«Հորիզոն» կը հաղորդէ, թէ երկուշաբթի, 29 յուլիս 2019-ին, Մոնրէալի Հայ կեդրոնին մէջ, Քանատայի Հայ դատի յանձնախումբի ներկայացուցիչները հանդիպում ունեցան Քանատայի Ժառանգութեան եւ մշակոյթի նախարար Փապլօ Ռոտրիկեզի հետ: Մէկ ժամուան տեւողութեամբ հանդիպումին քննարկուեցան Հայ դատի յանձնախումբին յառաջիկայի ծրագիրները, այլ համայնքներու հետ փոխադարձ յարաբերութիւններու ընթացքը, Հայաստան-Քանատա երկկողմանի յարաբերութիւններն ու քաղաքական գետնի վրայ յանձնախումբին առաջնահերթութիւնները:
Նախարար Փապլօ Ռոտրիկեզ բարձր գնահատեց Քանատայի հայ համայնքին ներդրումըզանազան ոլորտներու մէջ, ինչպէս նաեւ նախարարութեան յառաջիկայ ծրագիրներուն մասին մանրամասն տեղեկութիւններ ներկայացուց: Երկու կողմերը խոստացան շարունակել համագործակցութիւնն ու երկխօսութիւնը քննարկուող հարցերն ու քանատահայ համայնքին վերաբերող ծրագիրները հետապնդելու ի խնդիր:
Պատուիրակութեան մաս կը կազմէին Քանատայի Հայ դատի յանձնախումբի ներկայացուցիչ Մհեր Գարագաշեան, Հայ դատի Օթթաուայի գրասենեակի գործավար Սեւակ Պէլեան եւ Հայ դատի Շրջանային յանձնախումբի անդամ Յարութ Դաւիթեան:

By Appo

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *