Միացեալ Նահանգներու նախագահի դեմոկրատական թեկնածուներէն Պըռնի Սանտըրս յայտնած է, որ պատրաստ է ճանչնալու Հայոց ցեղասպանութիւնը:
«Արմէնփրես» կը հաղորդէ, որ ան այս մասին յայտնած է 26 յուլիսին Լոս Անճելըսի մէջ տրուած մամլոյ ասուլիսի ընթացքինխոստանալով ընտրուելու պարագային 24 ապրիլին նախագահի ուղերձին մէջ օգտագործել «ցեղասպանութիւն» եզրը
ի տարբերութիւն նախորդ նախագահներուն, որոնք չյարգեցին իրենց ընտրական խոստումը:
«Դուք դէմ պիտի կանգնի՞ք Թուրքիոյ կառավարութեան եւ պաշտօնապէս պիտի օգտագործէ՞ք «ցեղասպանութիւն» բառը» «ՄասիսՓոսթ»-ի հարցումին, Միացեալ Նահանգներու Ծերակոյտի անդամը նշած է. «Այո՛, ես կը կարծեմ, որ այս բանավէճը աւարտած է»:
Պըռնի Սանտըրս գործող ծերակուտականներ Ռապըրթ Մենենտեսի եւ Թետ Քրուզի նախաձեռնած Հայոց ցեղասպանութեան բանաձեւի համահեղինակներէն մէկն է:
