ԱԲՕ ՉԱՓԱՐԵԱՆ
Գործադիր Հրատարակիչ եւ
Գլխաւոր Խմբագիր՝ «ՀԱՅ ԿԵԱՆՔ»-ի եւ
USA Armenian Lifeի

Յուլիս 21-ին ՀՀ Վարչապետի Սփիւռքի հարցերով գլխաւոր Յանձնակատար Զարեհ Սինանեան այցելեր էր Մոսկուայի մէջ գտնուող առաջնորդանիստ եկեղեցիի տաճարային համալիրը։
Ըստ Ռուսաստանի հայ համայնքի լաւատեղեակ աղբիւրի մը, Սինանեանի այցի առաջին օրը տեղի ունեցաւ բուռն քննադատութիւն Գարեգին Բ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի արիւնակից եղբայր՝ եւ Արք. Յովնան Տէրտէրեանի գործակից՝ Մոսկուայի Արք. Եզրասին դէմ։
Հանդիպումին ընթացքին Սարովի հայ քաղաքացիները բացայայտօրէն մեղադրեցին Եզրասին եւ անոր «հոգեւորականներուն՝» հայկական եկեղեցին անձնական «բիզնես»ի վերածելու մէջ: Ուդմուրտիոյ հայ համայնքի նախագահ Մնացական Առաքելեանի խօսքերով, Ուդմուրտիոյ 5300 հայեր դիմած են Եզրասին՝ օծելու համար դեռեւս 2012թ.-ին կառուցուած եկեղեցին: Եզրասը դրած է երեք պայմաններ.

  1. իր «հոգեւորական»ին ապահովել կայուն աշխատավարձով,
  2. համայնքի ջանքերով կառուցուած եկեղեցին յանձնել առաջնորդին՝ Եզրասին, հողային տարածքի հետ միասին, կառուցուած եկեղեցիի գոյքային իրաւունքները, (Խմբագիր. Յատուկ նմանութիւններ գոյութիւն ունին Ռուսիոյ Ուդմուրթիոյ մէջ Արք. Եզրասի եւ ԱՄՆ-ի Սան Տիէկոյի մէջ՝ Սր. Յովհաննու Կարապետ եկեղեցիէն ներս Արք. Տէրտէրեանի կողմէ 2016ի չարագործութիւններուն միջեւ։)
  3. Եւս մեկ փոխանցում. 1 200 000 ռուբլի՝ «կայունացման հիմնադրամին» (այսինքն՝ կաշառք):
    «Ես պահանջեցի Եզրասէն այս երեք պայմաններուն չեղեալ համարումը: Ոչ թէ ժողովուրդը պէտք է ծառայէ հոգեւորականին, այլ հոգեւորականը պետք է ծառայէ ժողովրդին: Նման խնդիր կայ ոչ միայն մեզ մօտ, այլ նաեւ Սվերդլովսկի շրջանի մէջ, Պենզայի եւ Եկատերինբուրգի մէջ: Ընդհանուր՝ 12 քաղաքներու մէջ»,- ըսաւ Պր. Առաքելեան՝ հազիւ զսպելով զգացումները: (Կարդալ յօդուածը՝ էջ 5)
    Արք. Եզրասի վարքը դժուար թէ զարմացուցած ըլլայ աշխարհի հազարաւոր քննադատներուն, քանի որ Եկեղեցիի բազմաթիւ ակտիվիստներ գիտեն, որ Եզրաս հայ եկեղեցիի մէջ գտնուող միջազգային օղակի մէկ մասնինկն է, որ աստուածավախ հաւատացեալներու կողմէ իրենց շնորհուած իշխանութիւնը կը չարաշահէ:
    Եզրաս եւ անոր դաշնակիցները Էջմիածնի Գարեգին Բ-ն, ԱՄՆ-ի Արեւմտեան Թեմի Արք. Յովնան Տէրտէրեան հանրայայտ են իրենց փողի եւ իշխանութեան անհագելի ախորժակի համար: Անոնք ներգրաւուած են գումարներու իւրացման եւ չարաշահումներու տարբեր գործողութիւններէ ներս, եւ յայտնի են կրօնական առաջնորդի կարգավիճակի չարաշահումով եւ խաղաղասէր քննադատ-ներու ու եկեղեցական ակտիվիստներու նկատմամբ բռնակալ վերաբերմունքով:
    Ստորեւ ներկայացուած է խաղաղ քննադատողներու հանդեպ բռնութիւններու տարբեր դէպքերու մասնակի ցանկը, որոնք կը ներառեն Գարեգին Բ, Արք. Տէրտէրեանին եւ Արք. Եզրասին կարգ մը չարագործութիւնները։
    Պարագայ թիւ 1. Արք. Ներսէս Պօզապալեան Գարեգին Բին ուժեղ մրցակից էր կաթողիկոս դառնալու համար: Գարեգին Ներսիսեանը, այդ ժաանակուայ Արարատեան թեմի առաջնորդն էր եւ նոյնպէս՝ կաթողիկոսութեան թեկնածու: Հրեշաւոր կերպով, 1999ի Հոկտեմբերի հայրապետական ընտրութիւններէն առաջ, Արք. Պօզապալեան մահացու ծեծի ենթարկուած է իր բնակարանին շէնքի մուտքին, Հայաստանի մայրաքաղաք՝ Երեւանի մէջ:
    Պարագայ թիւ 2. 2018ի Դեկտեմբերին Կաթողիկոս Գարեգին Բ-ին դէմ բողոքի ցոյց կատարող հսկայական խումբը Էջմիածին հասած էր արտայայտելու նեխուածութեան դէմ իր ընդդիմութիւնը: Անպաշտպան եւ անզէն ցուցարարները ենթարկուեցան հանցագործներու անմարդկային բռնութիւններուն։ Այդ խուլիգանները հիմնականին մէջ եկած էին Գարեգին Բ-ի Սովխոզ թիւ 4 գիւղէն։ (Դիտեցէ՛ք SHANT NEWS-ի հեռուստատեսային զեկոյցը‘ https://youtu.be/bDSmAiaYSVQ) Յարձակողներէն շատերը Գարեգին Բ-ի հարազատներն ու կատարածոներն էին: Սովխոզ թիւ 4 գիւղը‘ Հայ Եկեղեցւոյ կոռումպացուած «հոգեւորականներու» ամենաշատ արտադրողն է: Առնուազն հինգ կոռումպացուած եպիսկոպոսներ կան այդ գիւղէն, որոնք հայ եկեղեցւոյ առաջատար դիրքերու վրայ են, Սովխոզ թիւ 4 գիւղէն են նաեւ Արեւմտեան Թեմի Քհն. Մանուկ Մարգարեան, անոր եղբայրը եւ ընտանիքի միւս անդամները, որոնք դարձած են անբաժան մասնիկը Հայ եկեղեցիէն ներս նեխուած «հոգեւորականներու» խումբին ներառեալ՝ Մոսկուայի Եզրաս Արքեպիսկոպոսը:
    Նկատի առնելով, որ Էջմիածնի մէջ հակագարեգինեան ցուցարարներու թիւը մեծ էր, Գարեգին Բ-ն ոստիկանութեան կանչեց զանոնք ցրելու համար: Խաղաղ ցուցարարները Էջմիածնի մէջ կոռումպացուած ոստիկանութեան անտարեբեր աչքերուն առջեւ, ենթարկուեցան Գարեգին Բի կատարածոներու կողմէ ֆիզիքական բռնութեան: (Ակնյայտ է, որ Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի վարչակազմը պէտք է ընդլայնէ իր նեխուածութեամ վերացման արշաւի շրջանակները Էջմիածնի Ոստիկանութեան վարչութիւնը ներառելու համար):
    Պարագայ թիւ 3. Նման մարտավարութիւն կիրառուած է Արք. Եզրասի կողմէ Մոսկուայի մէջ, ուր Եզրաս բազմաթիւ Գարեգին Բ-ի եւ իր հակառակորդ ցուցարարներուն դէմ սուտ ամբաստանութիւններ կատարեց Ռուսիոյ ոստիկանութեան մօտ: Եզրասի սուտ մեղադրանքներուն պատճառով ոստիկանութիւնը`
    խաղաղ ցուցարարներուն անարդարօրէն արգելափակած է, սակայն յետագային իմանալով սխալը ազատ արձակած է զանոնք:
    Պարագայ թիւ 4. Եզրաս վարձած է քրէագործներ Մոսկուայի մէջ այդ ժամանակ գործող հոգեւորական եւ արդարամիտ քհն. Տէր Սահակին ծեծի ենթարկելու համար: Տէր Սահակ հազիւ թէ փրկուած է մահացու ծեծէն: Ի պատիւ իրեն՝ Տէր Սահակ քաջաբար կը շարունակէ բարձրաձայնել Գարեգին Բ-ի եւ Եզրասի կողմէ «ղեկավարուող» Հայ Եկեղեցիէն ներս համատարած նեխուածութեան դէմ։
    Պարագայ թիւ 5. 2018-ի Դեկտեմբերին Լոս Անջելոսի մէջ խաղաղ ցուցարարներու դէմ կեղծ մեղադրանքներ հնչեցուցած են Արք. Տէրտէրեանի կատարածոները Յովնան Տէրտէրեանի Արեւմտեան Թեմի առաջնորդարանին առջեւ՝ խաղաղ ցոյցի վայրը: Արք. Տէրտէրեանի գործակալները փորձեցին մոլորեցնել Պըրպանքի ոստիկանութեան‘, ցուցարարներուն ձերբակալելու համար: Դէպքի վայրին մէջ գտնուող ամերիկահայ հետզոտող թղթակիցին փորձած են բռնաճնշել: Սակայն, ազատ մամուլի եւ ազատ խօսքի մասին ամերիկեան սահմանադրութեան առաջին յօդուածի ապահոված իրաւունքի պատճառով, ո՛չ Լոս Անճելոսի լրագրողը, ոչ ալ խաղաղ ցուցարարներէն որեւէ մէկը ձերբակալուած չէ: Պըրպանքի ոստիկանութիւնը բողոքի ելոյթը համարած է օրինական: Երբ կեղծ մեղադրանքներու մարտավարութիւնը չյաջողեցաւ ոտնահարել ցուցարարներուն իրաւունքները, Արք. Տէրտէրեանի գործակալները լրագրողին եւ ցուցարարներուն դէմ մահուան սպառնալիք ներկայացուցած են:
    Ըստ արժանւոյն, Արք. Տէրտէրեան, որ 1973-1974ի տարեշրջանին Լիբանանի մէջ, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան հոգեւոր ճեմարանէն դուրս վտարուած էր իր ապօրինի սեռական կապերուն համար որով ան կուսակրօնութեան իր խոստումները խախտած էր, այժմ լայնօրէն կը համարուի Գարեգին Բ-ի եւ Եզրասի գլխաւոր գործընկերը: Եւ ան Գարեգին Բ-ի Սովխոզ թիւ 4 գիւղի «Պատուաւոր քաղաքացի» է: Սովխոզ թիւ 4 գիւղը Հայ եկեղեցւոյ նեխուած «հոգեւորական» անդամներու արտադրիչ մըն է:
    Ինչ կը վերաբերի Հայաստանի մէջ եւ աշխարհի շուրջ գումարներու զանգուածային իւրացման, ապա ի՞նչ պատահեցաւ Հնդկաստանի հայ համայնքին պատկանող միլիոնաւոր տոլարներու արժեք ունեցող անշարժ կալուածներուն: Գարեգին Բն ու անոր մեղսակիցները ինպէ՞ս կրցան իւրացնել զանոնք:
    Վերեւի ցանկը Գարեգին Բ-ի, Արք. Տէրտէրեանի եւ Արք. Եզրասի կողմէ կատարուած չարագործութիւններու երկար թելին ծայրն է միայն։ Յառաջիկային՝ նոր մանրամասնութիւններ։

By Appo

One thought on “Գարեգին Բ, Արք. Յովնան Տէրտէրեան եւ Արք. Եզրաս. Արդեոք Իսկական Հոգեւորականնե՞ր են, թէ՝ Անխիղճ Խաբեբաներ”
  1. կարծում եմ, Հայաստանի Ազգային Անվտանգության ծառայությությունը պետք է օգնի իշխանություններին ճշտել հոդվածում բերված փաստերը համապատաս-խան եզրակացություն անելու համար…

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *