ԵՐԵՒԱՆ.- 19 Օգոստոսին Երեւանի Ազատութեան հրապարակէն դէպի Բաղրամեան 26 հասած Ամուլսարի հանքի շահագործման դէմ բողոքող ցուցարարները շարունակեցին իրենց բուռն ցոյցըընկերակցելով Ջերմուկէն ինքնաշարժներով երթ կազմակերպած քաղաքացիներու:
Միւս կողմէ, զուգահեռաբար տեղի ունեցաւ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի հրաւիրած հանդիպումը, որուն մասնակցեցան կառավարութեան անդամներ, շահագրգիռ նախարարութիւններու ղեկավարներ, Ջերմուկ համայնքի աւագանիի անդամները, Գորայք, Զառիթափ, Ջերմուկ համայնքներու բնակիչները, կրթական եւ առողջարանային հաստատութիւններու ներկայացուցիչներ, բնապահպաններ: Կառավարութեան հասարակութեան հետ կապերու վարչութեան համաձայն, վարչապետը ներկայացուց Ամուլսարի հանքի ծրագիրին առնչութեամբ յարուցուած քրէական գործի ծիրին մէջ իրականացուած աշխատանքները, անդրադարձաւ միջազգային փորձաքննութեան եզրակացութեան եւ անոր առնչուող վերլուծումին:
Աւելի ուշ «Քաղաքացիական պայմանագիր» կուսակցութեան գրասենեակին մէջ տեղի ունեցաւ հանդիպում վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի եւ «Իմ քայլը» խմբակցութեան պատգամաւորներուն միջեւ:
Քննարկումէն երկու ժամ ետք վարչապետի մամլոյ բանբեր Վլատիմիր Կարապետեան լրագրողներուն հետ զրուցելով նշեց, որ վարչապետը ըսած է, թէ ներկայիս չկան հիմքեր, որ «Լիտիան» ընկերութիւնը դադրեցնէ հանքի շահագործումը: Պատասխանելով այն հարցումին, որ բնապահպանները չեն հաւատար կատարուած փորձաքննութեան արդիւնքներուն, արդեօք նոր քննութիւն պիտի կատարուի՞
Կարապետեան ըսաւ, թէ ներկայիս ատոր կարիքը չկայ:
Մինչ այդ խումբ մը քաղաքացիներ, բնապահպաններ ուզեցին մտնել Ազգային ժողով եւ քննարկում կատարել Ամուլսարի նիւթով, կացութիւնը հետզհետէ լարուեցաւ, եւ ոստիկանները դարպասները փակեցին ցուցարարներուն դիմաց, անկէ ետք ոստիկաններուն ու ցուցարարներուն միջեւ հրմշտուք տեղի ունեցաւ, ցուցարարները գետին նստան ու փակեցին ճամբան. ճամբան բանալու փորձի ընթացքին լարուած վիճակը սրեցաւ, եւ 6 ցուցարարներ բերման ենթարկուեցան: «Ասիկա ո՛չ միայն Ջերմուկի, այլեւ ամբողջ Հայաստանի խնդիրն է, ասիկա համաժողովրդական խնդիր է: Այս ամէնը կը կատարուի հայ ժողովուրդին համար», պոռացին ցուցարարները:
Լրագրողներուն հետ զրոյցի մը ընթացքին ջերմուկցիները ըսին, որ եթէ Ամուլսարի խնդիրին լուծում չտրուի, կառավարութիւնը որոշէ, որ հանքը պիտի շահագործուի, իրենք պիտի չնահանջեն ու պիտի փակեն բոլոր ճամբաները: «Եթէ Նիկոլը մերժեց Սերժին, ուրեմն ինքնաբերաբար պէտք է մերժէ Սերժին կողմէ եկած բոլոր բացասական ծրագիրները», ըսաւ ցուցարարներէն մէկը:
Երեկոյեան, Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան շուրջ 1 ժամ 17 վայրկեան տեւած ֆէյսպուքեան ուղիղ հեռարձակման աւարտին յայտարարեց, որ նպատակայարմար կը գտնէ շարունակել հանքին շահագործումը:
«Մեր կառավարութեան, պետութեան, ժողովուրդի, երկրի շահերէն է, որ մենք օրինական, մեր կողմէ առաջադրուած պայմանը եւ ժողովուրդին վստահութեան քուէն ստացած պայմանը բաւարարենք, այսինքնառիթ տանք,
որ Ամուլսարի հանքը շահագործուի», յայտնեց Փաշինեան
նշելով, որ այդ եզրակացութեան հասաւ ներկայ դրութեամբ իր մօտ առկայ տեղեկատուութեամբ:
Հեռարձակման ընթացքին ներկայացնելով Ամուլսարի ոսկիի հանքին շուրջ ստեղծուած իրավիճակին ամբողջ նախապատմութիւնը, իրեն ներկայացուած փաստերը, փորձագիտական գնահատականները եւ յիշեցնելով նախապէս կատարած իր յայտարարութիւնները եւ տուած գնահատականները, Փաշինեան վստահեցուց, որ այս պահու դրութեամբ կառավարութեան ունեցած տեղեկատուութիւնը յստակ է` հանքի շահագործումը չի վնասեր Սեւանին եւ Ջերմուկին:
Ըստ վարչապետին, Ամուլսարի հանքը պիտի փակուի, եթէ պարզուի, որ անիկա վնաս կը հասցնէ Սեւանայ լիճին, Ջերմուկի ջուրերուն եւ բնութեան այլ տարրերուն:
Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան ուղիղ եթերի ընթացքին մէջբերեց Քննչական կոմիտէի նախագահ Հայկ Գրիգորեանի յայտարարութիւնը, որուն համաձայն, Ամուլսարի շահագործումը պիտի չվնասէ Սեւանայ լիճին, Ջերմուկի ջուրերուն, Դարբ, Արփի եւ Որոտան գետերուն:
