ԱԲՕ ՉԱՓԱՐԵԱՆ
Գործադիր Հրատարակիչ եւ Գլխաւոր Խմբագիր՝ «ՀԱՅ ԿԵԱՆՔ»-ի եւ
USA Armenian Lifeի

Յարութ Հալլաճեանը երկար ժամանակ՝ աւելի քան քառասուն տարի ներկայութիւն եղած է Լոս Անճելոսի սնունդի մատակարարման շրջանա-կէն ներս: Ան յաջողութեամբ կառավարած է Լոս Անջելեսի մէջ սնունդի մատակարարման հիւրա-սըրահներ, մինչեւ որ Պր. Հալլաճեան եւ իր գործընկերը, մեծ բարերար եւ Առաջնորդարանի Գրադարանի հովանաւոր` Յարութ Աղա Սար-գիսեան, հրաւիրուեցան 2000-ի սկիզբին, Արեւ-մըտեան Թեմի Առաջնորդ Արք. Վաչէ Յովսէփ-եանի կողմէ, օգնելու համար Արեւմտեան Թեմի Գալայճեան սրահի խոհանոցի շինարարութ-եան եւ այլ վերանորոգման կարիքներուն մէջ:
2003-ին Թեմական Խորհուրդի անունէն՝ Արք. Յովսէփեան Արեւմտեան Թեմի Գալայճեան սրահէն ներս, Պր. Հալլաճեանին եւ Պր. Աղա Սարգիսեանին երկարատեւ վարձակա-լութեան պայմանագիր տուաւ իրենց Alavjian Catering-ի ընկերութեան կողմէ գործածութեան համար:
Թեմական Խորհուրդի կողմէ Արք. Յովսէփեան գործընկերներուն շնորհեց երկարաժամ վարձակալութեան պայմանագիր որու համաձայն‘ Alavjian Catering
1) իր հաշւին պէտք է ստեղծէր եւ կառուցէր նոր խոհանոց,
2) խոհանոցը եւ սրահը օգտագործման դնէր բանեցնելու համար Alavjian Catering-ի բիզնեսը,
3) $16,000 / ամիսը վարձավճար վճարէր։ Վարձակալութեան ստորագրումէն յետոյ Պր. Հալլաճեան եւ Պր. Աղա Սարգիսեան կառու-ցեցին խոհանոցը եւ ամսական վարձքը վճարեցին ճիշտ ժամանակին, հակառակ այն փաստին որ մինչեւ 2004-ի կէսը եկամուտ չունեցան:
Նախատեսուած էր, որ մօտ կէս միլիոն տոլարի սկզբնական ֆինանսական ներդրումը կատարուի գործընկերներու կողմէ: Գործընկերներու լրացուցիչ կորուստները կատարուած են նախնական տարուայ ծախսերու հետեւանքով եւ կորուստները հասած են շուրջ մէկ միլիոն տոլարի:
Այն ժամանակ, երբ ընկերութիւնը նորապէս սկսած էր շահոյթաբեր դառնալ, եւ գործընկերները հազիւ թէ սկսած էին աստիճանաբար վերա-կանգնել իրենց կորուստները, կուսակրօն ուխտ ընդունած սակայն գործարարութեամբ զբաղուող նորելուկ գործարար դարձած Արք. Յովնան Տէրտէրեան միակողմանիօրէն եւ առանց որեւէ արդարացման փոխած է դահլիճի եւ խոհանոցի դռներուն բանալիները, խոչընդոտելով գործընկերներուն մուտքը առաջնորդարանի իրենց օրինական առեւտրային տարածքէն ներս:
2004-ի կէսերուն Ուրբաթ օր մը, երբ պր. Հալլաճեան եկաւ առաջ-նորդարան, ան դիմաւորուեցաւ հանգուցեալ Քհն. Դաւիթ Զելվեյանի կողմէ, որ իրեն Արք. Տէրտէրեան կողմէ զգուշացուցած է, որ «առաջնորդը փոխած է կղպանքները» եւ հորդորեց անոր որ «չմտնէ դահլիճ», այլապէս, Արք. Տէրտէրեան ոստիկանութեան կը կանչէ եւ զինք ձերբակալել կուտայ:
Յաջորդող դատական հայցը գրեթէ երկու տարի տեւեց եւ աննախադէպ խայտառակութիւն պատճառեց եկեղեցիին եւ զգալի կորուստներ պատճառեց Պր. Հալլաճեանին եւ Պր. Աղա Սարգիսեանին ինչպէս նաեւ զգացմունքային սթրես եւ խորունկ հիասթափութիւն՝ դէպի իրենց հոգեւոր ծառաներուն եւ եկեղեցիին: Պր. Հալլաճեան տխրեցաւ այն բանի համար, որ նոր առաջնորդ Արք. Տէրտէրեան եւ անոր զինակիցները յայտնուեցան որպէս անմարդկային եւ ագահ մարդիկ: Յետագային նաեւ պարցուեցաւ, որ Գանատահայերը, Արք. Տէրտէրեանին Գանատայի թեմէն դուրս շպրտած են իր ագահութեան եւ ֆինանսական միջոցներու ապօրինի իւրացման պատճառով: (Կարդալ էջ 4-ի Գանատայէն յղուած յօդուածը՝ Պր. Քրիս Չաքմաքեանի կողմէ)։
Կը թուի, որ Արք. Տէրտէրեանի կողմէ բարերարներու իրաւազրկման մարտավարութեան մաս կը կազմէ նաեւ նենգամիտ դատական հայցեր ներկայացնելը վերջիններուն դէմ, զանոնք ֆինասական մաշեցման ենթարկելու համար:
Ցնցուած այն բոլորով որուն վկան դարձած էր, Պր. Հալլաճեան եւ Պր. Աղա Սարգիսեան իրաւաբանական օգնութիւն կը փնտրեն: Անոնք կը վարձեն ոչ-հայ փաստաբան մը, որ վարձակալութեան պայմանագրի հիման վրայ յաջողութեամբ կը պաշտպանէ անոնց իրաւունքները:
Ինչպէս կարելի է ակնյայտօրէն տեսնել, իրաւական յարձակումներու թիրախ դարձած են Պր. Հալլաճեան եւ Պր. Աղա Սարգիսեան: Տեսէք էջ 3-ի հայցւորի համար դատական հայցերու երկար ցուցակը եւ փաստաբաններու կողմէ ներկայացուած հայցերը‘ Պր. Հալլաճեանի եւ մեղադրեալ՝ Արեւմտեան Թեմի համար: Նաեւ ուշագրաւ է այն փաստը, որ Արք. Տէրտէրեան կը ստիպուի վկայի աթոռին նստիլ հայցւորներ՝ Պր. Հալլաճեանի եւ Պր. Աղա Սարգիսեանի փաստաբանի հարցապնդում-ներու ժամանակ: Կրնա՞ք պատկերացնել, թէ ձեր հոգեւոր առաջնորդը վկայի աթոռին նստեցուի «բիզնեսային» գործառնութենէ մը ներս իր աներկբայ ներգրաւուածութեան հետեւանքով, փոխանակ իր հոտին ծառայելու որպէս հոգեւոր առաջնորդ:
Դատարանը ի նպաստ Պր. Հալլաճեանի եւ Պր. Աղա Սարգիսեանի հրամանագիր արձակեց եւ յաջորդ օրն իսկ, ըստ դատական վճիռին, Արք. Տէրտէրեան Պր. Հալլաճեանին շարք մը նոր բանալիներ տուաւ:
Եթէ Պր. Հալլաճեան եւ Պր. Աղա Սարգիսեան չկարե-նային պայքարիլ իրենց օրինական իրաւունքներուն համար որպէս իրաւացի վարձակալներ, ապա անոնք իրապէս կրնային անարդարօրէն զրկուիլ իրենց իրաւունքներէն:
Յարութ Հալլաճեանի եւ Յարութ Աղա Սարգիսեանի կողմէ հայցադիմումը սկսելէն անմիջապէս առաջ, 2004-ին, Պր. Աղա Սարգիսեան երկար տարիներու ընկեր եւ մէկ այլ խոշոր բարերար‘ Պետրոս Տաղլեանին կը դիմէ, խնդրելով որ ան Արք. Տէրտէրեանին խորհուրդ տայ որ ան չխայտառակէ եկեղեցիին, փորձելով ոտնահարել առաջնորդարանի Գալայճեան սրահի վարձակալներուն օրինական իրաւունքները եւ անպէտքօրէն դատարաններ հասնիլ:
Պր. Տաղլեան Արք. Տէրտէրեանին ըսած է. «Ձեզի համար, որպէս թեմական առաջնորդ, տեղին չէ, որ դատարան երթաք եւ «բիզնեսային» գործառնութեան մը համար վկայ կենաք»: Տէրտէրեան պատասխանած է, որ իր հոգը չէ, քանի որ ան մեծ գումարներ ձեռք պիտի բերէր:
Տեսնելով Արք. Տէրտէրեանի ագահ նկարագիրը, Պր. Տաղլեան կը խորհի ետ կանգնիլ Տաղլեան Համալիրի շինարարական ծրագիրէն, բայց արդեն ուշ էր: Պր. Տաղլեան արդեն իսկ նախնական ծանր ներդրումներ կատարած էր Տաղլեան Համալիրի կառուցման մէջ:
Պր. Տաղլեան կը կարծէր, որ Պր. Հալլաճեանի եւ Պր. Աղա Սարգիսեանի դէմ դատական գործը կորսնցնելէ յետոյ, Արք. Տէրտէրեան իր դասը կը սորվի չխախտելու այլ մարդոց իրաւունքները: Սակայն ակնյայտօրէն Արք. Տէրտէրեան չափազանց ծարաւ դարձած էր դրամի հանդէպ անվերահսկելի սիրով եւ ագահութեամբ: Անոր ագահութիւնը զինք ամբողջապէս կուրցուցած էր, պատճառելով անոր, որ անտեսէ Alavjian Catering-ի ընկերութեան հետ վարձակալութեան պայմանագիրը: Ինչպէս կþըսեն, «Միայն խելացի մարդիկ կրնան սորվիլ իրենց սխալներէն»:
Արք. Տէրտէրեան եւ Արեւմտեան թեմը կորսնցուցին իրենց դատական պայքարը: Այս գործընթացին մէջ թեմը կորսնցուց հարիւրաւոր-հազարաւոր տոլարներ դատական ծախսերու պատճառով: Ըստ լաւատեղեակ աղբիւրի մը‘ կորուստի գումարը գերազանցած է 300.000 տոլարը միայն Alavjian Catering-ի դատական գործին համար:
Մարդիկ հարց կուտան որ դատական եւ յարակից փաստաբանական ծախսերը վճարելու համար, արդեոք ու՞րտեղէն Տէրտէրեան ապահովեց անհրաժեշտ գումարները‘ թեմի ֆինանսական կորուստները ծածկելու համար որոնք բղխած են իր ագահութենէ մղուած սխալներէն:
Հետաքրքրական պիտի ըլլար բացայայտել այդ գաղտնի գործարքներու ներքին մանրամասները, որոնք թաքնուած կը մնան մինչեւ օրս: Արդեոք Տէրտէրեան օր մը յառաջ պիտի գայ՞ հասարակութեան անկեղծօրէն պատմելու, թէ ո՞րտեղ եւ ինչպէ՞ս ապահովեց անհրաժեշտ գումարները, անսպասելի իրաւաբանական ծախսերը ծածկելու համար:
Alavjian Catering-ի դէմ 2005-ի անբարունակ պարտութենէն մինչեւ Taglyan Complex-ի 2019-ի դատական զգետնումը. Ծանօթ գործելաձեւ մը է:
Արեւմտեան Թեմի 2019-ի պրն. Տաղլեանի դէմ դատական պարտութեան նախաօրինակը‘ Արեւմտեան թեմի 2005-ի դատական պարտութիւնն է Պր. Հալլաճեանի եւ Պր. Աղա Սարգիսեանի դէմ:
2004-ին ձախորդ գործարար դարձած այսպէս կոչուած «հոգեւոր» առաջնորդ Արք. Տէրտէրեան փորձած է անարդարացիօրէն դուրս շպրտել Alavjian Catering-ի գործընկերներուն‘ փորձելով անոնց միլիոնաւոր տոլարի ներդրումներէն զրկել:
Արդիւնք. 2004-ին Արեւմտեան թեմը դատարան ինկաւ եւ կորսնցուց դատը:
2018-ին ձախորդ գործարար դարձած «հոգեւոր» առաջնորդ Արք. Տէրտէրեան եւ իր գլխաւոր խորհրդականը՝ Սբ. Յովհաննու Կարապետի այսպէս կոչուած «հոգեւոր» հովիւ, եւ նոյնպէս ձախորդ գործարար դարձած Մանուկ Մարգարյան, համատեղ ջանքերով փորձեցին կողոպտել Պետրոս Տաղլեանին մի քանի միլիոն տոլար արժողութեամբ ներդրումային հիմնադրամներէն:
Արդիւնք‘ 2019-ին Արեւմտեան Թեմի / Սբ. Յովհաննու Կարապետը ինկան դատարան եւ այնտեղ կորսնցուցին դատը ու դատարանի կողմէ հրահանգուեցան վճարել փաստաբանական ծախսերը ե՛ւ Թեմի ե՛ւ Տաղլեանի համար:
Տէրտէրեանի ռազմավարութիւնը. Երբ անհրաժեշտ է հիմնական դահլիճի մը կառուցումը եւ Արք. Տէրտէրեան ու Մարգարյան քհն. ի վիճակի չեն որեւէ նուիրատուներ գտնել շինարարական ծախսերը հոգալու համար, անոնք կþորդեգրեն «Բ» ընտրանքը. Խոշոր բարերար մը ներքաշել գործարարական համաձայնագիրէ մը ներս դահլիճ կառուցելու եւ գործարկելու համար։ Ապա՝ հազիւ որ բարերարը կþիրականացնէ շինարարութիւնը զայն կը փորձեն «օրինական ճամբով» գողնալ օրինական սեփականատիրոջմէն։
Որպէս մասնիկ Տէրտէրեանի ռազմավարութեան՝ երբ շինարա-րութիւնը ընթացքի մէջ է, եւ մեծ գումարներ կը ծախսուին խոշոր բարերարի կողմէ, Արք. Տէրտէրեան անոր ազատ եւ հանգիստ կը թողի: Բայց մէյ մը որ դահլիճի շինրարութիւնը իր աւարտին հասնի եւ բիզնեսը սկսի գումար վաստկիլ հնարաւորութիւն տալով ներդրողին վերականգնելու՝ կորսնցուցած գումարները, Տէրտէրեան պատճառա-բանութիւն մը կը հնարէ նախնական պայմանաւորուածութենէն դուրս գալու համար եւ կը փորձէ ներդրողին դուրս շպրտել անոր իրաւունք-ները ոտնահարելով եւ իւրացնելով գործարարին կալուածը գրեթէ ոչինչ գումարով, զոհի ուսերուն վրայ բեռցնելով բոլոր վնասները եւ ֆինանսական պարտաւորութիւնները: Փաստօրէն ան ոչինչ գումարով կը փորձէ տիրանալ հարստութեան մը ապօրինի հափշտակման ճամբով։
Ու՞ր էին Թեմական Խորհուրդի ղեկավարները եւ անդամները‘ — թեմի աշխարհական ղեկավարները եւ ինչու՞ անոնք թոյլ տուած են «հոգեւոր» առաջնորդին միջամուխ ըլլալու թեմական վարչական մարմիններուն պատկանող գործառնութիւններուն եւ ֆինանսական այլ խնդիրներու մէջ: Ինչու՞ անոնք թոյլ կուտան, որ ձախողած գործարարի վերածուած «հոգեւոր» առաջնորդ Արք. Տէրտէրեան քանդէ Արեւմտեան Թեմի եւ Հայ Եկեղեցւոյ հեղինակութիւնը։

By Appo

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *