Արցախի Հանրապետութեան մարդու իրաւունքներու պաշտպան Արտակ Բեգլարեան 29 յունիսին Լոս Անճելըսի մէջ մասնակցած է Միացեալ Նահանգներու Հայ իրաւաբաններու միութեան 30-րդ տարեկան համաժողովինելոյթ ունենալով «Արցախի բնակիչներու իրաւունքներու խախտումներու եւ սահմանափակութիւններու արտաքին պատճառները» նիւթով:
Ան նախ ներկայացուցած է մարդու իրաւունքներու պաշտպանի հիմնական գործառոյթներն ու աշխատանքային ուղղութիւնները: Բեգլարեան ընդգծած է, որ, բացի ներքին խնդիրներէ, Արցախի բնակիչները յաճախակի կերպով կը բախին մարդու իրաւունքներու խախտումներու եւ սահմանափակումներու, ազրպէյճանական հետապնդումներու, եւ այս բոլորը այն պատճառով, որ Արցախ միջազգայնօրէն չէ ճանչցուած:
Պաշտպանը մասնաւորաբար անդրադարձած է ազատ տեղաշարժի, հաղորդակցութեան, տնտեսական զարգացման եւ շարք մը այլ իրաւունքներու խախտման օրինակներուն, ներառեալ
օդակայանի, ջրային պաշարներու միացեալ կառավարման, քաղաքացիական փաստաթուղթերու ճանաչելիութեան, ներդրողներու նկատմամբ իրականացուող հետապնդումներու վերաբերող: Ան ընդգծած է, որ նմանատիպ խնդիրները պատճառ կը դառնան արցախցիներու իրաւունքներու համակարգային խախտումներու, որոնց վերացման ուղղութեամբ միջազգային հանրութիւնը պարտաւորութիւն ունի կատարելիք:
Ա. Բեգլարեան կարեւոր նկատած է մարդու իրաւունքներու համընդհանրութեան սկզբունքի պատշաճ կիրարկումը, յատկապէս չճանչցուած պետութիւններու բնակիչներուն նկատմամբ, քանի որ անոնք մեծապէս խոցելի են առկայ մարտահրաւէրներուն դէմ յանդիման:
Նշենք, որ Քալիֆորնիա աշխատանքային այցելութիւնը կազմակերպուած է Հայաստանի մարդու իրաւունքներու պաշտպան Արման Թաթոյեանի հետ միասին` Միացեալ Նահանգներու Հայ իրաւաբաններու միութեան նախաձեռնութեամբ:
