ԱԲՕ ՉԱՓԱՐԵԱՆ
Գործադիր Հրատարակիչ եւ Գլխաւոր Խմբագիր՝
«ՀԱՅ ԿԵԱՆՔ»-ի եւ USA Armenian Lifeի

2018-ի Դեկտեմբեր 1էն մինչեւ 2019-ի Յուլիս 31-ի ժամանակահատուածը աննախադէպ եղաւ «ԱՄՆ Հայ Կեանք»ի եւ USA Armenian Life Magazine շաբաթաթերթերու 35-ամեայ պատմութեան մէջ։
Այս գրողը հետազօտական յօդուածներու շարք մը ստեղծելու մտադրութիւն չունէր, երբ 2018-ի Դեկտեմբերին ան հրապարակեց իր երկու նախնական հետազօտական յօդուածները Հայ Եկեղեցւոյ Նեխուածութեան եւ մասնաւորապէս՝ Արք. Յովնան Տէրտէրեանի Արեւմտեան թեմէն ներս տիրող նեխուածութեան մասին:
Սակայն, երբ թեմէն երեք տղամարդիկ մահուան սպառնալիք տուին այս գրողին դէմ եւ համայնքի կողմէ իմացուեցաւ այդ մասին, շատ աւելի մեծ թիւով մարդիկ յառաջ եկան՝ աւելի շատ ապացոյցներ յայտնելով նեխուածութեան վերաբերեալ:
Հարցումն այն էր, արդեո՞ք «ԱՄՆ Հայ Կեանք» պէտք է անտեսէր զանոնք եւ դադրեցնէր յօդուածներու հրատարկութիւնը հանուն համայնքի ներքին խաղաղութեան, ընթերցողներու կենսական տեղեկատւութեան իրաւունքները անտեսելու գնով: Պատասխանը ակնյայտ է: Ժամանակի ընթացքին աւելի ու աւելի շատ մարդիկ սկսեցան յառաջ գալ նոր տեղեկատւութեամբ եւ ապացոյցներով:
Պէտք է գիտակցիլ Արեւմտեան Թեմի արդարամիտ անդամներու, աջակիցներու եւ կարեւոր անհատներու նուիրուածութեան՝ լոյսին բերելու Արեւմտեան Թեմի մէջ առկայ նեխուածութեան վերաբերեալ փաստեր եւ ապացոյցներ: Ինչպէս ընթերցողներուն կը պարզուի՝ ապացոյցներ տրամադրողներու ինքնութեան գաղտնիութիւնը մշտապէս երաշխաւորուած է «ԱՄՆ Հայ Կեանք»ի կողմէ:
Մինչեւ հիմա արդեն հազարաւոր ընթերցողներ տեղեկացած են Արք. Յովնան Տէրտէրեանի Արեւմտեան թեմէն ներս նեխուածութեան վերաբերեալ:
Հետազօտական լրագրութեան առաջին գիծերու վրայ ոչինչ հնարաւոր չէ իրագործել, եթէ ընթերցողներու զգալի մասը չþաջակցիր հանրային գիտակցութեան բերելու այնպիսի հիմնական խնդիրներ, ինչպիսիք են՝ նեխուածութիւնը Արեւմտեան Թեմի առաջնորդներու, հոգեւորականներու եւ աշխարհականներու շրջանակէն ներս:
Թող թուանշաննները բարձրաձայնեն արդիւնքը:
Հետազօտական լրագրութեան այս նոր փուլի սկզբէն՝ 2018ի Դեկտեմբեր 1-էն մինչեւ 2019 թուականի Յուլիսի 31-ը,

  • USA Armenian Life Facebook էջի «Like»երը 2018 թուականի Դեկտեմբերի սկզբի 20,000-էն ցատկեցան մինչեւ 24,629 այս տարուայ Յուլիս ամսին;
  • Այս ժամանակներուն, երբ տպագիր մամուլի ընթերցողներոուն թուաքանակը կը նուազի շատ մը լրատուամիջոցներու շրջանակէն ներս, «ԱՄՆ Հայ Կեանք» եւ USA Armenian Life Magazine շաբաթաթերթերու տպագիր տարբերակներու պարագային նոր բաժանորդագրութիւնները աճած են ամսական 18%-ով՝ նախորդ տարուայ նոյն ժամանակահատուածի համեմատ: Բաժանորդ դառնալու համար նոր ընթերցողներու թիւը աճած է 20%-ով; Եւ գովազդի եկամուտները աճած են 3%-ով:
  • Շաբաթական առցանց ընթերցողներու թիւը գերազանցած է 180,000-ը՝ շաբաթական էլեկտրոնային մասսայական սփռումներու, կայքէջի եւ ընկերային լրատուամիջոցներու միջոցով:
    Հետազօտական յօդուածներու շարքի վարկանիշը աննախընթացօրէն բարձր մակարդակի է, քանի որ ի սկզբանէ հանրաճանաչ եղած է հիմնական շարժումը՝ որ կը հետապնդէ Տէրտէրեանէն փրկելու Արեւմտեան Թեմը:
    Շարժումին ժողովրդականութիւնը մէկ գիշերուայ մէջ չþստեղծուեցաւ: Ան սկսաւ 2014-ին, երբ հիմնականին մէջ, թեմի հին ամերիկահայ անդամներն ու կողմնակիցները նկատեցին Արք. Տէրտէրեանի եւ իր զինակիցներու կողմէ կատարուած հանցանքները: Շարժումը նոր թափ ստացաւ 2016-ին՝ Սան Տիեկոյ, Քալիֆոռնիոյ մէջ առ ի հետեւանք Տէրտէրեանի կողմէ մեծապէս սիրուած քահն. Տաթեւ Թաթուլեանի հանդեպ կոպիտ եւ չարամիտ վերաբերմունքի պատճառով:
    Հետեւաբար, վարկի առիւծի բաժինը կþերթայ բազմաթիւ հին՝ երրորդ, չորրորդ եւ հինգերորդ սերունդի ամերիկահայերու: Այս գրողը միանշանակ կրնայ ըսել, որ անոնք եղած են եւ կը շարունակեն մնալ աշխարհի հայ բնակչութեան ամենաառողջ հատուածը: Հաւաքականօրէն անոնք մեծամասնութեամբ կողմնակից են կարգապահութեան, ազնուամտութեան, թափանցիկութեան եւ հաշուետւողականութեան: Անոնք չեն միտիր ներկուսակցականութեան եւ հեռու կը մնան ու չեն ներքաշուիր ներքին կռուարարութեան եւ մանր անձնական խնդիրներու մէջ:
    Եւս մէկ լաւ լուր. ամերիկահայութեան այժմ կը միանան աւելի մեծ թիւով այլ արդարամիտ ամերիկահայեր, որոնք Ամերիկայի մէջ կը գտնուին արդեն աւելի քան 30, 40 եւ 50 տարի: Ուրիշներ եւս կը միանան՝ Հայաստանի անկախութեան սերունդէն, Եւրոպայէն, Հարաւային Ամերիկայէն, Աւստրալիայէն եւ Միջին Արեւելքէն անկախութեան սերունդի անդամ հայեր, որոնք իրականացուցած են Թաւշեայ Յեղափոխութիւնը:
    Մէկ այլ լաւ լուր. Մինչ «ԱՄՆ Հայ Կեանք»ի հոգեւորականութեան նեխուածութեան վերաբերեալ հետազօտական լրագրութեան այս նորագոյն փուլը կը թեւակոխէր իր 3-րդ ամիսը 2019-ի սկզբին, նոր անհատներ առաջ եկան ու նոր ապացոյցներ ներկայացուցին Արք. Տէրտէրեանի կողմէ կատարուած հանցանքներու վերաբերեալ եւ այնպիսի նոր զոհերու անուններ պարզուեցան ինչպիսիք են՝ պարոն Յարութ Աղա Սարգիսեան, պարոն Յարութ Հալաջեան եւ Դոկտ Պետրոս Տաղլեան։ Այս վերջին զարգացումով շարժումը սկսաւ աւելի մեծ թափ ստանալ:
    2005-ին Թեմէն ներս իրենց վարձակալութեան պայմանագրով պարոն Հալաջեան եւ պարոն Աղա Սարգիսեան ստիպուած եղած են դատարան դիմել եւ Արք. Յովնան Տէրտէրեանի դէմ եւ դատական կարգով հետապնդել իրենց իրաւունքները: Արք. Յովնան Տէրտէրեանի կողմէ սովորութիւն դարձած է բարերարներու ենթարկել օրինական իրաւունքներու հափշտակման՝ դրդելով մաշեցուցիչ դատական գործեր: Թեմը կորսնցուց դատը եւ իրաւաբանական աւելի քան 300 հազար տոլարի հասնող բոլոր ծախսերը վճարեց:
    2018-ին՝ Արք. Տէրտէրեան եւ Հոլիուտի Սուրբ Յովհաննու Կարապետի հովիւ Մանուկ Մարգարյան, երկուքն ալ ձախողած հոգեւորականներ որոնք դարձած են ձախողած գործարարներ, համատեղ ջանքերով փորձեցին անարդարօրէն Դոկտ. Պետրոս Տաղլեանին կողոպտել մի քանի միլիոն տոլարի գումարներով, փորձելով վերջինիս իրաւունքները ոտնահարել: Դոկտոր Տաղլեան դատարան գնաց: Արեւմտեան Թեմը կորսնցուց եւ դատաւոր Համըքի կողմէ Թեմին վճռուեցաւ Դոկտոր Տաղլեանին վճարել բոլոր օրինական ծախսերը: 2019-ին նոյն զոյգը միջնորդեց դատարան, այս անգամ՝ հայց ներկայացնելով ընդդէմ դատարանին, որ իբրեւ թէ դատաւոր Համըք «կողմնակալութիւն» ըրած է իրենց դէմ: Անոնք դարձեալ կորսնցուցին եւ կրկին անգամ կարգադրուեցան վճարել Դոկտ. Տաղլեանին բոլոր օրինական վճարները:
    «ԱՄՆ Հայ Կեանք» եւ USA Armenian Life Magazine շաբաթաթերթերու ընթերցողները տեղեակ են, որ այս առաջին դէպքը չէ, երբ այս գրողը կը հրապարակէ հետազօտական յօդուածներ՝ տարբեր հայ նեխացուած անձաւորութիւններու գործունէութեան մասին: Բազմաթիւ յօդուածներ լոյս տեսած են առնուազն երկու տասնամեակներու ընթացքին: Ցանկը շատ երկար է եւ կարելի չէ այս յօդուածին մէջ զանոնք տեղաւոր:
    Յօդուածներու թեման այնպիսի անձեր էին, ինչպիսիք էին ՀՀ Նախ. Ռոբերտ Քոչարյանի մօտ արտգործնախարար Վարդան Օսկանեան, «Սիվիլիթաս»ի նախկին վարիչ տնօրէնուհի եւ ԱՄՆ-ի «Իւ.Էս.Սի.» (USC) համալսարանի հայագիտական ուսումնասիրութիւններու հիմնարկի ներկայ վարիչ տնօրէնուհի Սալբի Ղազարեան, ՀՀ Նախ. Սարգսյանի մօտ Հայաստանի Շրջուն Դեսպան Արկադի Ղուկասեան, Ամենայն Հայոց Կաթողիկոս Գարեգին Բ-ն եւ Արք. Յովնան Տէրտէրեան, ի թիւս այլոց:
    Ամեն ինչ ըսելէ եւ ընելէ յետոյ Արեւմտեան Թեմի համայնքը պիտի դառնայ ամբողջ աշխարհի հայ բնակչութեան ամենաառողջ հատուածներէն մէկը:
    Ինչո՞ւ պետք է, որ ազատ եւ անկախ մամուլը շարունակէ լսել ընթերցողներուն: Ընթերցողները իրաւունք ունին տեղեկացուած ըլլալու այն հարցերու մասին, որոնք կրնան ազդել իրենց հաւաքական կեանքին եւ ընդհանուր ապագային վրայ: Ի՞նչ կը վերաբերի մեր վաղեմի խմբագրական քաղաքականութեան՝ երբ ընթերցողները կը խօսին, «ԱՄՆ Հայ Կեանք»ի եւ USA Armenian Life Magazine շաբաթաթերթերու խմբագիրները ուշադիր կը լսեն:

By Appo

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *