Եւրոպական Միութեան արտաքին քաղաքականութեան բարձրագոյն յանձնակատար Ֆետերիքա Մոկերինի Եւրոպական Միութեան անդամ երկիրներու արտաքին գործոց նախարարներու ժողովէն ետք մամլոյ ասուլիսի ընթացքին յայտնեց, թէ Իրանի հիւլէական համաձայնագիրէն դուրս առած բոլոր քայլերէն ապագային կարելի է ետդարձ կատարել:
«Չկայ հիւլէական համաձայնագիրը ստորագրած երկիր մը, որ իրանեան խախտումները համաձայնութեան մեծ ոտնահարում կը նկատէե» աւելցուց ան:
Միւս կողմէ, Եւրոպական Միութեան արտաքին գործոց նախարարները որոշեցին խորհրդանշական կերպով պատժել Թուրքիան ապօրինի կերպով Կիպրոսի ջուրերուն մէջ բնական կազ ու քարիւղ պեղելուն համար եւ սպառնացին ապագային աւելի խիստ քայլեր որդեգրել, եթէ Անգարա ետդարձ չկատարէ:
Նախարարները որոշեցին Անգարայի հետ դիւանագիտական հաղորդակցութիւնները եւ անոնց ֆինանսաւորումը կրճատել:
Եւրոպական Միութենէն դիւանագէտ մը «Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութեան յայտնեց, որ Անգարա 2020-ին կրնայ իրեն յատկացուելիք 400 միլիոն եւրոյէն շուրջ 150 միլիոնը կորսնցնել:
Նախարարները Եւրոպական Միութեան գործադիր եւ արտաքին քաղաքականութեան թեւերուն կոչ ուղղեցին` «Թուրքիոյ հորատման աշխատանքներու շարունակման լոյսին տակ շարունակելու թիրախաւորեալ քայլերու կարելիութիւններու շուրջ աշխատիլ»:

By Appo

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *