Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախումբը ողջունեց Քալիֆորնիա նահանգի Հանրային ուսմանց վերահսկիչ Թոնի Թըրմոնտի նեցուկը Հայոց ցեղասպանութեան ներառումինՈրակաւոր ուսման յանձնաժողովի ցեղային ուսուցմանց դասընթացքներուն մէջ:
«Կ՛ողջունենք վերահսկիչ Թըրմոնտի չորեքշաբթի օրուան մամլոյ ասուլիսին ընթացքին կատարած յայտարարութիւնները
հայերուն անցեալը ցեղային ուսուցմանց դասընթացքներուն մէջ ներառելուն վերաբերեալ եւ շնորհակալութիւն կը յայտնենք անորմեր մտահոգութիւնները լսելուն եւ անոնց լուծում գտնելուն համար: Քալիֆորնիոյ պատմութեան եւ ընկերաբանութեան ուսմանց շրջանակը յստակօրէն կը նշէ կարեւորութիւնը հրեաներու Ողջակիզման եւ Հայոց ցեղասպանութեան նիւթերու դասաւանդման: Մենք յոյս ունինք եւ կը սպասենք, որ ցեղային գիտութեան դասընթացքը հիմնուած ըլլայ սոյն շրջագիծին վրայ: Մենք մեր տրամադրութեան տակ գտնուող բոլոր միջոցները ի գործ պիտի դնենք
վստահ ըլլալու համար, որ նիւթը յարմարօրէն ներկայացուի», յայտնեց Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախումբի ատենապետ, փաստաբան Նորա Յովսէփեան:
Չորեքշաբթի օրուան մամլոյ ասուլիսին ընթացքին, պատասխանելով Քալիֆորնիոյ հրէական օրէնսդիր յանձնաժողովի մտահոգութիւններուն, վերահսկիչ Թըրմոնտ ըսաւ. «Մեզի հետ կապ հաստատեցին շատ մը ուրիշ ցեղային խումբեր, որոնք կը կարծեն, որ իրենց պատմութիւններն ալ պէտք է պատմուին: Հայոց ցեղասպանութեան մասին խօսելովես միայն ըսեմ
իբրեւ օրինակ, որ մենք լսեցինք հայ համայնքի եւ այլ համայնքներու ղեկավարները: Մինչ ցեղային ուսուցումը ունի պատմական շրջագիծ, մեր գործը պիտի ըլլայ ստեղծել ցեղային ուսմանց Քալիֆորնիոյ տարբերակը»:
Նշենք, որ Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախումբի վարչութիւնը եւ Հայ դատի յանձնախումբի ուսումնական յանձնախումբը նամակներ յղած էին Որակաւոր ուսման յանձնաժողովին ու Քալիֆորնիոյ Ուսումնական բաժանմունքինյստակ առաջարկով
հայոց անցեալը ներառելու ցեղային ուսմանց ծրագիրի վերջնական տարբերակին մէջ:
