Թուրքիոյ խորհրդարանի նախկին պատգամաւոր, ընդդիմադիր գործիչ, քեմալական «Ժողովրդա-հանրապետական կուսակցու-թեան» անդամ Սելինա Տողան Twitter-ի մէջ անդրադարձած է Պոլսոյ մէջ տեղի ունեցած ընտրութիւններուն։
Ան մէջբերած է Պոլսոյ քաղա-քապետ ընտրուած ընդդիմութեան թեկնածու Էքրեմ Իմամօղլուի յետընտրական առաջին ելոյթի խօսքերը եւ շնորհակալութիւն յայտնած վերջինիս, կը փոխանցէ ermenihaber-ը:
Տողան գրած է. «էքրեմ Իմամօղլու կ՛ըսէգ «Այս քաղաքին մէջ փոքրամասնութիւններ չկան: Այս քաղաքին մէջ մենք մեր գիրկը պիտի առնենք բոլորը` յոյները, հայերը, ասորիները, հրեաներըգգգ»։
«Շնորհակալութիւն Իմամօղլուին Պոլսոյ մէջ բազմակարծութիւնը եւ բոլորին ինքնութիւնը կարեւոր համարելու համար»:
Յիշեցնենք, որ Սելինա Տողանը պատգամաւոր ընտրուած է 2015-ին: Ան պոլսահայ համայնքի ազդեցիկ կին գործիչներէն է: Ան այժմ Պոլսոյ հայաշատ Շիշլի թաղամասի աւագանիի անդամ է:

By Appo

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *