ վերջերս նորէն վերընտրուեցաւ «Արարատ Տան» Հոգաբարձուներու Խորհուրդի նախագահ փորձեցած են համոզել «Արարատ Տան» ‘որ Սան Տիեկոյի մօտ գտնուող առաջնորդարանի հողին վրայ «Արարատ Տուն»ը նոր շէնք մը կառուցէ, որ պիտի նմանէր վերջերս կառուցուած Լոս Անճելոսի «Արարատ Տան» մասնաշենքին: Այսպիսով, առաջարկը եղած է՝ նմանատիպ շէնք կառուցել Արեւմտեան Թեմին պատկանող ազատ տարածք-հողամասին վրայ։ Հոգաբարձուներու Խորհուրդի կարեւոր թիւ կազմող անդամներ դէմ քուեարկած են եւ մերժած են այդ գաղափարը: Ի միջի այլոց, Փաստ. Ժոզէֆ Կանիմեան կարեւոր դերակատար մըն է Արք. Տէրտէրեանի Արեւմտեան Թեմի ներքին շրջանակէն ներս, որ մի քանի շաբաթ առաջ Թեմական Խորհուրդի Նախագահ վերընտրուելու իրաւունքը կորսնցուցած էր եւ ուզած էր «տեղաւորուիլ» «Արարատ Տան» Հոգաբարձուներու Խորհուրդի նախագահի աթոռին մէջ։
Չափարեան նաեւ աւելացուց. «Անոնք, որոնք դէմ էին նախագծին, յստակեցուցին, որ շարունակելու են ընդդիմանալ բազմամիլիոն տոլար հաշուող առաջարկին։ Ինչպէս ինծի տեղեկացուցին, «Արարատ Տան» Հոգ. Խորհուրդի անդամները որոշեցին, որ չեն ցանկար կառուցել որեւէ մասնաշէնք ուրիշի հողին վրայ մանաւանդ որ այդ հողը կը գտնուի քաղաքի մը մէջ ուր շատ քիչ թիւով հայեր կան: Անոնք ըսին, որ պարզապէս «իմաստ չունի»: Ես հարցուցի անոնց. «Ոորիշ ի՞նչ նպատակ կը հետապնդէք որպէս «Արարատ Տան» զօրակիցներ»: Անոք ներկայացուցին հետեւեալ առաջադրանքները. Թիւ 1) Ահազանգելու եւ տեղեկացնելու «Արարատ Տան» ընդհանուր անդամութեան եւ հանրութեան‘ Արեւմտեան Թեմի Տէրտէրեանի կցորդներու կողմէ հաւանական գրաւման, Թիւ 2) «Արարատ Տան» ունեցած գումարները կասկածելի դրդապատճառներով անհատներու կողմէ զանգուածային իւրացումի վտանգէն փրկել. Թիւ 3) «Արարատ Տան» անկախութեան պաշտպանութիւնը առաւել խթանել: «Արարատի Տուն»ը հիմնուած է որպէս ոչ-յարանուական, ոչ-դաւանաբանական եւ ոչ-կուսակցական անկողմնակալ կազմակերպութիւն։ Թիւ 4): «Արարատ Տան» ֆինանսական առողջութեան պահպանման համար զգոնութեան ուժեղացում:
«Հայ Կեանք»-ի խմբ. Պր. Չափարեան ամփոփեց. «Արարատ տուն»ը հիմնուած է որպէս լիովին անկախ կազմակերպութիւն եւ փափաքելի չէ որ համայնքի հատուածի մը հանդեպ կողմնակալութիւն ըլլայ: «Արարատ տուն»ը դարձած է Հարաւային Քալիֆոռնիոյ հայութեան գոհարը, եւ շատերը կը փափաքին այդպէս պահել: «Արարատ Տան» շահագրգիռ անդամներու հետ ընդհանուր համայնքը մտահոգուած է այն ամենով, որ կը փորձեն կատարել: Գիտէք, անոնք չեն ուզեր որ «Արարատ Տան»ը կորսնցնէ իր անկախութիւնը: Անոնք զօրաւոր կերպով կþուզեն, որ «Արարատ Տուն»ը անկախ մնայ»։
Համայնքի տարբեր անդամներ վերջերս նաեւ տեղեկացուցին «Հայ կեանք»ի խմբագրութեան, որ մի քանի օր առաջ, Արեւմտեան Թեմի Արք. Տէրտէրեան առաջնորդարան հրաւիրած է, «Արարատ Տան» շարք մը տարեց բնակիչներուն: Տէրտէրեան կերուխումով հիւրասիրած է անոնց։ Ինչպէս աառաջին էջին վրայ երեւցող լուսանկարին մէջ կþերեւայ, «Արարատ Տարեցներու Տունը Արք. Յովնան Տէրտէրեանէն Փրկելու» Կոմիտէի անդամները կը նշեն Բողոքի պաստառի վրայ, որ անոնք մտահոգուած են, թէ ինչու՞ Տէրտէրեան ճաշկերոյթ եւ խնճոյք կը տրամադրէ : Եւ անոնք նոյնպէս անհանգստացած են Արեւմտեան Թեմի Արք. Տէրտէրեանի կցորդներու կողմէ հաւա-նական գաղտնի փորձի վրայ, համոզելու համար, որ տարեցներէն շատերը իրենց ժառանգու-թիւնները սեփական ընտանիքներէն ու զաւակ-ներէն յետս կոչեն եւ զանոնք նուիրեն Արեւմտեան Թեմին կամ անձնապէս Արք. Տէրտէրեանին։ Շատեր նաեւ հարց կուտան՝ եթէ Տէրտէրեան իսկապէս կը սիրէ եւ կը յարգէ մեծահասներուն ապա ինչու՞ միայն մեծահարուստներուն հետ կը շփուի եւ այդպիսի խնճոյքներ կը կազմակերպէ եւ չայցելեր աղքատներուն»:
Եզրափակելով Պր. Չափարեան ըսաւ. «Ես կը փափաքէի բարձրօրէն գնահատել Լոս Անճելոսի «Արարատ Տարեցներու Տան» Հոգաբարձուներու Խորհուրդի անդամներուն մեծամասնութեան բարձր սկզբունքայնութիւնն ու խիզախութիւնը, պարտականութեան գիտացութիւնը, հաւատարմութիւնը եւ ճշտապահութիւնը «Արարատ Տան» հանդեպ, ինչպէս նաեւ իրենց ցուցաբերած բարձրորակութեան եւ քաջութեան դրսեւորման համար, չազդուելու՝ արտաքին ուժերէն, այս պարագային՝ Արեւմտեան Թեմի Արք. Յովնան Տէրտէրեանէն եւ իր հիմնական կցորդ՝ Փաստ. Ժոզէֆ Կանիմեանէն»:
Արդեն իմանալով անոր զարտուղի գործելաձեւին մասին, բազմաթիւ հայեր նաեւ մտահոգ են որ Արեւմտեան Թեմի Արք. Տէրտէրեանը, «Արարատ Տարեցներու Տան» համատեղ շինարարութեան ծրագիրի մը մէջ ներքաշելէ ետք օր մը կրնայ լպիրշօրէն յայտարարել՝ «քանի որ հողին տէրը առաջնորդարանն է նաեւ շէնքը յետ այսու կը պատկանի իրեն։
(Յառաջիկային՝ մանրամասն տեղեկագրութիւն Արք. Տէրտէրեանի վաշխառու եւ կողոպտիչ աշխատելաձեւի վառ օրինակի մասին ուր յստակօրէն կը պարզուի թէ ան ինչպէս համատեղ ձեռնարկի կը հրաւիրէ բարեսիրտ բարերարներու կամ Արարատ Տան նման կազմա-կերպութիւններու գործընկեր դառնալու համատեղ գործառնութեան մը մէջ որպէսզի ի վերջոյ անոնց խաբէ ու կողոպտէ։)

By Appo

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *