Պաշտօնական այցելութեամբ Վրաստան գտնուող Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Զոհրապ Մնացականեանն եւ անոր գլխաւորած պատուիրակութիւնը 25 յուլիսին հանդիպում ունեցան Վրաստանի խորհրդարանի նախագահ Արչիլ Թալաքվածէի հետ: Հանդիպումին մասնակցած են նաեւ Վրաստանի խորհրդարանի փոխնախագահ, Վրաստան-Հայաստան բարեկամութեան խումբի ղեկավար Կէորկի Վոլսքին, խորհրդարանի արտաքին յարաբերութիւններու յանձնախումբի նախագահ Սոֆիօ Քացարավան, Վրաստան-Հայաստան բարեկամութեան խումբի անդամներ Ռուսլան Պօղոսեանն ու Սամուէլ Մանուկեանը:
Նախարար Մնացականեան վերահաստատած է Հայաստանի յանձնառութիւնըաւելի ամրապնդելու հայ-վրացական բազմադարեան բարեկամական յարաբերութիւնները: Այս պարունակին մէջ կողմերը գոհունակութեամբ ընդգծած են խորհրդարանական դիւանագիտութեան աշխուժ դերակատարութիւնը իբրեւ Հայաստանի եւ Վրաստանի օրէնսդիր մարմիններուն միջեւ հաստատուած արդիւնաւէտ հարթակ: Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարն ու Վրաստանի խորհրդարանի ղեկավարը կարեւոր նկատած են նաեւ երկու երկիրներու խորհրդարաններուն մէջ գործող յանձնախումբերուն միջեւ պարբերական հանդիպումներու կայացումը:
Զրուցակիցները առանձնայատուկ կերպով ընդգծած են վիրահայ համայնքին կարեւոր դերակատարութիւնը ինչպէս Վրաստանի հասարակական-քաղաքական կեանքին մէջ, այնպէս ալերկու դրացի եւ բարեկամ ժողովուրդներու ու պետութիւններու յաւելեալ մերձեցման առումով: Զոհրապ Մնացականեան եւ Արչիլ Թալաքվածէ միտքեր փոխանակած են շրջանային կայունութեան եւ անվտանգութեան հարցերու վերաբերեալ: Նախարար Մնացականեան ներկայացուցած է Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի խաղաղ լուծման հոլովոյթին մէջ Հայաստանի սկզբունքային դիրքորոշումը եւ մօտեցումները շեշտելով խաղաղ հոլովոյթի յառաջ մղման համար համապատասխան մթնոլորտի ձեւաւորման առաջնահերթութիւնը:
Հանդիպումի աւարտին նախարար Մնացականեան գրառում կատարած է Վրաստանի խորհրդարանի պատուոյ հիւրերու մատեանին մէջ:

By Appo

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *