Յուլիս 17-ին Լիբանանի մայրաքաղաք Պէյրութի մեջ՝«Մեթրոպոլիս էմփայր սոֆիլ» թատրոնին մէջ, տեղի պիտի ունենայ «Կիլիկիա. առիւծներու երկիր» երեք պատմական ֆիլմ–ակ-նարկներու փակ դիտումը, կը հաղորդէ Orer.eu-ը:
Ցուցադրութեան եւ քննարկման հրաւիրուած են Լիբանանի կառավարութեան անդամներ, պատգամաւորներ, հայ համայնքի ներկայացուցիչներ, մտաւորականներ, մշակոյթի գործիչներ եւ լրագրողներ:
Գաղափար-նախաձեռնութիւնը կեանքի կոչուած է «Գոհար» նուագախումբի հիմնադիր՝ Խաչատուրեան ընտանիքի, մասնաւորապէս լիբանանահայ բարերար Յարութ Խաչատուրեանի հովանաւորութեամբ:
Նպատակ ունենալով ամբողջ աշխարհի մէջ տարածել եւ սերունդներուն հասանելի դարձնել հայկական երաժշտութիւնն ու մշակոյթը՝ «Գոհար»-ը այս անգամ կը ֆիլմի միջոցով կը ներկայացնէ հայ ժողովուրդի պատմական փառահեղ էջերէն մէկը՝ Կիլիկիոյ հայոց թագաւորութիւնը:
Կիլիկիոյ դրօշները, որոնք բազմիցս ծածանած են «Գոհար»-ի համերգներու ժամանակ բազմահազար հանդիսատեսի կողմէ, այժմ պիտի ծածանին պաստառէն այն կողմ` պատմական հերոսներու ձեռքով:
Երեք ֆիլմ-ակնարկները՝ ամփոփ գեղարուեստական մօտեցումով, հանդիսատեսին հաղորդակից կը դարձնեն Կիլիկիոյ հզօրագոյն թագաւորական ընտանիքներու երեքդարեայ պատմութեան: Հարկ է նշել, որ ֆիլմ-ակնարկները նկարահանուած են հայաստանեան «Տոմինօ Փրոտաքշըն» ընկերութեան կողմերէ‘ Հայաստանի մէջ: ֆիլմին բեմադրիչն է Աշոտ Առաքէլեանը:
Աշնանը ֆիլմ-ակնարկներու անդրանիկ ցուցադրութիւն տեղի պիտի ունենայ նաեւ Հայաստանի մէջ:

By Appo

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *