99 ï³ñÇ ³é³ç ³Ûë ûñ»ñáõÝ« ö³ñÇ½Ç Ùûï³Ï³Ûª ê»õñÇ ·áñͳñ³ÝÝ»ñ¿Ý Ù¿ÏáõÝ Ù¿ç« å³ïÙ³Ï³Ý Ñ³Ù³Ó³ÛÝáõÃÇõÝ ÙÁ ÏÝùáõ»ó³õ ²é³çÇÝ Ð³Ù³ß˳ñѳÛÇÝ ä³ï»ñ³½ÙÇÝ Û³ÕÃ³Í ¹³ßݳÏÇó å»ïáõÃÇõÝÝ»ñáõª Ø»ÍÝ ´ñÇï³Ýdz« üñ³Ý볫 Ö³÷áÝ« Æï³Édz« ä»É×Çù³« Úáõݳëï³Ý« Ȼѳëï³Ý« öáñÃáõ·³É« èáõÙ³Ýdz« г۳ëï³Ý« â»ËáëÉáí³ùdz« ê»ñåÇáÛ« Êñáõ³ÃÇáÛ »õ êÉáí»ÝÇáÛ Ã³·³õáñáõÃÇõÝÝ»ñ« ²ñ³µ³Ï³Ý ³·³õáñáõû³Ý »õ å³ñïáõ³Í ÂáõñùÇáÛ ëáõÉÃ³Ý³Ï³Ý Ï³é³í³ñáõû³Ý ÙÇç»õ:
ÄáÕáíáõñ¹Ý»ñáõ å³ïÙáõû³Ý Ù¿ç ͳÝûê ê»õñÇ ¸³ßݳ·ñÇÝ Û³ïϳÝß³Ï³Ý Ï¿ï»ñ¿Ý Ù¿ÏÁ ³ÛÝ ¿ñ« áñ г۳ëï³ÝÇ Ð³Ýñ³å»ïáõÃÇõÝÁ ǵñ»õ ËáñÑñ¹³ÅáÕáíÇÝ Ù³ëݳÏÇó »õ å³Ûٳݳ·ÇñÁ ëïáñ³·ñáÕ ÏáÕÙª §î¿ ºáõñ¿¦ ÏÁ ׳Ýãóáõ¿ñ å³Ûٳݳ·ÇñÁ ëïáñ³·ñáÕ µáÉáñ å»ïáõÃÇõÝÝ»ñ¿Ý:
13 Ù³ë»ñ¿ »õ 433 Ûû¹áõ³ÍÝ»ñ¿ µ³Õϳó³Í ¹³ßݳ·ñÇÝ ÑÇÙùÁ ÏÁ Ïñ¿ñ ê³Ý è»ÙáÛÇ (19- 26 ²åñÇÉ 1920) »õ ê³Ûùë-öÇùáÛÇ (1916) ѳٳӳÛÝáõÃÇõÝÝ»ñáõÝ ¹ñáÛÃÝ»ñÁ:
ê»õñÇ ¸³ßݳ·ñÇÝ Ñ³Ù³Ó³ÛÝ« ÂáõñùÇáÛ åÇïÇ Ùݳñ äáÉÇëÁ »õ ³Ýáñ ßñç³Ï³ÛùÁ: ÂáõñùÇáÛ Ý»ÕáõóÝ»ñÁ åÇïÇ ³ÝóÝ¿ÇÝ ÙÇç³½·³ÛÇÝ ÑëÏáÕáõû³Ý ï³Ï: Âáõñùdz åÇïÇ Ññ³Å³ñ¿ñ äáõÉϳñÇáÛ« º·Ç³Ï³Ý Íáíáõ ÏÕ½ÇÝ»ñáõÝ« ÎÇåñáëÇ« º·ÇåïáëÇ »õ ³ñ³µ³Ï³Ý ÑáÕ»ñáõ ·»ñÇß˳ÝáõûݿÝ: ì»ñçÇÝÝ»ñë« ²½·»ñáõ ÈÇϳÛÇ (زÎ-Ç Ý³Ë³ïÇå³ñÁ) áñáßáõÙáí ÏÁ Û³ÝÓÝáõ¿ÇÝ ´ñÇï³ÝÇáÛ »õ üñ³Ýë³ÛÇ Ñá·³ï³ñáõû³Ý:
ê»õñÇ ¸³ßݳ·ñÇÝ Ù¿ç г۳ëï³ÝÇÝ ³éÝãáõáÕ µ³ÅÇÝÝ»ñÁ ï»Õ ·ï³Í ¿ÇÝ 88- 93ñ¹ Ûû¹áõ³ÍÝ»ñáõÝ ï³Ï: Âáõñùdz г۳ëï³ÝÁ åÇïÇ ×³Ýãݳñ ǵñ»õ ³ÝÏ³Ë »õ ³½³ï å»ï³Ï³ÝáõÃÇõÝ: ºñÏáõ å»ïáõÃÇõÝÝ»ñÁ ÏÁ ѳٳӳÛÝ¿ÇÝ îñ³åǽáÝÇ« äÇÃÉÇëÇ«ì³ÝÇ »õ ¾ñ½ñáõÙÇ Ý³Ñ³Ý·Ý»ñáõÝ ë³ÑÙ³ÝÝ»ñáõÝ ×ß¹áõÙÁ Édz½ûñ»É Ødzó»³É ܳѳݷݻñáõÝ »õ í³õ»ñ³Ï³Ý ׳ÝãÝ³É ³Ýáñ áñáßáõÙÁ: Âáõñùdz Ï’ÁݹáõÝ¿ñ г۳ëï³ÝÇÝ ¹¿åÇ Íáí »Éù ï³Éáõ Ødzó»³É ܳѳݷݻñáõ ÙÇçÝáñ¹áõÃÇõÝÁ: Ødzó»³É ܳѳݷݻñáõ ݳ˳·³Ñ ìáõïñû àõÇÉëÁÝÇ Ï³½Ù³Í Û³ÝÓݳËáõÙµÁ Çñ Û³ÝÓݳñ³ñ³Ï³ÝÝ»ñÁ ê»åï»Ùµ»ñ 1920-ÇÝ Ý»ñϳ۳óáõó ݳ˳·³ÑÇÝ: ÜáÛÝ ï³ñáõ³Ý ÜáÛ»Ùµ»ñÇÝ« ݳ˳·³Ñ àõÇÉëÁÝ ½³ÝáÝù Ý»ñϳ۳óáõó »õñáå³Ï³Ý å»ïáõÃÇõÝÝ»ñáõÝ: ܳ˳·³Ñ àõÇÉëÁÝÇ Ñ³Ù³Ó³ÛÝ« г۳ëï³Ý åÇïÇ ëï³Ý³ñ ì³ÝÇ »õ äÇÃÉÇëÇ Ý³Ñ³Ý·Ý»ñáõÝ »ñÏáõ »ññáñ¹Á« ¾ñ½ñáõÙÁª ·ñ»Ã¿ ³ÙµáÕçáõû³Ùµ« îñ³åǽáÝÇ Ù»Í Ù³ëÁ« Ý»ñ³é»³É ³Ýáñ ݳõ³Ñ³Ý·ÇëïÁ: гÛÏ³Ï³Ý ³ÝÏ³Ë å»ïáõÃÇõÝÁ åÇïÇ áõݻݳñ 160 ѳ½³ñ ù³é³ÏáõëÇ ùÇÉáÙ»Ãñ ï³ñ³ÍáõÃÇõÝ:
²ïñå¿Û׳ÝÇ« г۳ëï³ÝÇ »õ ìñ³ëï³ÝÇ ÙÇç»õ ë³ÑٳݳÛÇÝ ï³ñ³Ï³ñÍáõÃÇõÝÝ»ñÁ åÇïÇ Ï³ñ·³õáñáõ¿ÇÝ »ñ»ù å»ïáõÃÇõÝÝ»ñáõÝ ÙÇç»õ áõÕÕ³ÏÇ µ³Ý³ÏóáõÃÇõÝÝ»ñáõ ÙÇçáó³õ« ³Ûɳå¿ëª Û³ïáõÏ Û³ÝÓݳÅáÕáíÇ ÙÁ û·Ýáõû³Ùµ: ¸³ßݳ·ÇñÁ ѳëï³ï»ó« áñ г۳ëï³Ý« ìñ³ëï³Ý« ²ïñå¿Û×³Ý »õ Æñ³Ýª ä³ÃáõÙÇ Ý³õ³Ñ³Ý·ÇëïÇÝ ÙÇçáó³õ ³½³ï Ùáõïù åÇïÇ áõÝ»Ý³Ý ¹¿åÇ ê»õ Íáí:
ê»õñÇ ¸³ßݳ·ÇñÁ ÏÝùáõ³Í ûñ»ñáõÝ« ù³Õ³ù³Ï³Ý µ³é³ñ³ÝÇÝ Ù¿ç ï³Ï³õÇÝ ï»Õ ã¿ñ ·ñ³õ³Í ó»Õ³ëå³ÝáõÃÇõÝ »½ñÁ: ¸³ßݳÏÇóÝ»ñÁª§½³ñÑáõñ»ÉÇ á×ÇñÝ»ñ¦ µÝáõó·ñáõÃÇõÝÁ Ïáõ ï³ÛÇÝ Ñ³Û ÅáÕáíáõñ¹ÇÝ ¹¿Ù ϳ½Ù³Ï»ñåáõ³Í »õ ·áñͳ¹ñáõ³Í ó»Õ³ëå³Ýáõû³Ý: ê»õñÇ ¸³ßݳ·ÇñÁ Û³ïϳÝß³Ï³Ý Ûû¹áõ³Í ÙÁ µ³Ý³Ó»õ»ó ³Ûë Ù³ëÇÝ« áñáõÝ ³ÝÑñ³Å»ßï ·Ý³Ñ³ï³Ï³ÝÁ ã»Ýù ïáõ³Í ³é ³Ûëûñ©§ ä³ï»ñ³½ÙÇ Å³Ù³Ý³Ï (ËûëùÁ ²é³çÇÝ Ð³Ù³ß˳ñѳÛÇÝ å³ï»ñ³½ÙÇ Ù³ëÇÝ ¿)« ÂáõñùÇáÛ Ù¿ç Ù³ñ¹áó Ýϳïٳٵ ϳï³ñáõ³Í í³Ûñ³·áõÃÇõÝÝ»ñáõÝ å³ï׳é³Í ã³ñÇùÝ ³é³õ»É³·áÛÝ ã³÷áí ·³õ»Éáõ ѳٳñ ûëٳݻ³Ý ϳé³í³ñáõÃÇõÝÁ ÏÁ å³ñï³õáñáõÇ Çñ »õ ûëٳݻ³Ý Çß˳ÝáõÃÇõÝÝ»ñáõ ÏáÕÙ¿ óáÛó ï³É ³Ù¿Ý ï»ë³Ï ³ç³ÏóáõÃÇõݪ 1 ÜáÛ»Ùµ»ñ 1914-¿Ý »ïù ³ÝÑ»ï³ó³Í« ³é»õ³Ý·áõ³Í« Ý»ñϳÉáõ³Í »õ ³½³ï³½ñÏáõ³Í Çõñ³ù³ÝãÇõñ ó»ÕÇ »õ Çõñ³ù³ÝãÇõñ ÏñûÝÇ Ù³ñ¹áó áñáÝ»Éáõ »õ ³½³ï»Éáõ ѳٳñ¦: ÆëÏ §ä³ïÇÅÝ»ñ¦ »Ýó·ÉáõËÇÝ ï³Ï©§ Âñù³Ï³Ý ϳé³í³ñáõÃÇõÝÁ ÏÁ ׳Ýãݳñ ¸³ßݳÏÇó å»ïáõÃÇõÝÝ»ñáõ Çñ³õáõÝùÁª é³½Ù³Ï³Ý ³ï»³ÝÇÝ Û³ÝÓÝ»Éáõ å³ï»ñ³½ÙÇ ûñ¿ÝùÝ»ñÝ áõ ϳÝáÝÝ»ñÁ ˳Ëï³Í Û³Ýó³·áñÍÝ»ñÁ« ÏÁ ѳٳӳÛÝ¿ñ ݳ»õ Û³ÝÓÝ»É ³ÛÝ ³ÝÓ»ñÁ« ÇÝãå¿ë »õ ³ÝáÝó ϳï³ñ³Í á×ñ³·áñÍáõÃÇõÝÝ»ñáõÝ Ù³ëÇÝ í»ñ³µ»ñáÕ ï»Õ»ÏáõÃÇõÝÝ»ñÝ áõ ÷³ëï³ÃáõÕûñÁ
§©©© ²Û¹ ³ÝÓÇù å³ï³ë˳ݳïáõ »Ý ϳï³ñáõ³Í ç³ñ¹»ñáõ ѳٳñ ³ÛÝ Å³Ù³Ý³Ï« »ñµ »ñÏÇñÁ ÏÁ ·ïÝáõ¿ñ å³ï»ñ³½Ù³Ï³Ý íÇ׳ÏÇ Ù¿ç« ³ÛÝ ï³ñ³ÍùÝ»ñáõÝ Ù¿ç« áñáÝù ÏÁ ϳ½Ù¿ÇÝ Ãñù³Ï³Ý ϳÛëñáõû³Ý Ù³ëÁª 1 ú·áëïáë 1914¦ÇÝ: ¸³ßݳÏÇóÝ»ñÁ Édz½ûñáõ³Í ¿ÇÝ ³ï»³Ý Ýß³Ý³Ï»É ³Û¹ ³ÝÓ»ñáõÝ Ñ³Ù³ñ: ö³ëïûñ¿Ý Âáõñùdz Ï’ÁݹáõÝ¿ñ ò»Õ³ëå³Ýáõû³Ý å³ï³ë˳ݳïáõáõÃÇõÝÁ:
¸Åµ³Ëï³µ³ñ ê»õñÇ ¸³ßݳ·ÇñÁ Ùݳó ÃáõÕÃÇ íñ³Û: êáõÉÃ³Ý³Ï³Ý »õ ù»Ù³É³Ï³Ý ÂáõñùdzݻñÁ áã ÙdzÛÝ Ù»ñÅ»óÇÝ ×³Ýãݳɫ ³ÛÉ»õª ¹ÇÙ»óÇÝ ½³ÛÝ Ï³ÝËáÕ ½³Ý³½³Ý ÙÇçáóÝ»ñáõ: Ø»ñ µáÉáñ ¹³ßݳÏÇóÝ»ñÁ« ѳϳé³Ï Çñ»Ýó Ù³ñ¹³ëÇñ³Ï³Ý »ÉáÛÃÝ»ñáõÝ« í×é³Ï³Ý å³ÑáõÝ ã¹ñë»õáñ»óÇÝ Ñ³Û ÅáÕáíáõñ¹Á å³ßïå³Ý»Éáõ í×é³Ï³ÙáõÃÇõÝ: ê»åï»Ùµ»ñ 1920-Ç í»ñç³õáñáõû³Ý Ãñù³Ï³Ý µ³Ý³ÏÁ ³Ýó³õ Û³ñÓ³ÏáճϳÝÇ: Âñù³Ï³Ý µ³Ý³ÏÝ»ñáõ ¹¿Ù ³Ý½ûñ »õ ³Ýû·Ý³Ï³Ý Ùݳó³Í ѳÛÏ³Ï³Ý µ³Ý³ÏÁ Ïñ»ó Û³çáñ¹³Ï³Ý å³ñïáõÃÇõÝÝ»ñ: г۳ëï³ÝÇ Ñ³Ýñ³å»ïáõÃÇõÝÁ ¸»Ïï»Ùµ»ñ 1920-ÇÝ ëïáñ³·ñ»ó ²É»ùë³Ýïñ³åáÉÇ Ñ³Ù³Ó³Ûݳ·ÇñÁ »õ ëïÇåáÕáõû³Ý ï³Ï Ññ³Å³ñ»ó³õ ê»õñÇ ¸³ßݳ·ñ¿Ý: êáÛÝ Ñ³Ù³Ó³Ûݳ·Çñ¿Ý Ù¿Ï ûñ ³é³ç г۳ëï³ÝÇ Ù¿ç ѳëï³ïáõ»ó³õ ËáñÑñ¹³ÛÇÝ í³ñã³Ï³ñ·: ø»Ù³É³Ï³Ý ÂáõñùÇ³Ý ²ñ»õÙáõïùÇ Ý³Ë³ÝÓÁ ·ñ·é»Éáõ Ýå³ï³Ïáí ëÇñ³µ³Ýáõû³Ý Ù¿ç Ùï³Í ¿ñ ÊáñÑñ¹³ÛÇÝ èáõëÇáÛ Ñ»ï: ²å³õÇÝ»Éáí í»ñçÇÝÇë é³½Ù³ù³Õ³ù³Ï³Ý ³ç³ÏóáõÃ³Ý »õ ³ñ»õÙï»³Ý å»ïáõÃÇõÝ»ñáõ ÃáõÉáõû³Ý íñ³Û« Èá½³ÝÇ ÊáñÑñ¹³ÅáÕáíÇÝ ÁÝóóùÇÝ« ³é³Ýó Û³Ûï³ñ³ñ»Éáõ ª Û³çáÕ»ó³õ í»ñ³Ý³ÛÇÉ ê»õñÇ ¸³ßݳ·ñÇÝ µáÉáñ Ï¿ï»ñÁ: 16 سñï 1921-Çݪ ØáëÏáõ³ÛÇ »õ 13 ÐáÏï»Ùµ»ñÇݪ γñëÇ Ñ³Ù³Ó³Ûݳ·ñ»ñáí áñáßáõ»ó³õ ÊáñÑñ¹³ÛÇÝ Ð³Û³ëï³ÝÇ »õ ÂáõñùÇáÛ ÙÇç»õ ë³ÑÙ³ÝÁ: ÜáÛÝ ï³ñáõ³Ý ÚáõÝáõ³ñÇÝ« ö³ñÇ½Ç Ù¿ç ï»ÕÇ áõÝ»óáÕ ¸³ßݳÏÇóÝ»ñáõ ¶É˳õáñ ÊáñÑáõñ¹Ç ÝÇëïÇÝ ÁÝóóùÇÝ« üñ³Ýë³ å³ßïûݳå¿ë å³Ñ³Ýç»ó í»ñ³Ý³ÛÇÉ ê»õñÇ ¸³ßݳ·ÇñÁ:
1921-ÇÝ« ÈáÝïáÝÇ ËáñÑñ¹³ÅáÕáíÇÝ ÁÝóóùÇÝ § гÛÏ³Ï³Ý ³ÝÏ³Ë å»ïáõÃÇõݦ »½ñÁ ÷á÷áËáõû³Ý »ÝóñÏáõ»ó³õ § ÂáõñùÇáÛ ï³ñ³ÍùÇÝ Ù¿ç §Ð³ÛÏ³Ï³Ý ²½·³ÛÇÝ ú׳˦ ëï»ÕÍ»Éáõ Ù³ëÇݦ í»ñ³ó³Ï³Ý Ó»õ³Ï»ñåáõû³Ý« áñ Èá½³ÝÇ ËáñÑñ¹³ÅáÕÇÝ ÁÝóóùÇÝ ÁݹѳÝñ³å¿ë çÝçáõ»ó³õ©©©:
ê»õñÇ ¸³ßݳ·ÇñÁ« ³Ýáñ ݳËáñ¹áÕ ê³Ý è»ÙáÛÇ ËáñÑñ¹³ÅáÕáíÁ »õ Û³çáñ¹áÕ Î³ñëÇ« ØáëÏáõ³ÛÇ« ÈáÝïáÝÇ »õ Èá½³ÝÇ ËáñÑñ¹³ÅáÕáíÝ»ñÁ Ûëï³Ï ³å³óáÛó »Ý« áñ Ù»ñ ÅáÕáíáõñ¹Á å³ïñ³ëïÇ Ï»ñ ¹³ñÓ³Í ¿ñ ÂáõñùÇ³Ý ëÇñ³ß³Ñ»Éáõª ¹³ßݳÏÇóÝ»ñáõ »õ ËáñÑñ¹³ÛÇÝ èáõëÇáÛ Ñ³Ï³Ù³ñïáõû³Ý Ù¿ç:
ê»õñÇ ¸³ßݳ·ÇñÁ ÙÇÝã»õ ûñë ÙÇç³½·³ÛÇÝ ÁÝï³ÝÇùÇÝ ÏáÕÙ¿ ÏÁ ÙÝ³Û Ñ³ÛÏ³Ï³Ý Ñ³ñóÇ ÉáõÍÙ³Ý ³Ù»Ý³³ñ¹³ñ ѳëï³ï³·ÇñÁ: ijٳݳϳÏÇó Ñ³Û å³ïÙ³µ³ÝÝ»ñ¿Ý ß³ï»ñ« Û³×³Ë ÏÁ å³Ñ³Ýç»Ý ³Ýáñ ·áñͳ¹ñáõÃÇõÝÁ: àõñÇßÝ»ñ ÏÁ íÇ׳ñÏ»Ý ³Ýáñ ûñÇݳϳÝáõÃÇõÝÁ: ö³ëïÁ ³ÛÝ ¿« áñ Ù»Ýù ¹³ï áõÝÇÝù ÉáõÍ»ÉÇù: ê»õñÁ ÏÁ ÙÝ³Û Ð³Û³ëï³ÝÇ »õ Ñ³Û ÅáÕáíáõñ¹Ç Çñ³õáõÝùÝ»ñáõ å³ßïå³Ýáõû³Ý ³ÝųٳÝó»ÉÇ ÷³ëï³ÃáõÕÃÁ: ê»õñÇ ¸³ßݳ·Çñ¿Ý Ù»ñ ÙÇ³Ï ù³Õ»ÉÇù ¹³ëÁ åÇïÇ ÁÉÉ³Û ë»÷³Ï³Ý áõÅÇÝ íëï³Ñ»Éáõ ѳõ³ïùÁ: ¸³ßݳ·ñÇÝ ·áñͳ¹ñáõû³Ý ϳñ»ÉÇáõÃÇõÝÝ»ñÁ áõëáõÙݳëÇñ»É¿ ³é³ç« ѳõ³ï³Ýù Ù»ñ Ý»ñáõÅÇÝ »õ Ñ»ï»õÇÝù ºñÏñáñ¹ гٳß˳ñѳÛÇÝ å³ï»ñ³½Ù¿Ý ç³Ëç³Ëáõ³Í ¹áõñë »Ï³Í ¶»ñÙ³ÝÇáÛ ûñÇݳÏÇÝ:
ä³ï»ñ³½Ù¿Ý ù³Ûù³Ûáõ³Í ·»ñٳݳóÇÝ»ñÁ »ñÏñÇÝ ïÝï»ë³Ï³Ý í»ñ³Ï³Ý·ÝáõÙÁ »õ ÅáÕáíáõñ¹ÇÝ µ³ñûñáõÃÇõÝÁ Ñ»é³Ýϳñ áõݻݳÉáí Ï»ñï»óÇÝ ³Ûëûñáõ³Ý ïÝï»ë³å¿ë áõ ù³Õ³ù³Ï³Ý³å¿ë ѽûñ ¶»ñÙ³ÝdzÝ:
Ø»Ýù Çݱã ÏÁ ϳï³ñ»Ýù Ù»ñ ³÷ ÙÁ ѳÛñ»ÝÇùÇÝ Ù¿ç©©©: Èñçáõû³Ùµ Ùï³Í»Ýù ³Ûë Ù³ëÇÝ« ÇÝùݳ·áí³µ³Ýáõû³Ùµ »õ ³Ýó»³ÉÇ ÷³é³µ³ÝáõÃÇõÝÝ»ñáí ½µ³Õ»Éáõ ÷á˳ñ¿Ý: ØÇßï ÛÇß»Ýù Ù»Í Ñ³Û³ë¿ñ ºáÑ³Ý È»÷ëÇáõëÇ Ñ»ï»õ»³É Ëûëù»ñÁ©§ ø³ÝÇ ï³Ï³õÇÝ ã¿ ÉáõÍáõ³Í гÛÏ³Ï³Ý Ð³ñóÁ« ³ÝÇϳ ¸³ÙáÏÉ»³Ý ëáõñÇ ÝÙ³Ý åÇïÇ ×û×áõÇ ÂáõñùÇáÛ ·ÉËáõÝ íñ³Û©©©¦: гÛÏ³Ï³Ý Ð³ñóÁ ÉáõÍ»Éáõ ѳٳñ ³ÝÑñ³Å»ßï ¿ ½ûñ³Ý³É ѳÛñ»ÝÇ ÑáÕÇÝ íñ³Û: ÈáõÍáõÙÝ»ñ ·ïÝ»É ³ñï³·³ÕÃÇ áõ ÍÝ»ÉÇáõû³Ý Ýáõ³½áõÙÇ ëå³éݳÉÇùÝ»ñáõÝ« ³Ùñ³åݹ»Éª ÅáÕáíáõñ¹-å»ïáõÃÇõÝ íëï³ÑáõÃÇõÝÁ« áñå¿ë½Ç í³Õáõ³Ý ë»ñáõݹݻñáõÝ ÷á˳Ýó»Ýù ³Ýó»³ÉÇ Ñ»ñáëÝ»ñáõÝ ëËñ³·áñÍáõÃÇõÝÝ»ñáí Ñå³ñï³óáÕ ÅáÕáíñ¹³í³ñ »õ ÁÝÏ»ñ³ÛÇÝ ³ñ¹³ñáõû³Ý íñ³Û Û»Ý³Í å»ï³Ï³ÝáõÃÇõÝ:
99 տարի առաջ այս օրերուն, Փարիզի մօտակայ՝ Սեւրի գործարաններէն մէկուն մէջ, պատմական համաձայնութիւն մը կնքուեցաւ Առաջին Համաշխարհային Պատերազմին յաղթած դաշնակից պետութիւններու՝ Մեծն Բրիտանիա, Ֆրանսա, Ճափոն, Իտալիա, Պելճիքա, Յունաստան, Լեհաստան, Փորթուգալ, Ռումանիա, Հայաստան, Չեխոսլովաքիա, Սերպիոյ, Խրուաթիոյ եւ Սլովենիոյ թագաւորութիւններ, Արաբական Թագաւորութեան եւ պարտուած Թուրքիոյ սուլթանական կառավարութեան միջեւ:
Ժողովուրդներու պատմութեան մէջ ծանօթ՝ Սեւրի Դաշնագրին յատկանշական կէտերէն մէկը այն էր, որ Հայաստանի Հանրապետութիւնը իբրեւ խորհրդաժողովին մասնակից եւ պայմանագիրը ստորագրող կողմ՝ «Տէ Եուրէ» կը ճանչցուէր պայմանագիրը ստորագրող բոլոր պետութիւններէն:
13 մասերէ եւ 433 յօդուածներէ բաղկացած դաշնագրին հիմքը կը կրէր Սան Ռեմոյի (19- 26 Ապրիլ 1920) եւ Սայքս-Փիքոյի (1916) համաձայնութիւններուն դրոյթները:
Սեւրի Դաշնագրին համաձայն, Թուրքիոյ պիտի մնար Պոլիսը եւ անոր շրջակայքը: Թուրքիոյ նեղուցները պիտի անցնէին միջազգային հսկողութեան տակ: Թուրքիա պիտի հրաժարէր Պուլկարիոյ, Եգիական ծովու կղզիներուն, Կիպրոսի, Եգիպտոսի եւ արաբական հողերու գերիշխանութենէն: Վերջիններս, Ազգերու Լիկայի (ՄԱԿ-ի նախատիպարը) որոշումով կը յանձնուէին Բրիտանիոյ եւ Ֆրանսայի հոգատարութեան:
Սեւրի Դաշնագրին մէջ Հայաստանին առնչուող բաժինները տեղ գտած էին 88- 93րդ յօդուածներուն տակ: Թուրքիա Հայաստանը պիտի ճանչնար իբրեւ անկախ եւ ազատ պետականութիւն: Երկու պետութիւնները կը համաձայնէին Տրապիզոնի, Պիթլիսի,Վանի եւ Էրզրումի նահանգներուն սահմաններուն ճշդումը լիազօրել Միացեալ Նահանգներուն եւ վաւերական ճանչնալ անոր որոշումը: Թուրքիա կ՚ընդունէր Հայաստանին դէպի ծով ելք տալու Միացեալ Նահանգներու միջնորդութիւնը: Միացեալ Նահանգներու նախագահ Վուտրօ Ուիլսընի կազմած յանձնախումբը իր յանձնարարականները Սեպտեմբեր 1920-ին ներկայացուց նախագահին: Նոյն տարուան Նոյեմբերին, նախագահ Ուիլսըն զանոնք ներկայացուց եւրոպական պետութիւններուն: Նախագահ Ուիլսընի համաձայն, Հայաստան պիտի ստանար Վանի եւ Պիթլիսի նահանգներուն երկու երրորդը, Էրզրումը՝ գրեթէ ամբողջութեամբ, Տրապիզոնի մեծ մասը, ներառեալ անոր նաւահանգիստը: Հայկական անկախ պետութիւնը պիտի ունենար 160 հազար քառակուսի քիլոմեթր տարածութիւն:
Ատրպէյճանի, Հայաստանի եւ Վրաստանի միջեւ սահմանային տարակարծութիւնները պիտի կարգաւորուէին երեք պետութիւններուն միջեւ ուղղակի բանակցութիւններու միջոցաւ, այլապէս՝ յատուկ յանձնաժողովի մը օգնութեամբ: Դաշնագիրը հաստատեց, որ Հայաստան, Վրաստան, Ատրպէյճան եւ Իրան՝ Պաթումի նաւահանգիստին միջոցաւ ազատ մուտք պիտի ունենան դէպի Սեւ ծով:
Սեւրի Դաշնագիրը կնքուած օրերուն, քաղաքական բառարանին մէջ տակաւին տեղ չէր գրաւած ցեղասպանութիւն եզրը: Դաշնակիցները՝«զարհուրելի ոճիրներ» բնութագրութիւնը կու տային հայ ժողովուրդին դէմ կազմակերպուած եւ գործադրուած ցեղասպանութեան: Սեւրի Դաշնագիրը յատկանշական յօդուած մը բանաձեւեց այս մասին, որուն անհրաժեշտ գնահատականը չենք տուած առ այսօր.« Պատերազմի ժամանակ (խօսքը Առաջին Համաշխարհային պատերազմի մասին է), Թուրքիոյ մէջ մարդոց նկատմամբ կատարուած վայրագութիւններուն պատճառած չարիքն առաւելագոյն չափով գաւելու համար օսմանեան կառավարութիւնը կը պարտաւորուի իր եւ օսմանեան իշխանութիւններու կողմէ ցոյց տալ ամէն տեսակ աջակցութիւն՝ 1 Նոյեմբեր 1914-էն ետք անհետացած, առեւանգուած, ներկալուած եւ ազատազրկուած իւրաքանչիւր ցեղի եւ իւրաքանչիւր կրօնի մարդոց որոնելու եւ ազատելու համար»: Իսկ «Պատիժներ» ենթագլուխին տակ.« Թրքական կառավարութիւնը կը ճանչնար Դաշնակից պետութիւններու իրաւունքը՝ ռազմական ատեանին յանձնելու պատերազմի օրէնքներն ու կանոնները խախտած յանցագործները, կը համաձայնէր նաեւ յանձնել այն անձերը, ինչպէս եւ անոնց կատարած ոճրագործութիւններուն մասին վերաբերող տեղեկութիւններն ու փաստաթուղթերը
«… Այդ անձիք պատասխանատու են կատարուած ջարդերու համար այն ժամանակ, երբ երկիրը կը գտնուէր պատերազմական վիճակի մէջ, այն տարածքներուն մէջ, որոնք կը կազմէին թրքական կայսրութեան մասը՝ 1 Օգոստոս 1914»ին: Դաշնակիցները լիազօրուած էին ատեան նշանակել այդ անձերուն համար: Փաստօրէն Թուրքիա կ՚ընդունէր Ցեղասպանութեան պատասխանատուութիւնը:
Դժբախտաբար Սեւրի Դաշնագիրը մնաց թուղթի վրայ: Սուլթանական եւ քեմալական Թուրքիաները ոչ միայն մերժեցին ճանչնալ, այլեւ՝ դիմեցին զայն կանխող զանազան միջոցներու: Մեր բոլոր դաշնակիցները, հակառակ իրենց մարդասիրական ելոյթներուն, վճռական պահուն չդրսեւորեցին հայ ժողովուրդը պաշտպանելու վճռակամութիւն: Սեպտեմբեր 1920-ի վերջաւորութեան թրքական բանակը անցաւ յարձակողականի: Թրքական բանակներու դէմ անզօր եւ անօգնական մնացած հայկական բանակը կրեց յաջորդական պարտութիւններ: Հայաստանի հանրապետութիւնը Դեկտեմբեր 1920-ին ստորագրեց Ալեքսանտրապոլի համաձայնագիրը եւ ստիպողութեան տակ հրաժարեցաւ Սեւրի Դաշնագրէն: Սոյն համաձայնագիրէն մէկ օր առաջ Հայաստանի մէջ հաստատուեցաւ խորհրդային վարչակարգ: Քեմալական Թուրքիան Արեւմուտքի նախանձը գրգռելու նպատակով սիրաբանութեան մէջ մտած էր Խորհրդային Ռուսիոյ հետ: Ապաւինելով վերջինիս ռազմաքաղաքական աջակցութան եւ արեւմտեան պետութիւներու թուլութեան վրայ, Լոզանի Խորհրդաժողովին ընթացքին, առանց յայտարարելու ՝ յաջողեցաւ վերանայիլ Սեւրի Դաշնագրին բոլոր կէտերը: 16 Մարտ 1921-ին՝ Մոսկուայի եւ 13 Հոկտեմբերին՝ Կարսի համաձայնագրերով որոշուեցաւ Խորհրդային Հայաստանի եւ Թուրքիոյ միջեւ սահմանը: Նոյն տարուան Յունուարին, Փարիզի մէջ տեղի ունեցող Դաշնակիցներու Գլխաւոր Խորհուրդի նիստին ընթացքին, Ֆրանսա պաշտօնապէս պահանջեց վերանայիլ Սեւրի Դաշնագիրը:
1921-ին, Լոնտոնի խորհրդաժողովին ընթացքին « Հայկական անկախ պետութիւն» եզրը փոփոխութեան ենթարկուեցաւ « Թուրքիոյ տարածքին մէջ «Հայկական Ազգային Օճախ» ստեղծելու մասին» վերացական ձեւակերպութեան, որ Լոզանի խորհրդաժողին ընթացքին ընդհանրապէս ջնջուեցաւ…:
Սեւրի Դաշնագիրը, անոր նախորդող Սան Ռեմոյի խորհրդաժողովը եւ յաջորդող Կարսի, Մոսկուայի, Լոնտոնի եւ Լոզանի խորհրդաժողովները յստակ ապացոյց են, որ մեր ժողովուրդը պատրաստի կեր դարձած էր Թուրքիան սիրաշահելու՝ դաշնակիցներու եւ խորհրդային Ռուսիոյ հակամարտութեան մէջ:
Սեւրի Դաշնագիրը մինչեւ օրս միջազգային ընտանիքին կողմէ կը մնայ հայկական հարցի լուծման ամենաարդար հաստատագիրը: Ժամանակակից հայ պատմաբաններէն շատեր, յաճախ կը պահանջեն անոր գործադրութիւնը: Ուրիշներ կը վիճարկեն անոր օրինականութիւնը: Փաստը այն է, որ մենք դատ ունինք լուծելիք: Սեւրը կը մնայ Հայաստանի եւ հայ ժողովուրդի իրաւունքներու պաշտպանութեան անժամանցելի փաստաթուղթը: Սեւրի Դաշնագիրէն մեր միակ քաղելիք դասը պիտի ըլլայ սեփական ուժին վստահելու հաւատքը: Դաշնագրին գործադրութեան կարելիութիւնները ուսումնասիրելէ առաջ, հաւատանք մեր ներուժին եւ հետեւինք Երկրորդ Համաշխարհային պատերազմէն ջախջախուած դուրս եկած Գերմանիոյ օրինակին:
Պատերազմէն քայքայուած գերմանացիները երկրին տնտեսական վերականգնումը եւ ժողովուրդին բարօրութիւնը հեռանկար ունենալով կերտեցին այսօրուան տնտեսապէս ու քաղաքականապէս հզօր Գերմանիան:
Մենք ին՞չ կը կատարենք մեր ափ մը հայրենիքին մէջ…: Լրջութեամբ մտածենք այս մասին, ինքնագովաբանութեամբ եւ անցեալի փառաբանութիւններով զբաղելու փոխարէն: Միշտ յիշենք մեծ հայասէր Եոհան Լեփսիուսի հետեւեալ խօսքերը.« Քանի տակաւին չէ լուծուած Հայկական Հարցը, անիկա Դամոկլեան սուրի նման պիտի ճօճուի Թուրքիոյ գլխուն վրայ…»: Հայկական Հարցը լուծելու համար անհրաժեշտ է զօրանալ հայրենի հողին վրայ: Լուծումներ գտնել արտագաղթի ու ծնելիութեան նուազումի սպառնալիքներուն, ամրապնդել՝ ժողովուրդ-պետութիւն վստահութիւնը, որպէսզի վաղուան սերունդներուն փոխանցենք անցեալի հերոսներուն սխրագործութիւններով հպարտացող ժողովրդավար եւ ընկերային արդարութեան վրայ յենած պետականութիւն: