2 օգոստոսին Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարութեան վարչական համալիրին մէջ հիւրընկալուած են սփիւռքի երիտասարդ առաջնորդներու վերապատրաստման դասընթացքին մասնակիցներըսփիւռքի գործերու գլխաւոր յանձնակատար Զարեհ Սինանեանի գլխաւորութեամբ: Անոնք ընդունուած են Հայաստանի պաշտպանութեան նախարար Դաւիթ Տօնոյեանի կողմէ: Խօսելով նմանօրինակ հանդիպումներու կայացման արդիւնաւէտութեան մասին նախարարը ընդգծած է անոնց կարեւորութիւնը Հայաստան-սփիւռք կապերը ամրապնդելու եւ սփիւռքի համայնքներուն մէջ երիտասարդական ներուժը առաւել համախմբելու համար` ի նպաստ Հայաստանի պաշտպանական եւ անվտանգային խնդիրներու լուծման:
Հանդիպումի ընթացքին սփիւռքի երիտասարդ առաջնորդներուն ներկայացուած է Հայաստանի պաշտպանական քաղաքականութիւնը, առկայ անվտանգային միջավայրը, այդ ծիրին մէջ Հայաստանի կառավարութեան ծրագիրի առաջնահերթութիւնները, Ղարաբաղի տագնապի ընթացիկ կարգավիճակը, ինչպէս նաեւ միջազգային ռազմական համագործակցութեան հիմնական ուղղութիւնները:
Պաշտպանութեան նախարարը պատասխանած է սփիւռքահայ երիտասարդները հետաքրքրող հարցումներուն, անդրադարձած է բանակին մէջ կատարուող բարեփոխումներուն եւ սպառազինութեան ու զինուորական համակարգի արդիականացման ծրագիրներուն, որոնք թոյլ կու տան օրէ օր կատարելագործել հայկական զինուժի մարտական պատրաստութեան աստիճանը, որակական առաւելութեամբ ու խելացի քայլերով արձագանգել որեւէ իրավիճակի եւ հասնիլ նոր յաջողութիւններու:

By Appo

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *