Մամուլը բարոյական պարտաւորութեան ունի ըլլալու ժողովուրդի կամքին արտայայտիչը, ճշմարտութեան պաշտպանը ու արդարութեան ձայնը» — Ն.Ս.Օ.ՏՏ Արամ Ա Կաողիկոս՝ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ
ԱԲՕ ՉԱՓԱՐԵԱՆ
Գործադիր Հրատարակիչ
եւ Գլխաւոր Խմբագիր՝
«ՀԱՅ ԿԵԱՆՔ»-ի եւ
USA Armenian Lifeի
Այս տարուայ սկիզբին Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոս Արամ Ա 2019 թուականը յայտա-րարեց Հայ Մամուլի Տարի եւ հաղորդեց, որ Յուլիսին տեղի կþունենայ Հայ Մամուլի Համահայկական Համագումար‘ Անթիլիաս, Լիբանանի մէջ:
2019-ի Հայ Մամուլի Համագումարը աննախադէպ էր: Այս եռօրեայ խորհրդաժողովը 1958ի պաղ պատերազմի ժամանակաշրջանի Լիբանանի հայ եղբայրասպան քաղաքացիական կռիւներէ ետք, առաջին անգամ ըլլալով ի մի բերաւ, մէկ յարկէ ներս, հայկական անկախ լրատուա-միջոցներու եւ երեք աւանդական կուսակ-ցութիւններ՝ ՀՅԴ-Դաշնակցութեան, ՀՌԱԿ-Ռամկավար եւ ՍԴՀԿ-Հնչակեան քաղաքական կազմկերպութիւններու մամլոյ ղեկավարները Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան երթիքին տակ։
Համատեղ մասնակիցներու շարքին էին հետեւ-եալ կուսակցական օրգանները «Ազդակ» օրաթերթ (ՀՅԴ-Լիբանան), «Ասպարէզ» (ՀՅԴ-ԱՄՆ), «Տը Արմինիըն Միրրըր Սփեքթէյէըր» (Ռամկավար կուսակցութիւն (ՌԱԿ) -ԱՄՆ), «Պայքար» շաբաթաթերթ (ՌԱԿ-ԱՄՆ), «Զարթօնք» (ՌԱԿ-Լիբանան), «Արարատ» (Սոցիալ-Դեմոկրատ Հնչակեան կուսակցութիւն-Լիբանան), «Ազատ Արցախ» (Կառավ.-Արցախ), «Ալիք» օրաթերթ (ՀՅԴ-Իրան) եւ այլ ներկայացուցիչներ:
Անկախ Մամուլէն ընդգրկուած էին «Իւ. Էս.Էյ. Արմինիըն Լայֆ» (Անկախ-ԱՄՆ) «ԱՄՆ Հայ Կեանք» շաբաթաթ (Անկախ-ԱՄՆ), «Նոր Յառաջ» (Անկախ-Ֆրանսա), «Ազատ Խօսք (Անկախ-Կիպրոս), Yerepouni.com (Անկախ-Լիբանան), «Օրեր» (Անկախ-Չեխիայի Հանրապետութիւն), Վատիկանի ռադիոկայանի հայկական բաժին (Վատիկան) եւ այլ լրատուամիջոցներ:
Համագումարը նաեւ ընդգրկեց Հայաստանէն շարք մը կուսակցական եւ անկախ լրատուամիջոցներու ներկայացուիցչներ:
Համագումարի գրեթէ ամբողջ տեւողութեան, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա Վեհափառը դահլիճէն ներս ներ-կայութիւն էր եւ ուշադիր կերպով կþունկնդրէր ելոյթ ունեցողներուն ու յաճախ կը նօթագրէր իր տետրին մէջ։ Այդ նօթագրումները շատ յաճախ օգտագործեց համագու-մարի ընթացքին իր տեսութիւնները կիսելու համար մասնակիցներու եւ ընթերցող-հեռուստադիտող հասա-րակութեան հետ։
Ես ուրախ եմ նշելու որ շարք մը մամլոյ ներկայացուցիչներու եւ որոնց կարգին այս յօդուածագրին՝ կարգ մը մտահոգութիւնները եւ տեսութիւնները ընդգրկուեցան Վեհափառ Հայրապետին եզրափակիչ խօսքերէն ներս։
Որպէս պատւոյ հիւր մասնակցեցաւ Հայաստանի Վարչապետ Նիկոլ Փաշին-եանի կինը‘ Աննա Հակոբեան: Իր բացման խօսքին մէջ ան նշեց. «Այսօր լրատուա-միջոցները ճգնաժամի մէջ են, այսինքն, Հայաստանի եւ աշխարհի հայ համայնք-ներու մէջ լրատուամիջոցները ճգնաժամի մէջ են: Այսպիսով, այս համաժողովը պատշաճ եւ սպասելի է աւելի քան երբեւէ: Յուսով եմ, որ այս համաժողովի մասնակիցները յաջողութեան կը հասնին առաւել խորը հարցերու բացայայտման, դրանց քննարկման եւ լուծումներ գտնելու համար»:
Տիկին Յակոբեան, անշուշտ, կþանդրադառնար քաղաքական կարգ կուսակ-ցութեանց պատկանող եւ օլիգարխներու հակակշռին տակ եղող լրատուա-միջոցներուն, որոնք կþօգտագործուին նախկին իշխող դասակարգի կողմէ, իշխանութեան սեփական վերադարձը բեմադրելու համար: Այժմ պարզ դարձաւ, որ հիմնական պատճառը որ քաղաքական կուսակցութիւններուն եւ օլիգարխ-ներուն պատկանող մամուլը ինչու՞ կը լռեն ի տես Հայաստանի պետաշխատողա-համակարգէն ներս ինչպէս նաեւ Էջմիածնի ու անոր արբանեակ՝ կարգ մը թեմերէ ներս տիրող կոռումպացուածութեան։ (Աւելի մանրամասնութիւններ այս թեմայով՝ յետագայ յօդուածներու մէջ):
Սփիւռքեան մակարդակի վրայ մարդ կրնար հեշտութ-եամբ նկատել, թէ ինչպէս երեք աւանդական քաղաքական կուսակցութիւններէն ոմանք‘՝ ՀՅԴ-ի, ՌԱԿ-ի, ՍԴՀԿ մամլոյ խմբագիրներ եւ անոնց կուսակ-ցական գործակիցներ փորձեցին համագումարը օգտագործել որպէս քարոզչական յարթակ պրոպականդելու համար իրենց լրատուամիջոցները, պնդելով որ կուսակցութիւնները փրկած եւ պահպանած են Սփիւռքի մամուլը արդիւնաւետ կերպով։ Այս անձնաւորութիւնները փորձեցին դուրս պահել ու անտեսել անկախ մամուլի խոշոր վաստակը: (Լրացուցիչ մանրամասնութիւններ յետագայ թիւերուն մէջ):
Իմ Յուլիս 2ի բացման օրուայ ելոյթին նիւթն էր. «Ազատ մամուլին դերը եւ առաքելութիւնը արագընթաց փոփոխութեան ենթակայ տեղեկատուական դաշտէն ներս».
Ես ընդգծեցի. «1) Հայ Մամուլը մտքի պաշտպա-նութեան եւ գրոհային որոշիչ ոյժ մըն է ապահովելով առողջ մտածելակերպ եւ ետ մղելու օտար ուժերու եւ յատկապէս «Սորոս»ի նման օտար ուժերու կողմէ ֆինանսաւորուող ոչ-կառավարական NGO-ներու ժխտական ազդեցութիւնները։
2) Ազատ Հայ Մամուլին նաեւ առաքելութիւնն է որ հայ մարդուն քաջատեղեակ դարձնէ նաեւ մեր ներ-քին խնդիրներու մասին եւ յառաջ բերէ այն առաջադրանքը որ մեր ներքին հիւանդութիւններուն շուտափոյթ բուժում եւ սրբագրողական գործընթաց իրականացուի։
3) Որտեղ ներքին անարդարութեան առկայութիւն ու թափանցիկութեան եւ լիակատար հաշուետւութեան պակաս, այնտեղ կայ մասսայական արտահոսք ե՛ւ հայրենիքէն ե՛ւ սփիւռքի կազմակերպութիւններէն եւ կարոյցներէն։
Եւ մանրամասնեցի. «Բացասական երեւոյթներու դիմակազերծման գծով Ներկայիս կայ հայ մտածողութեան երկու դպրոց«ԱՄՕԹ Է»ի եւ «ԱԼ ԿԸ ԲԱՒԷ»ի։ Ընդհանրապէս «ԱՄՕԹ Է»-ի հետեւորդներու միջին տարիքը 55-էն վեր է։ Իսկ «ԱԼ ԿԸ ԲԱՒԷ»ին կը հետեւին մեծաւմասամբ նոր սերունդի անդամները որոնք իրականացուցին 2018-ի «թաւշեայ յեղափոխութիւն»ը։ Արդեոք երբ Սփիւռքեան կրօնական կամ համայնքային կազմակերպութիւն մը կամ հայրենի պետական կարոյց մը օրինակ նախարարութիւն մը կամ նոյնիսկ կառավարութիւնը ներքին բտախտէ կը տառապի արդեոք Հայ Մամուլը լու՞ռ պէտք է մնայ որովհետեւ «ԱՄՕԹ Է» թէ
պէտք է բարեխղճօրէն բացայայտէ եղելութիւնը «ԱԼ ԿԸ ԲԱՒԷ»ի ոգիով որպէսզի խնդիրը կամ գերխնդիրը արագընթաց կերպով լուծուի եւ ներքին ներդաշնակութիւնը վերահաստատուի։
Նաեւ հաստատեցի թէ՝ « Ներկայիսճշմարտացի եւ սուտ լուրերու այս իրավիճակին մէջ Հայ Մամուլը շատ կարեւոր առաքելութիւն մþունի իր ընթերցողներուն ճիշտը սուտէն զանազանելու գիտելիք փոխանցելու որպէսզի հայալեզու եւ այլալեզու հայկական լրատուամիցոցներու ընթերցողները կամ ունկնդիրները մտային առթնութիւնը ունենան ճիշտը սուտէն զանազանելու։ Ապակողմնորիչ լրատուութիւններու այս դարաշրջանին ազատ Հայ Մամուլը պէտք է նաեւ զարգացնէ անկախ եւ ռազմավարական մտածողութիւնը։ Մեր ժողովուրդը արժանի է քաջատեղեակ ըլլալու։ Ի ուրախութիւն ինձ՝ որպէս զեկուցաբեր իմ արտայայտած հիմնական գաղափարներուն կարեւոր մասերը որոնք կը վերաբերին Մամլոյ Ազատութեան, Խօսքի Ազատութեան եւ հետազօտական լրագրութեան պաշտպանութեան ընդունուեցան եւ պատշաճ կերպով ընդգրկուեցան Ն.Ս.Օ.Տ.Տ Արամ Աի եզրափակիչ ակնակրներուն մէջ»։
Ի անակնկալ ինձ՝ ելոյթ ունեցողներու եւ մասնակիցներու խոշոր մասը տեղեակ էին ներկայի իմ կատարած հետազօտական լրագրութենէն ԱՄՆ-ի Արեւ-մտեան Առաջնոր-դարանի Արք. Յովնան Տէրտէրեանի մասին եւ մահուան սպառ-նալիքի որուն ես են-թարկուած էի։
Երբ մամլոյ ներկա-յացուցիչներուն կը ներկայացնէր իր եզրափակիչ խօսքերը, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ Արամ Ա հոգատարօրէն ըսաւ. «Ամբողջութեամբ կը բաժնեմ ձեր արտայայտած մտահոգութիւնները, ձեր տագնապն ու սպասումը։ Անոնք միայն ձերը չեն, այլ մեր բոլորինը։ Հայ մամուլը մեզի համար, սովորական լրատուական միջոց չէ, այլ սրբազան նպատակի լծուած առաքելութիւն է։ Մեր սպասումն է, որ ան անվերապահօրէն վայելէ մեր հայրենիքին, եկեղեցւոյ, կազմակերպութիւններուն ու մեր ազգին ջերմ հոգածութիւնն ու ամուր զօրակցութիւնը։
Արձագանքնելով մամլոյ ներկայացուցիչներուն հաստատումներուն որոնք արտայայտուած էին համագումարի առաջին օրերուն ընթացքին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա ընդգծեց. « Մամլոյ մշակներու առընթեր, պէտք է լսենք նաեւ ժողովուրդը
անոր արժեւորումը ու սպասումը։ Չմոռնանք, որ մամուլը առանց ժողովուրդի կը կորսնցնէ իր գոյութեան պատճառը։ Առանց ազատութեան, մամուլ գոյութիւն չունի։ Խօսեցանք պատասխանատու ու համարատու ազատութեան, ինչպէս նաեւ մամլոյ բարոյական պարտաւորութեան մասին, որ կþենթադրէ ըլլալ՝ ժողովուրդի կամքին արտայայտիչը, ճշմարտութեան պաշտպանը ու արդարութեան ձայնը»։
Ան եզրափակեց ընսելով որ «Հայ մամուլը յատուկ կարեւորութիւն պէտք է տայ քննական ու վերլուծական յօդուածներու, որպէսզի կարենայ իշխանութիւններն ու կառոյցները անհրաժեշտութեան պարագային քննադատել, արթնութեան ու զգաստութեան հրաւիրել, ինչպէս նաեւ ազգային թէ միջազգային այժմէական հարցերու շուրջ տեղեակ պահել ժողովուրդը»։
Փակման նիստի ժամանակ, երբ իմ կարգը եկաւ, խօսք առի Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա Վեհափառ Հայրապետի, մամուլի գործընկերներու եւ համագումարի կազմակերպիչներու ներկայութեան, եւ ըսի. «Մի քանի տարի առաջ, բացայայտիչ յօդուած մը գրած էի Մեծի Տան Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան «Թռչնոց Բոյնի» Լիբանանի հայկական պատմական որբանոցին հետ կապուած գործառքին մասին: Հայ Մամուլին նուիրուած այս համագումարի յայտարարութենէն անմիջապէս առաջ ես մտածեցի, որ «ԱՄՆ Հայ Կեանք»ն ու USA Armenian Life շաբաթաթերթը կրնայ ըլլալ դուրս մնան հրաւիրեալներու ցանկէն։ Սակայն ի պատիւ Արամ Ա Վեհափառ Հայրապետին եւ Կիլիկիոյի Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան իմ անունը մասնակիցներու ցանկին մէջ ընդգրկուեցաւ: Ես միշտ հաւատացած եմ, որ հայ հոգեւոր ծառաներն ու ղեկավարները, ինչպէս նաեւ կազմակերպական ղեկավարները, պէտք է շինիչ քննադատութիւնը ընդունին ազնուական ոգիով: Հետեւաբար, իմ առաջադրանքն է, որ մենք, որպէս ժողովուրդ, այս դրական կեցուածքը մամուլի հանդեպ‘ ընդունինք որպէս համայնական անսակարկելի արժեք մեր համայնքային յարաբերութիւններուն մէջ: Ես երախտապարտ եմ, որ Վեհափառ Հայրապետը հանդուրժողականութեամբ եւ դրական կեցուածքով ընդունեց որ ինք թիրախ դառնայ հարապարակային զննութեան եւ քննադատութեան եւ Անոր ազնուական կեցուածքը պէտք է ոգեշնչման աղբիւր դառնայ ու անոր վեհանձն արձագանքը պէտք է օրինակ ծառայէ համայնքային եւ կրօնական կազմակերպութիւններու անդամներուն եւ ղեկավարներու համար: