Գրեց՝ Փրօֆ. Զ.Ս. Անտրու Տէմիրճեան, Մրցանակակիր Հեղինակ/Գիտնական

Որքան ալ տարօրինակ է, ամենէն ազատ բանը, որ մենք կրնանք ընել,
մեր մանրակերտ թագաւորութեան գահը լքելն է:
Պեթ Մուր


Շրջապատուած ըլլլալով հեթանոսներով՝ 301 թուականին հայերը հաւատի ոստում կատարեցին՝ դառնալով առաջին ազգը, որ ընդունեց Քրիստոնէութիւնը որպէս պետական կրօնք՝ հռոմէական Կոնստանտին կայսեր՝ նման մշակութային փոփոխութիւն կատարելու փորձէն մօտաւորապէս քառորդ դար առաջ։ Առ ի հետեւանք, Հայ Առաքելական Եկեղեցին՝ գլխաւոր միաւորող, շարժիչ ոյժը, որ իր սփռուած ժողովուրդի կեանքի անբաժանելի մասն է, դարձած է ազգի եւ իր հզօր Սփիւռքի հարստութիւնն ու հպարտութիւնը։
Մարդկութիւնը երբէք չէ դադրած բացատրութիւններ փնտրել երկրագունդի ստեղծման եւ մարդու ծագման մասին։ Այս բացատրութիւններէն շատերը չափազանց հետաքրքրական ու գրաւիչ են, բայց Տարուինիզմի տեսութեան սկիզբէն ի վեր անոնց մեծ մասը այլեւս չեն համարուիր արժանահաւատ։ Փոխարէնը, անոնք աւելի ճշգրտօրէն կը մեկնաբանուին որպէս անցեալի մէջ մարդու՝ առեղծուածները հասկնալու մեծ ձգտումի արտացոլանքներ:
Այս յօդուածին մէջ մենք պէտք է բացայայտենք կրօնքի ծագման սկզբնակէտը եւ ցոյց տանք, թէ ինչպէս հայերը ոգեշնչուած են իրենց ներկայ կրօնքի ուսուցմամբ, ինչպէս միշտ վճռակա-նութեամբ պահպանած են իրենց եկեղեցին կործանումէն՝ անարդար հոգեւորականներուն կարգալոյծ ընելով կամ անոնց կամաւոր հրաժարականը պահանջելով:
Հայերու խորունկ կապուածութիւնը կրօնքին հետ կþերթայ աւելի վաղ ժամանակներ, քան 301 թուականը: Փաստացի, կայ ակնյայտ վկայութիւն այս պնդումը հաստատելու համար: Արեւմտեան Հայաստանի մէջ (Նեւալի Չորի, Չեյանոու, Թիլ Հոյուք, Սամոսաթ եւ այլն) նախքան օսմանեան դարաշրջանը, կատարուած հնագիտական պեղումներէն ելլելով՝ նախահայերը սկիզբ դրած են վաղ քաղաքակրթութեան՝ մասամբ հիմնուած կրօնքի վրայ: Դժբախտաբար, այս վայրերը թրքական անուններ ունին. այնուամենայնիւ, անոնք ոչ այլ ինչ են, քան Հայկական լեռնաշխարհի մէջ տեղակայուած վայրեր: Այդ իսկ պատճառով, այս տուեալները կը վերաբերին հայերուն շատ աւելի վաղ շրջանէն, մինչ թուրքերը գրաւեցին անոնց երկիրը:
Մեծ տարածք մը՝ Տիգրիս եւ Եփրատ գետերու միջեւ, ժամանակ մը ծածկուած էր գլխաւորապէս հայկական կաղնիի ծառերու անտառներով, որոնք ստեղծած էին հարուստ միջավայր բուսական եւ կենդանական աշխարհի համար: Այս վայրը կը համարուէր դրախտ նախամարդու համար, որու գոյատեւման հիմնական միջոցը որսորդութիւնն էր: Աւելի ուշ այս հարուստ միջավայրը դարձաւ արդիւնաւետ տարածք հացահատիկի մշակման եւ անասնաբուծութեան համար: Այս բանուկ տարածքները՝ գիւղերու ու քաղաքներու տեսքով, կը ծաղկէին երկու առասպէլական գետերու միջեւ՝ սկիզբ դնելով նստակեաց կեանքի, որն ալ իր հերթին բերաւ քաղաքակրթութեան ձեւաւորման, որ իր հերթին կը ներկայացնէ կանոնակարգուած կրօնքի ստեղծում:
Օրինակ, Նեւալի Չորիի պեղումները ընդունուած են որպէս «Մուտք դէպի ժամանակի մեքենայ»: Նեւալի Չորին նախամարդու ամէնահին մշտական բնակավայրերէն մէկն է, որ երբեւէ պեղուածլ է: Ան կը գտնուի Եփրատ գետի արեւելեան կողմը: Այս վայրը ունի 10,000 տարուայ պատմութիւն: Երկու փուլէ կազմուած պեղումները կատարուած են 1980-ական թուականներուն եւ 1990-ականներուն գերմանա-թրքական խումբի կողմէ: Խումբի ղեկավար Հարալդ Հոֆման այս ծրագիրը կը համարէր «Անխոչընդոտ մուտք դէպի ժամանակի մեքենայ»:
Նեւալի Չորիի մէջ կատարուած կարեւոր բացայայտումներէն էին 27 տուները: Յայտնաբերուած է, որ ան հիմնականին մէջ սնունդի պահեստաւորման համար էր, որով կը հաստատուի հացահատիկի, այծեղջերուի ու այլ վայրի կենդանիներու ոսկորներու առկայութեամբ: Յայտնագործութիւններէն ամենահետաքրքրականը քարէ տաճարն էր:
Տաճարը, որը չափուած է 45×45 ոտնաչափ, ունէր մարմարապատ յատակ: Այս սենեակի կենդրոնին մէջ յայտնաբերուած են մի քանի կրաքարէ քանդակներ: Պաշտամունքի արձան մը, որ ժամանակին կը զբաղեցնէր մի փոքրիկ որմնախորշ: Հոփմանը հաւատացած էր, որ Նեւալի Չորիի կրօնամետ բնակիչները առաջին հերթին գրաւուած եղած են տարածքով եւ ցանկացած հաստատուիլ այնտեղ եւ միայն աւելի ուշ սկսած են այդ տարած-քի մէջ զբաղուիլ հողագործութեամբ:
Նեւալի Չորիի քարէ տաճարի կենդրոնին մէջ բարձր սիւն մը դեռ եւս կանգուն է, որ կարծես երկու ձեռք ունի: Կը թուի՝ սիւնակը կը ներկայացնէ խիստ արհեստական ոճաւորուած մարդկային կերպարանք: Հաւանական տեսութիւն մը կը բացատրէ, որ «Նեւալի Չորին ծառայած է որպէս կրօնական կեդրոն ցեղի մը համար, որ արդեն իսկ ուներ ցեղապետերու, քրմապետերու, որսորդներու, ագա-րակատէրերու եւ արհեստաւորներու դասակարգում»: Ուստի, կրնանք ըսել, որ նախահայերու հետաքրքրութիւնը դէպի կրօնը ունի 10,000 տարուայ վաղէմութիւն: Կրնանք նաեւ վստահ-օրէն պնդել, որ հայերը առաջինն էին, որ ունէին հաստատուած կրօնք:
Ինչպէս գիտէք, ի տարբերութիւն կարճ կեանք ունեցող պաշտա-մունքներու՝ աշխարհի մէջ կրօնքներու մեծ մասը նոր չեն: Աշխարհի հիմ-նական կրօնքները գոյութիւն ունեցած են հազարաւոր տարիներ: Այս ընթացքին անոնք փորձած են իրենց հետեւորդներուն բացատրել աշխարհի ու կեանքի իմաստը: Կþըսեն, որ մարդոց 75 տոկոսը հիմա կը հետեւի հաստատեւած կրօնքի, որուն նախաձեռնողները եղած են նախահայերը:
Եթէ հայացք նետենք անցեալին վրայ, ապա կը տեսնենք, որ կրօնքը հզօր ոյժ եղած է աշխարհի պատմութեան կերտման համար եւ ոգեշնչած է ստեղծելու հիասքանչ շինութիւններ, նկարներ ու երաժշտութիւն: Նոյն կերպ՝ Հայաստանի մէջ կրօնքը մօտ 2,000 տարի մեծապէս նպաստած է հարուստ մշակոյթի ստեղծման: Բաւական է ըսել, որ կրօնքի ոգեշնչմամբ ստեղծուած է հայկական ճարտարապետութեան իւրայատուկ ոճը, որ կիրառուած է սրբատեղիներու կառուցման մէջ: Մինչ որոշ կրօնքներ իրենց հիմնային օրէնքները ենթարկած են բարեփոխումներու ու վերափոխումներու, Հայ Առաքելական Եկեղեցին միշտ աներեր կանգուն եղած է Ճիպրալթարի ապառաժի պէս՝ տարիներու ընթացքին չենթարկուելով որեւէ փոփոխութեան:
Իր երկարատեւ պատմութեան ընթացքին մօտ 132 կաթողիկոս գլխաւորած է Հայ Առաքելական Եկեղեցին: Քանի որ մենք գործ ունինք մարդկային էակներու հետ, անոնցմէ ոմանք ապացուցեցին, որ հոգեւոր առաջնորդներ են, իսկ ոմանք ալ շեղուեցան ճիշտ ուղիէն՝ տարուելով նիւթական գրաւչութիւններով:
Իր երկարատեւ պատմութեան ընթացքին Հայ Առաքելական Եկեղեցին ունեցած է վերիվայումներ իր անպիտան, եսասէր, ամբողջապէս կոռումպացուած կաթողիկոսներու պատճառով՝ չարագործութեան ամենալայն իմաստով ըսուած: Անազնւութեան սահմանը կþանցնէր եկեղեցական գործերու թերի կառավարումէն մինչեւ անբարոյական գործերու մէջ ներքաշուիլը: Ցաւոք, ոմանք պէտք է հեռացուէին, միւսները ստիպուած էին հրաժարական տալ՝ իրենց ետեւէն լսելով ողջ հայութեան կողմէ կատարուած արտայայտութիւնը՝ «Լաւ պրծանք»:
Ինչպէս գիտէք, մեր ներկայ կաթողիկոսը Հայ Առաքելական Եկեղեցիի գերագոյն ղեկավար Գարեգին Բ-ն է: Ցաւոք, ան ներգրաւուած է վիճայարոյց հարցերու մէջ՝ եկեղեցւոյ գոյքի կառավարման եւ իր անձնական կեանքի վարման առնչութեամբ:
Քրիստոնէութեան ընդունումէն ի վեր, Հայաստան խնդիրներ ունեցած է 15 կաթողիկոսներու հետ: Անոնցմէ հինգը հեռացուած են, իսկ մնացած տասը ստիպուած եղած են հրաժարական տալու: Առաջին կաթողիկոսը (Քրիստափոր Բ Ապահունի) հրաժարական տուած է 630 թուականին, իսկ վերջինը (Եփրեմ Ա Ձորագեղ)՝ 1830 թուականին: Անոնցմէ, որոնք հեռացուած էին առաջինն էր (Վահան Ա Սիւնի) 969 թուականին, վերջինը (Դաւիթ Ե Ղորղանեան)՝ 1807 թուականին: Յուսանք, որ ոչ ոք ժամանակէն շուտ չի հեռացուիր, փոխարէնը կþընտրէ արժանապատիւ հրա-ժարականի ուղին:
Մարդն առանց հաւատքի չի կրնար գոյակցիլ եւ որեւէ բարձր քաղաքակրթութեան ամենաթանկ զարդը պատշաճութեան համակարգն է, որ կը կազմէ կենսագործունէութեան հիմքը: Որեւէ նման համակարգի ոյժը կը կայանայ այն բանինբ մէջ, որ կրնայ շարունակել ծառայել որպէս բարոյական ոյժ եւ միեւնոյն ժամանակ հարմարուիլ տիեզերքի եւ անոր մէջ իր տեղի մասին մարդու գիտելիքներու փոփոխման:
Հայ Առաքելական Եկեղեցին միանգամայն վառ օրինակ է: Հազուադէպ է, որ հաւատացեալները թերահաւատօրէն կը վերաբերուին անոր հետ: Թէ արդեո՞ք մեր որոշ հոգեւորականներու դէմ չարաշահման մեղադրանքները ճշմարի՞տ են կամ՝ կեղծ, մենք պէտք է կարեկցինք ու ըմբռնում ցուցաբերենք անոնց նկատմամբ: Ի վերջոյ, անոնք մեր նման մարդկային էակներ են, եւ Աստուած է որ ոնոնց պիտի դատապարտէ իրենց յանցանքներուն համար: Օրինակ, մեր ներկայ քահանայապետը հաւատացեալներուն բաժանած է երկու խումբի: Անոնք, որոնք կþուզեն, որ ան հրաժարական տայ, եւ անոնք, որոնք կը ցանկան, որ ինքը մնայ: Պէտք է յիշենք, որ եթէ ճիշտ է պահանջել առաջնորդէն հեռանալ, ապա իրապէս սխալ է վիրաւորել մարդուն՝ յատկապէս հասարակայնօրէն, ինչպէս այդ ցաւոք կþընեն ոմանք փողոցի մէջ բացայայտ՝ աւազակներու նման: Մենք պէտք է լուծենք մեր ներքին խնդիրները զիջումներով եւ պէտք է հաշուի առնենք այդ գործընթացի աշխարհաքաղաքական հետեւանքները, եւ որ այդ կրնայ ինչ-որ կերպ նուաստացնել Հայաստանը եւ ողջ հայութիւնը:
Ինչպէս կþերեւի, մարդը ստեղծած է կրօնքը ի նպաստ հաւատքի: Հաւատքը անցեալի, ներկայի եւ ապագայի յոյսի աղբիւր է: Հաւատքը եղած է մարդկութեան փրկութիւնը բնական աղէտներէն, ինչպէս են վայրի հրդեհները եւ մարդկային ճգնաժամերէն, ինչպէս են պատերազմները: Հետաքրքրասէրներու եւ հաւատացեալներու մօտ շատ հարցեր կը յառաջանան: Ճի՞շտ է, որ մեր որոշ հոգեւորականներու դէմ մեղադրանքները, որ ունին մեծ չափով գումարի գաղտնի հաշիւներ: Ի՞նչ կþըսէք անոնց աշխարհիկ կեանքի մասին կամ ինչպէ՞ս կþըլլայ, որ պետութեան եւ կրօնքի բաժանումը քարոզելով՝ անոնք դարձան Հայաստանի իշխող դասակարգի՝ օլիգարխիայի, մէկ մասը: Արդեո՞ք կան ապացոյցներ այս օրինազանցութիւններու վերաբերեալ:
301-ի դրութեամբ, հայերու մեծամասնութիւնը բարեպաշտ քրիստոնյաներ էին եւ կը հանդիսանային Հայ Եկեղեցւոյ անդամ, Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ, որ գլխաւոր եւ ամենահին քրիստոնէական եկեղեցիներէն մեկն է: Այն հիմնադրուած է առաջին դարին մէջ, իսկ 301-ին դարձաւ առաջինը, որ քրիստոնէութիւնը ընդունեցաւ որպէս պետական կրօնք: Ըստ Pew Research հրատարակութեան 2018 թուականի Դեկտեմբեր ամսուայ արդիւնքներուն, Հայաստանը 34 եւրոպական երկրներու մէջ երկրորդ ամենակրօնասէրն է (առաջինը՝ Ռումանիան, իսկ Էստօ-նիան‘ վերջինը): Հայազգի չափահասներու 76% -ը հաղորդած է, որ անվե-րապահօրէն կը հաւատայ Աստուծոյ: Այս նուիրուածութիւնը հիացմունքի արժանի է, երբ կը յիշես 1915-ի Ցեղասպանութիւնը. վերապրածներէն շատերը կը մտածէին, որ եւրոպացիները եւ Աստուած լքած են իրենց՝ թողնելով անբարեխիղճ կտտանքներու մէջ միայն անոր համար, որ կþուզէին իրենց նախնիներու հողերուն վրայ ապրիլ:
Pew Research-ի վերջին հետազոտութեան արդիւնքը կը հաստատէ այն գաղափարը, որ Հայաստանը սկսած է առնչուիլ կրօնքի հետ, երկրագունդի վրայ քաղաքակիրթ կեանքի ձեւաւորումի սկսումով: Առ ի հետեւանք, անոնք չեն հանդուրժեր ոչ մէկ ամօթաբեր քայլ եկեղեցւոյ նկատմամբ: Ի տարբերութիւն կաթողիկէ եկեղեցւոյ ամենօրեայ սկանդալներէն, Հայաստանի նմանատիպ խնդիրները համեմատաբար առտառոց չեն:
Չարաշահումներու մասին պնդումները կրնան ըլլալ եւ սխալ: Ապացոյցի ծանրութիւնը մեղադրեալ-ներու ուսերին է, որ փորձեն հերքել զանոնք: Այլապէս լռութիւնը կը համարուի որպէս մեղաւորութիւն: Արդարացնելու համար, պէտք է մեղադրանքներն ուսումնասիրել, ոչ թե վարկաբեկել լրագրողներուն, ակտիվիստներուն, ինչպէս ըրին USA Armenian Life Magazine-ի Գլխաւոր Խմբագիր եւ Հրատարակիչ պարոն Աբօ Չափարեանի հետ, որ կը կատարէ իր՝ լուրեր հաղորդելու մասնագիտական պարտա-կանութիւնը, ըլլան անոնք լաւ կամ վատ: Քաղաքացիական հասարակութեան մէջ ժողովրդա-վարութիւնը կը սատարէ խօսքի եւ մամուլի ազատութեան: Իսկ պարոն Չափարեանը կþօգտուի այդ ազատութենէն իր ընթերցողներուն իրազեկ պահելու համար: Անտեղի յարձակում ընդդէմ համայնքի ձայնին ոչ միայն սխալ է, այլ նաեւ պատժելի՝ օրէնքի ողջ ուժով:
Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ գագաթնագլուխը խաչմերուկի վրայ է: Կամ պէտք է շարունակել սկանդալներու ճանապարհը, կամ պարզապէս քաղաքավարի ձեւով հրաժարական տալ: Ի վերջոյ, մեղաւոր անձի հրաժարականը կամ պաշտօնալքութիւնը ունի առեղծուածային ոյժ‘ կեցնելու խնդրայարոյց իրավիճակը:
2019 թ. Յունիսի 23-ին Քալիֆոռնիոյ Պըրբանք քաղաքի մէջ գտնուող Սբ. Ղեւոնդ տաճարի մէջ, Սուրբ Էջմիածնի տօնին նուիրուած տօնակատարութեան ընթացքին Հայ Եկեղեցւոյ բարձրաստիճան պաշտօնեաներու կողմէ նախաձեռնած է Սբ. Էջմիածնի տաճարը բարեկարգելու համար միջոցներու հաւաքագրման համաշխարհային քարոզարշաւի պաշտօնական մեկնարկը: Անոր նպատակը այն՝ որպէս սրբավայր եւ Հայ Եկեղեցին որպէս գերագոյն կենդրոն պահպանելն էր:
Ընտրուած ըլլալով Ն.Ս.Օ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոս Գարեգին Բ-ի կողմէ՝ Սրբազան Արքեպիսկոպոս Յովնան Տէրտէրեանին յանձնառութիւն տրուած է գլխաւորել համաշխարհային ֆինանսաւորման ծրագիրները Սբ. Էջմիածնի տաճարի վերանորոգման համար Սփիւռքի հայոց թեմերէն նուիրատւութիւններ հաւաքելու համար:
Հիմա կը խնդրեմ ուշադիր կարդալ հետեւեալը. «Էջմիածինն Աստծոյ եւ մեր աղօթքներու տունն է այսօր եւ ապագայ սերունդներու համար»,- յայտարարեց Արքեպիսկոպոս Տէրտէրեան օրուայ պատարագը մատուցելով,-«Այն կը համախմբէ մեր ժողովուրդի զաւակներուն աշխարհի չորս անկիւններէն»:
Արք. Տէրտէրեան շարունակեց, որ «Եթէ իւրաքանչիւր հայ ներդրում կատարէ, մենք յաջողութ-եան կը հասնինք այս գործին մէջ, եւ Աստուծոյ լոյսը կը մնայ Էջմիածնի մէջ»: Այնուհետեւ ան աւելի յստակօրէն յայտա-րարեց. «Եկեղեցիին մէջն է, որ մենք կը զգանք մեր հայրե-նիքի եւ սուրբ հաւատի շունչը, եւ որտեղ մեր երեխաներուն կþուսուցանենք հայոց լեզուն, կրօնքը եւ մշակոյթը»:
«Որպէսզի մեր երեխաներուն ուսուցանենք հայոց լեզուն, կրօնքը եւ մշակոյթը, միթէ՞ մեր եկեղեցիէն ներս մենք պէտք չէ՞ ունենանք դրական օրինակելի կերպարներ, որ խթանեն եւ ներկայացնեն թափանցիկութիւնը, ազնւութիւնը, հաշուետւողականութիւնը, եւ որ ամեն բանէ վեր՝ հոգեւորականութիւնը՝ ի հեճուկս նիւթապաշտութեան»: Կը թուի որ աւելի դիւրին է քարոզել, քան գործադրել այդ արժեքաւոր յատկութիւնները:
Հակամարտութեան մեջ ներգրաւուածներու ցանկասէր մտածելակերպի հետեւանքով այս ամենը կրնայ պիտակաւորուիլ որպէս «վհուկներու որսարդութիւն»: Հաւատացեալներու դժգոհութիւնը հիմնաւոր է. ան չի դադրիր, եթէ մօտ ապագային բարեփոխումներ չձեռնարկուին: Հաւատացեալներու մէջ պառակտումը կրնայ պատճառ դառնալ լքելու Հայ Առաքելական Եկեղեցին: Եհովայի վկաներու եւ Մարմոններու («Վերջին Օրերու Սուրբերու Եկեղեցի») ներխուժումը Հայաստան երկու վառ օրինակներ են: Մարմոններու աւետարանչական գործունէութիւնը համատարած կը դառնայ Հայաստանի մէջ: Աշխարհի մէջ բոլոր քրիստոնէական աղանդներէն, այս մէկը ամենահարուստն ու արագ զարգացողն է: Հետեւաբար, մենք պէտք է հաշւի առնենք կորուստը՝ կրկին մեր եկեղեցին դարձնելով բարեպաշտութեան եւ բարոյականութեան հիմք:
Հաւատացեալներու կողմէ հայ ժողովուրդի կրօնական կարիքները հոգալու համար պիտանի չհամարուող հոգեւորա-կաններու հրաժարականը պահանջելու ենթատեկտսի վրայ, այդ աստուածահաճոյ քայլ կþըլլար: Որպէս օրինակ կրնարր ծառայել մեր քահանայապետի կամ արքեպիսկոպոսի հրաժարականը՝ ի շահ հաւատացեալներու միասնութեան:
Իւրաքանչիւր հաւատացեալ պէտք է ձգտի պաշտպանել Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ արժանապատւութիւնը, երբ այն կþիյնայ մոլորուած, եսակենդրոն, այսպէս կոչուած հոգեւոր առաջնորդներու ձէռքը: Մեր երեխաները պէտք է ունենան ոգեշնչող օրինակելի կերպարներ, որ կը դրդեն իրենց հետամուտ ըլլալ ունենալու արդար վարքագիծ: Կարճ ըսած, աստուածահաճոյ քայլ կþըլլայ պաշտօնալքել՝ ի շահ հայ ազգի, քան պաշտօնազրկուելով խայտառակուիլ այն պարագային, եթէ պարզուի, որ մեղադրանքները ճիշտ էին: Այսպիսով, այդ քայլը կը ստիպէ Հիմնադիր Հայրապետ եւ Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ առաջին քահանայապետ Սուրբ Գրիգոր Լուսավորիչին Երկնային Արքայութեան մէջ ըլլալու՝ տեսնելով իր աշխարհահռչակ տաճարը եւ իր թեմը մաքրուած որոշ հոգեւորականներու մեղքերէն որոնք ճամբէն շեղած են:

By Appo

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *