Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Անթիլիասի Մայրավանքի ձեռագիրներու վերանորոգման աշխատանքները սկսած են Մայրավանքէն ներս։ Այս յոյժ կարեւոր ծրագիրին իրագործման նիւթապէս կ՚աջակցի Գերմանիոյ Արտաքին Գործոց նախարարութիւնը «Աշխարհի Մշակութային Ժառանգութեան Պահպանումը» ծրագրին ծիրէն ներս։ Վերանորոգման աշխատանքները կը կատարուին Շթութկարթի (Գերմանիա) Հայկական Մշակոյթի Պահպանութեան Ընկերութեան անմիջական աջակցութեամբ։
Արդարեւ, Երկուշաբթի, 5 Օգոստոս 2019-ին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս այցելութիւն մը տուաւ աշխատա-կազմին, որուն կը գլխաւորէ ճար-տարապետ եւ վերոնշեալ ընկերութեան ներկայացուցիչ Վարդ Պիզանս, որպէսզի մօտէն իրազեկ դառնայ աշխատանքի ընթացքին։
Յայտնենք, որ Վեհափառ Հայրա-պետին գահակալութեան շրջանին երկու առիթներով Կաթողիկոսարանի ձեռագիրները վերանորոգուած են Հայաստանի մասնագէտներու կողմէն։
Վերանորոգումի աշխատանքները պիտի տեւեն շուրջ երկու ամիս։

By Appo

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *