Աշխատանքային այցելութեամբ Խըրխըզիստան գտնուող ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան 9 օգոստոսին հանդիպում ունե-ցաւ Ռուսիոյ վարչապետ Տմիթրի Մետվետեւի հետ:
Հայաստանի եւ Ռուսիոյ վարչապետները քննարկեցին հայ-ռուսական ռազմավա-րական յարաբերութիւն-ներուն առնչուող հարցերու լայն շրջանակ, անդրադար-ձան երկկողմանի գործակցու-թեան ընթացիկ օրակարգին: Անոնք յատկապէս խօսեցան առեւ-տրական-տնտեսական կա-պերու հետագայ զարգացման, ապրանքաշրջանառութեան ծաւալներու բարձրացման, միացեալ նախագիծերու իրականացման ուղղութեամբ կատարուելիք աշխատանքին մասին: Նիկոլ Փաշինեան եւ Տմիթրի Մետվետեւ հաստատեցին, որ երկկողմանի յարաբերութիւններուն մէջ կ՛արձանագրուի հետեւողական աշխուժ աճ, եւ պէտք է շարունակել աշխատանքը հայ-ռուսական դաշնակցային կապերը ամրապնդելու եւ զարգացնելու ուղղութեամբ:
Ռուսիոյ վարչապետը ըսաւ, թէ երկկողմանի յարաբերութիւններուն մէջ սրընթաց զարգացում կայ, իսկ ասոր փաստը տարբեր մակարդակներու վրայ բարձրաստիճան պաշտօնական հանդիպումներուն եւ կապերուն յաճախականութիւնն էթէ՛ երկիրներու ղեկավարներու, թէ՛ միջկառավարական, եւ թէ միջխորհրդարանական ձեւաչափերով: Նիկոլ Փաշինեան դրական նկատեց Հայաստանի եւ Ռուսիոյ միջեւ ռազմավարական համագործակցութեան ընթացքը եւ գոհունակութեամբ անդրադարձաւ զբօսաշրջութեան ոլորտին մէջ արձանագրուած յառաջընթացին 2019-ի առաջին 6 ամիսներուն Հայաստան այցելած ռուս զբօսաշրջիկներուն թիւը աւելցած է 19 տոկոսով` նախորդ տարուան նոյն ժամանակաշրջանին բաղդատելով: Վարչապետը նաեւ գոհունակութեամբ նշեց, որ Վերին Լարսի մէջ ծագող հարցերու լուծման գործնական մեքանիզմը արդիւնաւէտ է: Երկկողմանի յարաբերութիւններու հետագայ զարգացման առումով Հայաստանի վարչապետը կարեւոր նկատեց ԵՏՄ-ի ամբողջ ներուժի լիարժէք օգտագործումը:
Հանդիպումի ընթացքին Հայաստանի եւ Ռուսիոյ վարչապետները անդրադարձան կազի, հիւլէական ելեկտրակայանի, օդանաւորդութեան ոլորտներուն մէջ համագործակցութեան, ինչպէս նաեւ երկկողմանի յարաբերութիւններու օրակարգային այլ հարցերու: Կողմերը միտքեր փոխանակեցին նաեւ վերջին շրջանին հայաստանեան եւ ռուսական լրատուամիջոցներուն մէջ արծարծուող հարցերուն շուրջ:
Վարչապետ Փաշինեան Տեսակցեցաւ Խըրխըզիստանի Նախագահին Հետ
Եւրասիական միջկառավարական խորհուրդի նիստին մասնակցելու նպատակով Խըրխըզիստան գտնուող Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան 9 օգոստոսին հանդիպում ունեցաւ երկրի նախագահ Սորոնպա Ճէենպեքովի հետ:
Հայաստանի վարչապետը եւ Խըրխըզիստանի նախագահը քննար-կեցին քաղաքական երկխօսութեան ամրապնդման, երկկողմանի առեւտրա-կան-տնտեսական գործակցութեան խորացման, առեւտրական շրջանառու-թեան ծաւալի բարձրացման վերաբերող հարցեր: Անդրադարձ կատարուեցաւ նաեւ այս տարուան հոկտեմբերին Երեւանի մէջ տեղի ունենալիք Եւրասիական Բարձրագոյն տնտեսա-կան խորհուրդի նիստին առնչուած հարցերու:
Անոնք միտքեր փոխանակեցին փոխադարձ հետաքրքրութիւն ներկայացնող այլ հարցերու շուրջ եւս: Խըրխըզիստանի նախագահը խօսեցաւ երկրի ներքաղաքական զարգացումներուն մասին:

By Appo

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *