Շանթ Խաչատրեան Եւ Սահակ Յովհաննիսեան` Արծաթէ Մետալակիրներ

Էսթոնիոյ մայրաքաղաք Թալիննի մէջ տեղի ունեցող ըմբշամարտի աշխարհի երիտասարդական ախոյեանութեան, երէկ գիշեր յոյսերը մեծ էին, որ Հայաստանի ներկայացուցիչներէն երկուքը կը հանդիսանան աշխարհի ախոյեաններ:
Սակայն դժբախտաբար անոնք պարտութիւն կրելով հանդիսացան փոխախոյեաններ:
60 քկ դասակարգին մէջ, յունահռոմէական ոճի ըմբիշ Սահակ Յովհաննիսեան աւարտականին 7-2 արդիւնքով պարտութիւն մը կրեց իր թուրք մրցակիցէն Քերեմ Քամալէն:
Իսկ Շանթ Խաչատրեան (67 քկ) պարտութիւն կրեց Վրաստանի ներկայացուցիչ Կէորկի Շոթածէէն (6-3):

By Appo

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *