Պոլսոյ Հայոց պատրիարքարանին մէջ տեղի ունեցած ընտրութիւններու արդիւնքով տեղապահ ընտրուեցաւ Սահակ եպիսկոպոս Մաշալեան:
Այս մասին կը յայտնէ «Ակօս»-ի ֆէյսպուքեան էջը:
Պոլսոյ Հայոց պատրիարքարանին մէջ Յուլիս 4-ին տեղի ունեցած է պատրիարքի տեղապահի ընտրութիւն: Երկու թեկնածուներն էին Արամ արքեպիսկոպոս Աթէշեան եւ Սահակ եպիսկոպոս Մաշալեան: «Ակօս»-ի հրապարակած տեղեկատւութեան համաձայնՄաշալեան ստացած է 13, իսկ Աթէշեան 11 ձայն:
2019-ի Մարտ 8-ին պատրիարք Մութաֆեանի մահէն ետք սկսած է գործընթաց, որ պէտք է աւարտի նոր պատրիարքի ընտրութիւններով: Յունիս 18-ին Կ.Պոլսի Հայոց պատրիարքութեան Կրօնական ժողովի որոշումով պատրիարքի տեղապահի ընտրութիւններու օր նշանակուած էր Յունիս 27-ը: Սակայն, Պոլսոյ նահանգապետարանէն ուղարկուած գրութեան համաձայն ընտրութիւնները յետաձգուեցան մինչեւ Յուլիս 4:

By Appo

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *