Reddit կայքի եւ Initialized Capital ընկերութեան հիմնադիր Ալեքսիս Օհանեան պիտի վարէ Երեւանի մէջ տեղի ունենալիք Տեղեկատուական արհեստագիտութիւններու համաշխարհային համագումարը (The World Congress on Information Technology (WCIT)): Այս մասին Ֆէյսպուքով տեղեկացուցած է WCIT 2019-ը:

Աղբիւրին համաձայն` Ալեքսիս Օհանեան պիտի օգնէ ճանապարհ հարթելու նոր startup-երու համար եւ պիտի կիսուի թարմ գաղափարներով, խորհուրդներով եւ սեփական մտայղացումներով:

Յիշեցնենք, որ այս տարուան Հոկտեմբերին Հայաստանի մէջ տեղի պիտի ունենայ WCIT 2019 Տեղեկատուական արհեստագիտութիւններու համաշխարհային համաժողովը: Համաշխարհային մակարդակով այս ժողովին, որ կը կազմակերպէ Տեղեկատուական արհեստագիտութիւններու եւ սպասարկումներու համաշխարհային դաշինքը (WITSA) Հայաստանի կառավարութեան աջակցութեամբ, պիտի մասնակցին տեղեկատուական արհեստագիտութիւններու ոլորտէն փորձագէտներ, պաշտօնական անձիք եւ առաջատար ՏԱ ընկերութիւններու բարձրաստիճան ներկայացուցիչներ: Կազմակերպչական աշխատանքները կ՛իրականացնէ Առաջաւոր արհեստագիտութիւններու ընկերութիւններու միութիւնը:

By Appo

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *