Քալիֆորնիա նահանգի Կլենտէյլ քաղաքին մէջ պիտի կառուցուի Հայ-ամերիկեան թանգարան: Այս մասին, ըստ Armenpress.am-ի, այսօր կայացած մամուլի ասուլիսին ընթացքին յայտնած է Լոս Անճելըսի մարզի ներկայացուցիչ Քաթրին Պարկըր:
«Արդէն նուիրաբերութիւններ կան, Լոս Անճելըսի մարզին կողմէ նուիրաբերուած է 1 միլիոն տոլար, իսկ Քալիֆորնիա նահանգին կողմէ 5 միլիոն տոլար՝ ուղղուած թանգարանի ծախսերուն: Յոյս ունիմ, որ անիկա շատ յաջող նախագիծ պիտի ըլլայ բոլորի համար»,- ըսած է Քաթրին Պարկըր:
ԱՄՆ Արեւմտեան շրջանի Հայ Դատի յանձնախումբի ատենապետուհի Նորա Յովսէփեան, իր հերթին տեղեկացուցած է, որ հիմա հանգանակութեան փուլն է: Յառաջիկային պիտի սկսին շինարարական աշխատանքները: Ան յոյս յայտնած է, որ թանգարանը պատրաստ պիտի ըլլայ յառաջիկայ հինգ տարուան ընթացքին:
