Ազրպէյճանի պաշտպանութեան նախարար Զաքիր Հասանով երէկ ընդունած է երկրին մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Լի Լիթցընպըրկըրը, որ անոր ներկայացուցած է Ազրպէյճանի մէջ նոր զինուորական կցորդ գնդապետ Թերի Հեմրիքը: Այս մասին կը հաղորդէ ազրպէյճանական «Մինվալ» կայքը:

Հասանով հանդիպումի մը ընթացքին անդրադարձած է նաեւ շրջանին մէջ տիրող ռազմաքաղաքական իրավիճակին:

Հասանով ընդգծած է. «Հայաստան կը շարունակէ յարձակողական քաղաքականութիւնը Ազրպէյճանի դէմ, հակառակ ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահներու` Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի լուծման ուղղութեամբ թափած ջանքերուն:

«Խաղաղ բանակցութիւնները միտումնաւոր կերպով կը ձգձգուին Երեւանի կողմէ», բողոքած է ան:

By Appo

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *