WATCH ON YOUTUBE Armenian-language version at: https://www.youtube.com/watch?v=6A39Rkx4jXE&t=150s

Պրն. Եափուջեան – Ողջոյն բարեկամներ, այսօր մեր հիւրը մի հետազօտող-լրագրող է, ով վերջերս հետազօտում է Արեւմտեան Թեմի մեր եկեղեցին: Բարեկամներ, քննադատելը շատ դժուար բան է, բայց դա լրագրողի մաս-նագիտութիւնն է: Մանաւանդ քննադատել այնպիսի կառոյց-ներ, ինչպիսին եկեղեցին է, բայց, ես վստահ եմ, որ հենց լրագրողի պրոֆեսիոնալիզմը, խիղճը եւ ազգասիրութիւնը կայանում է նրանում, որ եթէ տեսնում է որեւէ բան, ինչն արժանի է քննա-դատման, արժանի է ջրի երես դուրս բերելուն, ապա անպայման այդ մասին պիտի խօսի: Այս-օրուայ իմ հիւրը աշխատանք եւ ժամանակ չի խնայել հենց այս ուղղութեամբ աշխատելու հա-մար: Բոլորդ միգուցէ լսած կը լինեք այս պատմութեան մասին, որ արդեն տեւում է մի քանի ամիս: Այդ կապակցութեամբ այսօր հիւր ենք հրաւիրել USA Armenian Life եւ ՀԱՅ ԿԵԱՆՔ շաբաթաթերթերի Գլխ. Խմբագիր Աբօ Չափար-եանին: Բարի էք եկել, պրն. Չափարեան:
Պրն. Չափարեան – Բարի տեսանք: Նախ եւ առաջ շնորհակալութիւն այս հրաւէրի համար:
Պրն. Յափուջեան – Ուզում եմ այստեղից սկսենք. «Հետազօտող-լրագրող» – ի՞նչ է սա նշանակում եւ ինչո՞վ է տարբերուում սովորական լրագրողից, պրն. Չափարեան:
Պրն. Չափարեան – Հետազոտօղ-լրագրողը, երբ որ սխալ ընթացքի մէջ գտնուող եղելութիւններու ականատես կը դառնայ կամ ականատես կը դարձուի սրտացաւ հայորդիներու կողմէ, սրտացաւ ընթերցողներու կողմէ, իր հերթին, նախքան այդ մասին գրելը, իր վրայ պարտականութիւն կþինայ, որ հետազօտէ, փաստէ եւ փաստարկէ, որ այն ինչին, որ ինքը ականատես կը դառնայ ճշմարտութեան կը համապատասխանէ, որպէսզի իր ընթերցողներուն ճշգրիտ տեղեկութիւն փոխանցէ եւ նաեւ ընդհանուր հանրութեան քաջատեղեակ դարձնէ այդ մասին, որոնք կը սպառնան այս կամ այն կազմակերպութեան առողջութեան կամ ազգային շահերուն:
Պրն. Յափուջեան – Դուք Ձեր շաբաթաթերթում բաւական ուժեղ քննադատութեան էք ենթարկում եկեղեցու անդամներին, իրենց վարքն ու բարքը, սկսած կաշառակերութիւնից մինչեւ դրամի լուացում եւ այլն: Ինչպէ՞ս եւ որտեղի՞ց սկսւեց այս հետաքննութիւնը:
Պրն. Չափարեան – Նախ եւ առաջ եկեղեցւոյ բոլոր անդամներուն ուղղված չէ յօդուածներու մէջ ներկայացւած տեղեկութիւնները, այլ ուղղուած է յատկապէս այն աձնաւորութիւններուն, որոնք փաստուած են, որ ձեռնամուխ եղած են կոռումպացւածութեան մէջ։
Պրն. Յափուջեան – Ներողութիւն՝ Ու՞մ կողմից են փաստուած. Ձե՞ր կողմից, թԷ՞ դատարանում, թԷ՞ ինչ-որ ուրիշ կազմակերպութեան կողմից:
Պրն. Չափարեան – Դատարանի կողմէ եւ նաեւ սրտացաւ հայրենակիցներու կողմէ ինձի փոխանցած փաստերու միջոցով:
Պրն. Յափուջեան – Լավ, ինչու՞մն էք Դուք մեղադրում այս կազմակերպութեանն ու նրա անդամներին:
Պրն. Չափարեան – USA Armenian Life եւ ՀԱՅ ԿԵԱՆՔ շաբաթաթերթերի յօդուածներու կիզակէտը այն եղած է, որ բացայայտէ սխալ գործունէութիւնները:
Պրն. Յափուջեան – Ի՞նչ էք բացայայտել:
Պրն. Չափարեան – Օրինակի համար, Արեւմտեան Միացեալ Նահանգներու Թեմական Առաջնորդարանէն ներս, ամբողջ թեմական առաջնորդութեան պատմութեան ընթացքին 1920-ական թուականներէն մինչեւ օրս, միայն վերջին 15-16 տարիներու ընթացքին է, որ այսպիսի սուր կոռումպացուածութեան եւ նեպոտիզմի, այսինքն՝ ԽԾԲ-ութեան, կաշառակերութեան եւ նաեւ ստախօսութեան, եկեղեցականին եւ հոգեւորականին ոչ-հարիր պահուածքի հետ կապուած փաստեր ներկայացնել:
Պրն. Յափուջեան – Կոնկրետ անուն կարող է՞ք տալ:
Պրն. Չափարեան – Այո, դժբախտաբար, անունները պետք է յստակ կերպով նշենք.. Արքեպիսկոպոս Յովնան Տէրտէրեանի օրոք է, որ Արեւմտեան Միացեալ Նահանգներու Թեմական Առաջնորդութիւնը այսպիսի տխուր օրեր կþապրի: Եւ իմ յօդուածները չեն միտիր քննադատելու, անոնք կը միտին բացայայտելու ճշմարտութիւնը:
Պրն. Յափուջեան – Ուզում եմ տեղեկացնել, որ ես այսօր անձամբ զանգահարել եմ պրն. Յովնան Սրբազանին եւ քանի որ մենք բազմաթիւ զանգեր ենք ստանում այս նիւթի վերաբերեալ, հրաւիրեցի նրան այստեղ, որպեսզի նա էլ կարողանայ այս հարցերի շուրջ խօսել եւ պատասխանել հարցերին: Բայց յարգարժան Սրբազանը ասաց, որ չի կարող գալ, շատ զբաղուած է, երբ որ ժամանակ կþունենայ, նա կը զանգահարի եւ մենք իհարկէ նրան հաճոյքով կþընդունենք: Այնպէս որ մենք կը լսենք նաեւ գործի երկրորդ կողմը, երբ Սրբազանը բարեհաճի այստեղ ներկայ լինել: Խնդրեմ, շարունակեք։
Պրն. Չափարեան – Առնենք նորագոյն ժամանակաշրջանը. 2014 թ. հին ամերիկահայերը, որոնք սկսած են Հայ Եկեղեցւոյ Բարեկարգման շարժումը Միացեալ Նահանգներու Արեւմտեան շրջանէն ներս, եւ նաեւ այդ շարժումը կը շարունակուի մինչեւ այսօր, կը միտի քննադատել Արք. Յովնան Տէրտէրեանին անարդար կերպով եւ անտեղի կերպով, իր լիազօրութեան սահմաններէն դուրս գալով, որովհետեւ ինքը միայն հոգեւոր առաջնորդ է։ Չմոռնանք. Հայ Առաքելական Եկեղեցին միակ քրիստոնէական կառոյցն է աշխարհով մէկ, որտեղ ժողովրդավարութիւն կայ, եւ որտեղ աշխարհականները իրենց խօսքը ըսելու իրաւունք ունին: Օրինակի համար, Առաջնորդարանը կը կառավարուի Թեմական Խորհուրդի կողմէ, եւ Թեմական Խորհուրդի անդամներու խոշոր մասը աշխարհականներ են, եւ նաեւ թեմական իւրաքանչիւր եկեղեցւոյ ծխական խուրհուրդը կը կառավարէ եկեղեցւոյ առօրեան, ինչպէս նաեւ իրենց լիազօրութիւնն է հոգեւոր հովիւին ընդունին կամ արձակեն: Այս պարագային, 2016թ-ին տխրահռչակ պատմութիւն մը կար, որ Սան Տիեկոյի մէջ եղաւ. Տաթեւ Թաթուլեան Քահանան, որ շատ սիրուած հոգեւոր հովիւ մըն էր այդ ծուխէն ներս, հակառակ իր 70 տարեկան տարիքին, աշխոյժ, կայտառ ու լիապէս իր պաշտօնն կը կատարէր, եւ քանի որ կոռումպացուածութեան դէմ անձ մըն էր Արք. Յովնան Տէրտէրեան հազար ու մէկ «օյինբազութիւններու» միջոցով իր պաշտօնի լիազօրութիւններէն դուրս՝ միակողմանի որոշում տուաւ եւ քահանային պաշտօնազրկեց]– անցնելով իր լիազօրութիւններու սահմանները: Ուրեմն, այս պատճառ եղաւ, որ աւելի սաստկանայ իր դէմ պայքարը, յատկապէս հին ամերիկահայերու շրջանակին կողմէ, եւ վերջերս ալ բոլոր հայերու կողմէ, որոնք սրտացաւ են, որովհետեւ, չմոռնանք, որ դասական Սփիւռքը իր ինքնութիւնը կրցած է պահպանել, ինչպէս եւ մեր հայրենի ժողովուրդը, եկեղեցւոյ եւ իր ազգային դաստիարակութեան շնորհիւ:
Պրն. Յափուջեան – Պրն. Չափարեան, ես հետազօտող-լրագրող չեմ, բայց ես էլ տեսնում եմ, թէ մեր հոգեւոր հայրերից ոմանք ինչ մեքենաներ են վարում, ինչ ցոփ ու շվայտ կեանքով են ապրում: Ես դա տեսնում եմ, եւ դա ինձ դուր չի գալիս, բայց ես]– ի տարբերութիւն Ձեզ, չեմ կարող փաստել, որ ահա այս մարդը… երբ հարցնում ես, ասում են նվեր են տվել… բայց սա յանցանք չէ դեռ: Բայց այն, ինչ դուք էք ասում]– դրամ լուանալը, կաշառակերութիւնը.. սրանք արդեն բաւական լուրջ մեղադրանքներ են ցանկացած մարդու հանդէպ: Հիմա ես կþուզէի, որ դուք աւելի մանրամասն խօսէիք այդ մասին. Որտե^– ղ է երեւում այդ կաշառակերութիւնը, ինչո^–վ կարող էք դա փաստել: Համոզէք մեզ:
Պրն. Չափարեան – Տեսէք, քանի որ ժամանակի սաստիկ սահմանափակում կայ, եւ եթէ նոյնիսկ ինծի օրական մէկ ժամ շաբաթը եօթ օր հրաւիրէք շատ դժուար պիտի ըլլայ բոլոր փաստերը ներկայացնել քանի որ անոնք բազմակեղմանի եւ բազմաշերտ են։ Հետեւաբար, հիմա՝ միայն մէկ օրինակ մը բերեմ։ Ամենաթարմը, որ մեր լոսանճելասահայութեան մորթին վրայ զգացինք բոլորս ալ: Անկախ նրանից, թէ ամիսներէ, տարիներէ ի վեր քանի քանի յօդուածներ հրատարակած ենք USA Armenian Life եւ ՀԱՅ ԿԵԱՆՔ-ին մէջ, բարեբախտաբար, հերթական զոհը, այս պարագային, յանձինս պրն. Պետրոս Տաղլեանի, ան բարձրաձայնեց իր դէմ եղած խոշոր անարդարութեան մասին:
Պրն. Յափուջեան – Ֆինանսական անարդարութեան մասի՞ն է խօսքը:
Պրն. Չափարեան – Ոչ միայն ֆինանսական, այլ նաեւ խաբեութիւն կար սրա մէջ: Պրն. Տաղլեանը տարիներ ի վեր եղած է Հայաստանեաց Առաքելական եկեղեցւոյ զորակից եւ նուիրատու, եւ զինքը թակարդն նետած են, երբ հրաւիրած են ֆինանսապէս վատ վիճակի մէջ գտնուող Հոլիւուտի Սբ. Յովհաննու Կարապետ եկեղեցիին օգնելու համար: Արք. Յովնան Տէրտէրեանի կցորդը]– Մանուկ քահանայ Մարգարեանը դատարանի կողմէ ստախօս յայտարարուեցաւ, Քալիֆոռնիոյ գերագոյն դատարանին մէջ։
Վերադարձ՝ կարճ դադարէ ետք։
Պրն. Յափուջեան – Ձեր թերթում խօսւում է Մերուժան Հարթենեանի սպանութեան մասին, որը Դուք կապում էք էլի եկեղեցւոյ հետ:
Պրն. Չափարեան – Ես չեմ կապում, ես փաստերը կը ներկայացնեմ: Որպէս հետազօտող-լրագրող իմ պարտականութիւնը միայն փաստերը ներկայացնելն է: Այստեղ փաստն այն է , որ պրն. Հարթենեանը նախքան իր սպանութիւնը, վերջին մի քանի տարիներու ընթացքին արդեն բռնուած էր հանցագործութեան վրայ Քօլումպիայէն կոկաինի մաքսանենգութեան մէջ Հունաստանի ոստիկանութիւնը եւ Ամերիկայի ֆեդերալ կառավարութեան Drug Enforcement Agency-ն զինքը արգելափակած էին, եւ կը շարունակուէր այդ դատարավարութիւնը: Միեւնոյն ժամանակ Գարեգին II Չկաթողիկոսը զինքը նշանակած էր Հունաստանի Հայաստանեայց Առաքելական եկեղեցւոյ Թեմական Խորհուրդի անդամ եւ, նախքան իր սպանութիւնը՝ պաշտօնի բարձրացրացում՝ որպէս Թեմական Խորհուրդի նախագահ:
Պրն. Յափուջեան – Ի՞նչ էր արել, որ պաշտօնը բարձրացրել էին:
Պրն. Չափարեան – Շատ լաւ հարցում էր: Արդեն տարիներ ի վեր շատ համառ տեղեկութիւններ շրջանառութեան մէջ դրուած են, որ Գարեգին II Չկաթողիկոսը դրամի լուացման եւ, արար աշխարհը գիտէ, որ ինքը փողասէր մարդ է, նաեւ կնամոլ է: Իհարկէ կնամոլ ըլլալը որեւէ անհատ տղամարդու իրաւունքն է, բայց երբ կուսակրօն քահանայ կը դառնաս, իրաւունք չունիս կնոջ կամ որեւէ մէկու, կամ անասունի հետ կապ ունենաս:
Պրն. Յափուջեան – Հարթենեանը սպանուեց Հունաստանում. Ե՞րբ էր դա:
Պրն. Չափարեան – Յունիսի 3-ին, եթէ չեմ սխալուիր:
Պրն. Յափուջեան – Ո՞վ է սպանել նրան:
Պրն. Չափարեան – Այդ մասին տեղեկութիւնները ստոյգ չեն, չեմ կրնալ այդ մասին խօսիլ: Ինչպէս որ լուսանկարներու մէջ կը տեսնէք, Հարթենեանը նաեւ սերտ կապ ունի Պոլսոյ Աթեշեան Չարքեպիսկոպոսի հետ, որ անարդար կերպով Կոստանտնուպոլսոյ Պատրիարքութեան աթոռը կը զբաղեցնէ, եւ Աթեշեան կոչեցյալը ինքն ալ սերտ կապերու մէջ է ՀԱՅՈՑ ՑԵՂՍՊԱՆՈՒԹԻՒՆԸ ԳՈՐԾԱԴՐԱԾ թրքական «Գորշ Գայլերու» հետ, նոյնպէս եւ Թուրքիոյ ներկայ նախագահ Էրդողանի հետ, ինչպէս նաեւ թրքական «Գորշ Գայլերու» ղեկավարը վերջերս յայտնուած է նաեւ Երեւանի մէջ (թերթի մէջ նկարին մէջ կը տեսնէք Աթեշեանը Գարեգին II-ի հետ, Էրտօղանի հետ, Յովնան Տէրտէրեանի հետ): Ի միջիայլոց, Աթեշեանը եւ Տէրտէրեանը մեղսակիցներ են թրքական տխրահռչակ Արձանագրութիւններու առթիւ, որ հայավնաս եւ հայաստանավնաս Արձանագրութիւններ էին, որ կը միտէր Հայաստանին եւ Սփիւռքին վնաս տալու եւ հայոց հողային տարածքներու պահանջը կորցնցնելու: Սա ազգային դավաճանութիւ՞ն է , թէ՞ չէ:
Պրն. Յափուջեան – Եթէ ձեր ասածը համապատասխանում է իրականութեանը, ուրեմն՝ այո:
Պրն. Չափարեան – Եթէ Արք. Տէրտէրեանը կþուզէ անձամբ ներկայ ըլլալ, ես ալ անձամբ ներկայ կþըլլամ եւ դէմ առ դէմ խօսինք այս խնդիրներուն մասին։ Ես պատրաստ եմ:
Պրն. Յափուջեան – Հաճոյքով: Մենք ուզում ենք, երկու կողմին լսել, որովհետեւ այստեղ խնդիրը ճշմարտութիւնը դուրս բերելն է:
Պրն. Չափարեան – Իր մերձաւորներուն իրեն մօտ պահելու համար, կը փորձէ իրենց հասկացնել, որ ինծի պիտի դատարան տանի: Թող տանի դատարան: Երանի դատարան տանի: Աւելի լավ է ինծի դատարան տանի, քան թե ապամարդկային ձեւով երեք տղամարդ ուղարկէ, ովքեր Առաջնորդարանէն դուրս գալով]– Դեկտեմբերի 23-ին իմ դէմ մահուան սպառնալիք կարդացին:
Պրն. Յափուջեան – Ձեզ մահուան սպառնալիք են կարդացել: Այդ մասին տեղեկացրե՞լ էք ոստիկանութեանը:
Պրն. Չափարեան – Այո, տեղեկացրել եմ, եւ Բրբանքի ոստիկանական վարչութեան, ինչպէս եւ Կլենտէյլի ոստիկանութեան, նաեւ ԱՄՆ-ի Ֆեդերալ Կառավարութեան Վերատեսուչ մարմինները սերտօրէն կը հետեւին եւ արդեն թղթապանակներ բացած են զանազան խնդիրներու վերաբերեալ, եւ գործը ընթացքի մէջ է:
Պրն. Յափուջեան – Պրն. Չափարեան, Դուք հետազօտող-լրագրող էք, եւ հիմա այս աշխատանքն էք անում կոնկրետ եկեղեցու վերաբերեալ եւ ուզում էք հասնել ինչի՞: Ե՞րբ կþասէք, որ ՁԷր ժուռնալիստական աշխատանքը կատարուել է, երբ արդիւնքում ի՞նչ լինի:
Պրն. Չափարեան – Ես կրնամ ըսել, որ արդեն իմ առաքելութեան լիակատար իրագործման ականատես եմ, որովհետեւ փաստն այն է, որ բազմահազար, սրտացաւ հայեր արդեն տեղեակ են։ Չմոռնանք, որ USA Armenian Life-ը բացի հազարաւոր օրինակներու տպագիր տարբերակը փոստով ուղարկելէ եւ հայկական խանութներու մէջ բաժանելէ, նաեւ USA Armenian Life-ը եւ ՀԱՅ ԿԵԱՆՔ-ը ունին ինտերնետային E-BLAST-ի սիստեմ, որ 180,000 e-mail հասցեներու կþուղարկուի, եւ ֆեյսբուքեան էջը ունի աւելի քան 25.000 հետեւոր: Եթէ այցելէք, կը տեսնէք, որ բազմաթիւ յօդուածներ հարիւրաւոր, հազարաւոր մարդիկ կը կարդան: Ուրեմն, իմ ժուռնալիստական առաքելութիւնը ես կը խորհիմ, որ իր նպատակին հասած է, բայց այնպէս կը ստացուի, որ օրը նոր, տեղեկութիւնները]– նոր: Օրինակ, վերջերս լուր չունէի այդքան մանրամասն, «Արարատ տարէցներու տուն»ը կայ Լոս Անջելեսի մէջ, որ բոլորովին անկախ կազմակերպութիւն մըն է, ոչ մէկ կուսակցութեան չի պատկանիր, ոչ մէկ եկեղեցւոյ չի պատկանիր, հիմնադիրները մեծամասամբ Ավետարանական հին ամերիկահայեր եղած են, ներառեալ]– հանգուցեալ կառավարիչ Տէօքմեճեանը եւ իրեն հետեւորդները: Ուրեմն, ինծի վերջերս այնտեղէն տեղեկութիւն փոխանցեցին, որ Յովնան Արքեպիսկոպոսը իր կցորդներուն հետ ներթափանցած է խնամակալ մարմինէ նէրս եւ առաջարկութիւն ներկայացուցած է իրենց, որ Սան Տիեկոյի շրջանի մէջ թեմական առաջնորդութեանը պատկանող դատարկ հողատարածքի վրայ Ararat Home-ը միլիոնաւոր տոլարներու ներդրումներ կատարէ եւ իրենց այստեղի շէնքի նման համանման շէնք մը կառուցէ: Եւ, ի պատիւ Ararat Home-ի խնամակալ անդամներու կարեւոր մասի, իրենց պարտականութիւնները կատարելով, մերժած են Արք. Տէրտէրեանին եւ իր գլխաւոր կցորդ Փաստ. Ժոզէֆ Կանիմեանի, որ վերջերս, մինչեւ մի քանի շաբաթ առաջ Արեւմտեան Թեմի Առաջնորդարանի Թեմական Խորհուրդի ղեկավարն էր: Եւ հիմա, այս տարի ան վերընտրուեցաւ «Արարատ Տարեցներու Տան» խորհուրդի ղեկավար եւ իր հետ նաեւ վերընտրուեցան Արք. Տէրտէրեանի կցորդներ: Այս պահիս անոնց անունները պիտի չի տամ, բայց յետագային ինչպէս Ararat Home-ի ներքին շրջանակէն ինծի ըսին, եթէ պէտք ըլլայ իրենք պէտք է շրջանառութեան մէջ դնեն այդ մեղսակիցներու անունները, եթէ փորձեն Ararat Home-ի հարստութեան տիրանալ, հակառակ նրան, որ Ararat Home-ը չի պատկանիր որեւէ թեմական առաջնորդութէան]– ներառեալ Կիլիկեան առաջնորդութեան, Էջմիածնի առաջնորդութեան, ոչ մէկին: Ararat Home-ի հիմնադիր հայրերը եւ մայրերը պայքարած են, որ ստեղծեն տարեցների տուն մը, առանց խտրականութեան՝ սէր, խնամք եւ յարգանք տածէ մեր տարեցներու նկատմամբ:
Պրն. Յափուջեան – Պրն. Չափարեան, նրանք բացի Ձեր նկատմամբ մահուան սպառնալիք հնչեցնելուց, նաեւ այլ կերպ են հանդէս գալիս]– յօդուածներ են գրում, ծաղրանկարներ անում, այսինքն փորձում են հակազդել Ձեր հետազօտող-լրագրութեանը: Դրան ինչպէ^–ս էք նայում:
Պրն. Չափարեան – Ես կը թողնեմ ժողովուրդի դատողութեանը, որովհետեւ մեր ժողովուրդը իրապէս խելացի, իմաստուն ժողովուրդ է, եւ բարձր կը գնահատէ ճշմարտութիւնը։
Եւ իրենց խեղկատակութիւնները իմ վրայ չեն ազդեր: Ես կþուզեմ ինքս ինձ նմանեցնել հայկական պահապան գամփռին, ի վերջոյ մամուլը պահապան գամփռի կերպարը ունի։ Այդ տարրերը շնիկի նկար դրած էին, բայց վնաս չունի: Ժողովուրդը գիտէ, թէ ով գամփռ է, ով]– շնիկ:
Պրն. Յափուջեան – Բայց մի կողմից էլ դա Ձեզ չի՞ յուշում, որ դուք իրենց ցաւոտ տեղին էք խփել, մատը դրել էք ճիշտ տեղի վրայ:
Պրն. Չափարեան – Շատ լաւ հարցում էր: Ես Դեկտեմբերի սկիզբը, երբ յօդուածներ գրելու նոր շրջան սկսայ, նպատակ չունէի, որ այդ յօդուածագրութիւնները շարունակէի այսքան ամիսներու երկարութեամբ, բայց երբ այդ մահուան սպառնալիքը եկաւ, եւ ես այդ մասին բարձրաձայնեցի եւ մեր հայրենակիցները տեղեակ դարձան, բոլորս սկսանք միմեանց հետ խօսիլ, թէ՝ արդեոք ի՞նչ կայ սրա տակ, որ լուրջի առած են եւ մահուան սպառնալիք կը կարդան հետազօտող-լրագրողի մը դէմ: Թող երթան մահուան սպառնալիք կարդան ամբողջ հայ ժողովրդին, որովհետեւ հայ ժողովուրդը հազարաւոր թուաքանակով կը պահանջէ Հայաստանեաց Առաքելական եկեղեցւոյ բարեկարգումը եւ ազատումը կոռումպացուած եւ նեխած հոգեւոր ղեկավարներու ձեռքէն, յանձինս Արք. Տէրտէրեանի, Մոսկուայի Եզրասի եւ Էջմիածնի Գարեգին Բ-ի: Աւելի լաւ է խեղկատակ-վիդեոյէն եւ մահուան սպառնալիք կարդալէն։ Թող քաղաքակիրթ կերպով ինծի դատարան տանին: Եւ եթէ իմ գրած եւ արտայայտած խօսքերը ճշմարտութեան չեն համապատասխաներ, դատարանի մէջ ես կþենթարկուիմ տուգանքի։ Ամերիկայի օրէնքը հզօր օրէնք է, կուտայ խօսքի ազատութիւն, բայց ոչ թէ անհատի մը ստաբանութեան զոհ դարձնելու իրաւունք:
Պրն. Յափուջեան – Շնորհակալութիւն, Պրն. Չափարեան, ես Ձեզ շնորհաւորում եմ Ձեր հետազօտող-լրագրողի աշխատանքի համար, միշտ եղէք հետազօտող ցանկացած հարցում եւ անվախ, ինչպէս էք մինչեւ հիմա:
Պրն. Չափարեան – Շնորհակալութիւն։ Այս առիթէն օգտւոելով, ես գնահատանքի խօսք ըսել Ararat Home-ի բոլոր այն ադամներուն, որոնք սկզբունքային ուժեղ կեցուածք որդեգրեցին, ես իրենց կþուզեմ շնորհաւորել բազմաթիւ ընթերցողներու կողմէ, որոնք կարդացած էին այդ յօդուածը, որ իրենք հակազդեցութիւն տուած են եւ հակառակ կեցած են Յովնան Արքեպիսկոպոսի այդ խարդախ կամ ոչ հեռանկարային առաջարկութեան դէմ կանգնելով եւ պաշտպանելով Ararat Home-ի գերագոյն շահերը:
Պրն. Յափուջեան – Կրկին անգամ ուզում եմ դիմել Յովնան Սրբազանին, (հեռուսանկարահանման գործիքի միջոցով Արք. Տէրտէրեանին ուղելով իր խօսքը.) երբ որ Դուք ժամանակ կ՛ունենաք, գաք այստեղ եւ մէնք Ձեզ ժամանակ կը տրամադրենք, Դուք էլ կը յայտնէք Ձէր կարծիքը:
Պրն.Չափարեան – Միայն մեկ բան. Եթէ ան ոչ-ճշմարտութեան հիման վրա արտայայտութիւն ունենայ, ես իրաւունք պիտի ունենա՞մ հակադարձելու: Սա կարեւոր է։
Պրն. Յափուջեան – Անշուշտ: Բոլորն էլ ձայնի իրաւունք ունեն, եւ պէտք է յայտնեն իրենց տեսակէտը: Եւ մեր աշխատանքը կայանում է նրանում, որ մենք խօսեցնենք, եւ թող ժողովուրդը որոշի, թե որն է ճիշտ ու որը՝ սխալ:
Պրն.Չափարեան – Շատ ճիշտ։ Գերագոյն դատաւորը ժողովուրդն է:

By Appo

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *