Արցախի ու Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարներ Մասիս Մայիլեանն ու Զոհրապ Մնացականեան երէկ5 յուլիսին, ստորագրած են երկու նախարարութիւններուն միջեւ 2019-2020-ի խորհրդակցութիւններու ծրագիրը: Պատասխանելով երկու հայկական հանրապետութիւններու նախարարութիւններուն միջեւ ստորագրուած յուշագիրի կարեւորութեան մասին հարցումին Մասիս Մայիլեան նշած է, որ առաջին անգամ ըլլալով ստորագրուած խորհրդատուութիւններու ծրագիրը հիմնուած է երկու նախարարութիւններու համագործակցութեան հռչակագիրին հիման վրայ:
«Ասիկա կարեւոր փաստաթուղթ է, որ կը բարձրացնէ երկու նախարարութիւններու յարաբերութիւններու մակարդակըհաստատութենական բնոյթ տալով յարաբերութիւններուն: Այս փաստաթուղթի հիման վրայ պիտի շարունակենք աշխուժ համագործակցիլ ո՛չ միայն նախարարներու, այլեւ փոխնախարարներու եւ տարբեր ստորաբաժանումներու մակարդակով», ըսած է Մայիլեան եւ նշած, որ Արցախի ու Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութիւններուն միջեւ համագործակցութիւնը շատ արդիւնաւէտ պիտի ըլլայ: «Հայաստանի Հանրապետութիւնը ներգրաւուած ըլլալով եւ աշխատելով Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի խաղաղ լուծման հոլովոյթին մէջ չի կրնար ընել գործողութիւններ, որոնք համակարգուած չեն Լեռնային Ղարաբաղի իշխանութիւններուն հետ: Այդ իսկ պատճառով մեզի համար անհրաժեշտ է պահպանել բաւական աշխուժ խորհրդակցութիւններու մակարդակ», իր կարգին ըսած է Զոհրապ Մնացականեան:
Մայիլեան. «Բանակցային Հոլովոյթին Մէջ Հայաստանի Մօտեցումները Կը Համընկնին Արցախի Դիրքորոշման Հետ»
Երէկ` ուրբաթ, 5 յուլիսին, Արցախի Հանրապետութեան ու Հայաստանի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարարներ Մասիս Մայիլեանն ու Զոհրապ Մնացականեանը արտաքին գործոց նախարարութիւններուն միջեւ 2019-2020-ի խորհրդակցութիւններու ծրագիրի ստորագրութենէն ետք զրոյց մը ունեցած են լրատուամիջոցներու ներկայացուցիչներուն հետ:
Հայաստանի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարար Զոհրապ Մնացականեան ներկայացուցած է բանակցային հոլովոյթին մէջ Հայաստանի դիրքորոշումը:
«Լեռնային Ղարաբաղի լիարժէք մասնակցութիւնը բանակցութիւններուն շատ կարեւոր եւ գործնական հարցերէն է, որովհետեւ հոլովոյթին մասնակից գործօններէն մէկուն բացակայութիւնը կը բարդացնէ խաղաղ լուծման հոլովոյթի արդիւնաւէտ յառաջընթացը: Լեռնային Ղարաբաղը քաղաքական միաւոր է, որ ունի բնակչութեան կողմէ ընտրուած իշխանութիւն, որ եւ պէտք է լիարժէքօրէն ներգրաւուի բանակցութիւններուն մէջ: Սեփականութեան զգացումի ամրապնդումը բանակցային խաղաղ հոլովոյթի ծիրին մէջ բոլորիս համար կարեւոր հարց է», ըսած է Մնացականեան:
Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարը կարեւոր նկատած է նաեւ բանակցութիւններու համապատասխան միջավայրի անհրաժեշտութիւնը: Նախարարին համաձայն, «մէկ ձեռքով կրակել, միւս ձեռքով բանակցիլ» իրավիճակին մէջ կարելի չէ աշխատիլ:
«Մենք բազմիցս ըսած ենք, որ հոլովոյթին կողմ հանդիսացող Հայաստանն ու Արցախը ունին պաշտպանուելու բաւարար ներուժ, եւ որ սպառանալիքը գործնական չէ», շեշտած է նախարարը:

Իսկ անդրադառնալով Արցախի ժողովուրդի անվտանգութեան հարցին` Մնացականեան նշած է, որ արցախցիներու ֆիզիքական անվտանգութեան հարցը համայն հայութեան ինքնութեան պաշտպանութեան խնդիր է:

By Appo

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *