ԱԲՕ ՉԱՓԱՐԵԱՆ
Գործադիր Հրատարակիչ
եւ Գլխաւոր Խմբագիր՝
«ՀԱՅ ԿԵԱՆՔ»-ի եւ
USA Armenian Lifeի

Օգոստոս 16-ին Արեւմտեան Միացեալ Նահանգներու հայկական 20 կազմակերպութ-իւններէն բաղկացած խմբաւորում մը համա-դաշնութիւն ստեղծեց, որ կը հնչեցնէ բարձր ու ազնիւ գաղափարներ‘ «Արեւմտեան Ամերիկայի Համահայկական Խորհուրդ» նոր ու խոշոր անուն կրող հովանոցի մը տակ:
Այսպէս կոչուած «Համահայկական Խոր-հուրդի» ձևաւորման խահը նոյնպէս առանձնա-յատուկ է այն առումով, որ Հայաստանի վար-չապետ Նիկոլ Փաշինեան կը նախատեսէ այցե-լել Լոս Անճելոս 2019-ի Սեպտեմբեր 22-ին: Կը նախատեսուի որ երկու-երեք համանախա-գահներ արդեն գաղտնապէս նախանշանակուած են ՀՅԴ օլիգարխ Վիգէն Յովսէփեանի եւ Արեւմտեան թեմի մէնատէր առաջնորդ Յովնան Տէրտէրեանի կամակատար մարդոց մէջէն‘ ու կþակնկալուի, որ այդ հանգամանքը սխալ կերպով պիտի շահարկուի իրենք իրենց ներկայացնելով որպէս Արեւմտեան ԱՄՆի հայ համայնքի ներկայացուցիչներ կամ ղեկավարներ Վարչապետ Փաշինյանի հետ հաւանական հանդիպման ընթացքին:
Անցեալ շաբթուայ վերջին, ի անդրադարձ USA Armenian Life -ի մէջ հրատարածուած «Լոս Անճելոսի երկու ինքնահռչակ մէնատէրեր կը փորձեն արեւանգել հայ համայնքի ղեկավարութիւնը‘ առանց ժողովրդական ընտրութիւններու» յօդուածի՝ Յովսէփեան ելոյթ ունեցաւ՝ «Հորիզոն» հեռուստաընկերութեան /«Ասպարեզ» հեռուստաընկերութեան տաղավարէն ճառով՝ փորձելով յետս կոչելով Տէրտէրեանի եւ իր հաւակնութիւնները, դառնալու Արեւմտեան Ամերիկայի հայ «համայնքի ղեկավարներ»:
Այնուամենայնիւ, այստեղ ան կատարեց շարք մը խեղաթիւրումներ: Ընթերցողներու համար իրողութիւնը պարզելու համար, Հինգշաբթի օրը՝ օգոստոս 29-ին, ժամը 13: 31-ին (PST), այս գրողը տեղեկատուական հարցում ուղարկած է Յովսէփեանին, Տէրտէրեանին, Լոս Անճելոսի «Արարատ Տան» նախագահ Ժոզէֆ Կանիմեանին եւ Արեւմտեան թեմական խորհրդի ատենապետ Ադրիէն Լ. Գրիգորեանին. «Որպէս Խորհուրդի ներկայացուցիչներ՝ պարոնայք Յովսէփեան եւ Սինան Սինանեան ելոյթ ունեցան «Հորիզոն»/«Ասպարէզ» հեռուստաընկե-րութեան եթերով եւ պնդուեցաւ, որ 20 մասնակից կազմակերպութիւնները ընդհանուր առմամբ Արեւմտեան ԱՄՆ-ին մէջը ունին 70.000-100.000 անդամ: Արդեօ՞ք պարոնա՛յք (Յովսէփեան եւ Տէրտէրեան), կը փորձէք սխա՞լ ներկայացնել տասնեակ հազարաւոր ամերիկահայերու մասնակցութիւնը, (ընդ որում, հսկայական 95-97%-ը որեւէ հայկական կազմակերպութեան չեն պատկաներ), որոնք Հոլիվուդի մէջ եւ Լոս Անճելոսի Վիլշիրի շրջանին մէջ ամեն տարի‘ ի յիշատակ Հայոց ցեղասպանութեան երթի կը մասնակցին, եւ դուք անոնք կը դասէք մասնակից 20 կազմակերպութիւններու անդա՞մ»:
Ուրբաթ, Օգոստոս 30-ին, ժամը 11: 50-ին, լրագրողական հայցը մնացած է անպատասխան: Այժմ համայնքի անդամները տեղեակ են, որ Զանգուածային Լրատուական եւս մէկ հարցում ահաւասիկ անտեսուած է հայկական կազմակերպչական ղեկավարներու կողմէ:
ԱՄՆ-ի արեւմտեան նահանգներու մէջ գտնուող հայկական 170 կրօնական եւ համայնքային կազմակերպութիւններէն միայն մի քանին‘ մօտ 20 միայն հաւաքուած եւ յայտարաած են հնչեղ «Արեւմտեան Միացեալ Նահանգներու Համահայկական Խորհուրդ» պաստառի ներքոյ կամակերպութեան ստեղծման մասին:
Մասնակից 20 կազմակերպութիւններու ընդհանուր համախմբուած անդամակցութիւնը կը կազմէ շուրջ 13,000, ինչը ընդամենը 1% -ն է Արեւմտեան Ամերիկայի 1,2-1,5 միլիոնանոց ամերիկահայ բնակչութեան:
Սոցիալ-դեմոկրատական հնչակեան կուսակցութիւնը (ՍԴՀԿ-ՀՆՉԱԿ կուսակցութիւնը) եւ շարք մը այլ կազմակերպութիւններ մերժած են միանալ այս ինքնառաջադրուած մարմնին: 150 ոչ-մասնակից կազմակերպութիւններու ընդհանուր համակցուած անդամակցութիւնը կը կազմէ աւելի քան 10,000:
«Արեւմտեան ԱՄՆ-ի Համահայկական Խորհուրդ», թէ՞ հայկական կազմակերպութիւններու Խորհուրդ» վերնագրով մեկնաբանութեան մէջ, «The California Courier» թերթի հրատարակիչ Հարութ Սասունեանը հայտարարած է.«Համահայկական նոր Խորհուրդի անունը պէտք է ըլլար «Արեւմտեան Ամերիկայի հայկական կազմակերպութիւններու համախմբում»: «Համահայկական» կը նշանակէ՝ Արեւմտեան Ամերիկայի բոլոր հայերը կþանդամակցին այս Խորհուրդին, մինչդեռ վերը ներկայացուած են միայն կարգ մը կազմակերպութիւններու անդամներ: Հայերու մեծ մասը, որ որեւէ կազմակերպութեան մը անդամ չէ, ներկայացուած չէ այս Խորհուրդին մէջ: Թէեւ հայկական աւանդական քաղաքական երեք կուսակցութիւններէն երկուքը Խորհուրդի մէջ են, երրորդը՝ Սոցիալ Դեմոկրատ Հնչակեան կուսակցութիւնը, չես գիտեր ինչո՞ւ, Խորհուրդին մէջ ներկայացուած չէ: … Վերջապէս, իսկական Համահայկական խորհուրդը, կամ նման անուն կրող կառոյցը պէտք է ընտրուի Արեւմտեան Ամերիկայի կամ Սփիւռքի ամբողջ հայութեան քուէով, այլ ոչ թէ քանի մը կազմակերպութիւններու անդամներուն կողմէ: Միայն այսպիսի ժողովրդավարական կառոյց մը կրնայ յաւակնիլ Սփիւռքի հայութիւնը ներկայացնելու եւ խօսելու անոր անունով»:
Յովսէփեանի հետ միասին, Horizon TV / Asbarez TV-ով Սինանեան կը պարծենար, որ «մեր բոլոր («Համահայկական Խորհուրդի») կազմակերպութիւններու նպատակը մէկ է՝ պահպանել Սփիւռքը»:
Սա Սինանեանի կողմէ փաստերու կոպիտ խեղաթիւրում մըն է: Սա կեղծիք է: Սինանեանի Հայկական Բարեգործական Ընդհանուր Միութիւնը (ՀԲԸՄ) իր մենաշնորհային առաջնորդ Պերճ Սեդրակեանի գլխաւորութեամբ փակած է Սփիւռքի մէջ գործող հայկական բազմաթիւ դպրոցներ եւ լուծարած անոնց անշարժ գոյքերը, եւ ոչ ոք չի գիտեր այդ գումարներու գտնուելու վայրը:
2005 թ.-ին, առանց որեւէ արդարացուցիչ պատճառով եւ Մելքոնեան եղբայրներու կողմէ կտակի կոպիտ խախտումով, ՀԲԸՄ-ն փակած է սփիւռքի զարդ՝ կրթական հաստատութիւն՝ «Մելքոնեան» կրթական հաստատութիւնը (MEI): Սեդրակեան ցանկացած էր վաճառել MEI- ի շէնքերը‘ շուրջ 100 միլիոն տոլարով: Սփիւռքի բախտը բերած էր, քանի որ Կիպրոսի կառավարութիւնը դադրեցուցած էր այդ գործընթացը: Սփիւռքահայերն ու Հայաստանը պարտական են Կիպրոսի կառավարութեան: USA Armenian Life-ը նոր իմացած է, որ Կիպրոսը արգելք հադիսացած է Սեդրակեանի ՀԲԸՄ-ի վրայ, որպէսզի չկարենան վաճառել MEI-ի ունեցուածքը, որ կը գտնուի Կիպրոսի մայրաքաղաք՝ Նիկոսիոյ մէջ:
ARTN TV-ի գլխաւոր տնօրէն Ռոբերտ Օղլախչեան ըսաւ. «Ես բոլոր կուսակցութիւնների հանդեպ յարգանք ունեմ բայց ի՞նչ կը նշանակէ «Pan-Armenian Council» կամ «համահայկական խորհուրդ» արտայայտութիւնը առանց ժողովուրդի մասնակցութիւնը ապահովելու ընտրական համակարգի մը մէջ։ Հարկաւոր է որ նեղ-կուսակցական շրջանակից դուրս գալ եւ իրականացնել ժողովրդավարական ընտրութիւններ։ Եթէ անպայման ուզում են կազմակերպութիւնների համախմբում իրականացնել առանց համաժողվրդական ընտրութիւնների ապա իրաւունք չունեն զայն կոչեն «համահայկական խորհուրդ»։
Թէ՛ Վիգէն Յովսէփեան, եւ թէ’ անոր ստորադասը ՝ Յովնան Տէրտէրեան հետս-հետէ կը դառնան քննադատութեան թիրախ իրենց իսկ կազմակերպութիւններու մէջ՝ տեղական եւ համաշխարհային մակարդակի վրայ: ՀՅԴ-ի բազմաթիւ բարձրաստիճան անդամներ, համախոհներու հետ միասին, կը դատապարտեն Յովսէփեանի մօտեցումը Արեւմտեան Միացեալ Նահանգներու ՀՅԴ -ի մէջ իր բուրգի ձեւաւորման համար՝ նպատակ ունենալով հավերժացնել իր իշխանութիւնը կուսակցութիւնէն ներս:
Անոր կինը՝ Նօրա Յովսէփեան, այժմ յայտնի է, որպէս Արեւմտեան ԱՄՆ-ի Ամերիկայի Հայ Դատի Յանձնախումբի (ANCA) ամբողջական բռնապետ: ANCA-էն ներս գոյութիւն չունին ժողովրդավարական ընտրութիւններ՝ ազգային կամ տարածաշրջանային ղեկավարութիւն ընտրելու համար: Արեւմտեան ԱՄՆ-ի մէջ բոլորն ալ կը նշանակուին պրն. Յովսէփեանի ու իր կամակատարներու կողմէ կուսակցական ղեկավար մարմիններու մէջ:
Յովսէփեանի բռնապետութիւնը «հայկական վայրի, վայրի արեւմուտք»ի մէջ իրեն կը «շնորհէ» զգալի ազդեցութիւն ԱՄՆ-ի ՀՅԴ միւս տարածաշրջանային կեդրոնական կոմիտէութիւններու ղեկավարութեան վրայ:
Ըստ հաւաստի աղբիւրներու, Վիգէն եւ Նօրա Յովսէփեաններու նկատմամբ ժխտական կեցուածքը կ’աճի ոչ միայն ԱՄՆ-էն ներս, այլեւ տարածաշրջանային շատ այլ մարմիններու մէջ, ինչպիսիք են Գանատան, Լիբանանը, Հարաւային Ամերիկան, Արցախը (Ղարաբաղ) եւ Հայաստանը: Յովսէփեանները իրենց անձնական խաղահրապարակի վերածած են ՀՅԴ-ն, ANCA-ն եւ մնացած ՀՅԴ-ին առնչուող եւ համայնքային կազմակերպութիւններուն‘ Արեւմտեան Առաջնորդութեանը, Հայ Օգնութեան Միութիւն (ՀՕՄ), Հայ Երիտասարդ Դաշնակցութիւնը (ՀԵԴ), ՀՄԸՄ-ը եւ Համազգայինը: Այժմ ան ծածուկօրէն կը հետապնդէ ամբողջ Արևմտեան ԱՄՆ‘ վերածելու իր կլանի խաղահրապարակին: Այդ նպատակին հասնելու համար պարոն Յովսէփեան Յովնան Տէրտէրեանին իր հովանիին տակ ընդունած է: Կարելի է վստահօրէն եզրակացնել, որ Յովսէփեան-Տէրտէրեան զոյգը կը պատրաստուի հետընթաց ունենալ՝ իր հետ ամեն գնով մի ամբողջ համայնք ետ մղելով դեպի մութ դարաշրջան՝ կազմակերպչական ճորտատիրութեան «ֆեոդալիզմ»ի:
Անդրադառնալով ԱՄՆ-ի Համահայկական Խորհուրդին, Քալիֆոռնիոյ նախկին նահանգապետ Ճօրճ Տէօքմէճեանի քաղաքականութեան խորհրդական եւ Արեւմտեան ԱՄՆ-ի մէջ ամերիկահայ համայնքի երկարամեայ առաջատար անդամուհի՝ Հելէն Հայկ ըսաւ. «Ես մասնակցած եմ վերջերս տեղի ունեցած Համահայկական խորհուրդի ժողովին եւ կը կարծեմ, որ շատ դրական է, որ գործող բարեսիրական կազմակերպութիւններու ներկայ ղեկավարները միասին աշխատին‘ ի նպաստ մեր երիտասարդութեան եւ համայնքին: Միեւնոյն ժամանակ, ես կը հաւատամ, որ կարեւոր է ստեղծել ժողովրդավարական ճանապարհով ընտրուած ներկայացուցչութեան համակարգ‘ եզակի արժեք ունեցող նոր նախաձեռնութիւններու իրականացման համար, որոնք համայնքի ընտրուած ներկայացուցիչները կրնան զարգացնել՝ հիմնուելով իրենց ընտրողներու մանդատի վրայ»: Հելէն Հայկ ներկայիս կը հանդիսանայ Համաշխարհային հարցերու Խորհուրդի (World Affairs Council-OC) անդամ: Ան աշխատած է Սպիտակ տան երկու վարչակազմերու հետ (մէկը‘ միջազգային տնտեսական զարգացում): Որպէս Soroptimist-ի նախագահ, ան մասնակցած է ՄԱԿ-ի համար հասարակական կազմակերպութիւններու (ՀԿ) նախաձեռնութիւններու զարգացման:
Մեկնաբանելով Արեւմտեան ԱՄՆի Համահայկական խորհուրդի ձեւաւորումը՝ Քալիֆոռնիոյ նահանգի Լոնկ Պիչի համալսարանի քաղաքագէտ պրոֆեսոր Զ. Ս. Էնդրու Տէմիրճեան նշած է. «Ինքնապահպանող օլիգարխիան անցեալին կը պատկանի: Այժմ մենք կþապրինք 21-րդ դարի մէջ՝ նպատակ ունենալով վերացնել 17-18-րդ դարերու հասարակական, գործաարարակն եւ կառավարութեան գործեւերու հին եղանակները: Համայնքի ընտրուած անդամները մեզի պէտք է ներկայանան ժողովրդական քուէարկութեան միջոցով, որպէսզի իւրաքանչիւր քաղաքացի իրաւունք ունենայ անհրաժեշտութեան պարագային փոխարինելու խորհուրդի մէջ չաշխատող ներկայացուցչին: Առանց ժողովրդավարական ընտրութիւններու, Արեւմտեան Միացեալ Նահանգներու խորհուրդի համահայկական առաջնորդները կը համարուին հայ համայնքի անօրինական ներկայացուցիչներ՝ խախտած ըլլալով հայկական սփիւռքի իւրաքանչիւր անդամի իւ նախընտրած թեկնածուի օգտին քուէարկելու անքակտելի իրաւունքը: Անոնց, որոնք կþառաջնորդուին ժողովրդավարական սկզբունքներու հաստատուն համոզմամբ, պիտի չընդունուին եսասիրական, ինքնասէր անհատներու փոքր խումբի մը կողմէն»:
Որպէս հետաքննող լրագրող եւ ամերիկահայ կրօնական եւ համայնքային կազմակերպութիւններու իրավիճակի ժամանակագրութեան վերաբերեալ գիրքերու հեղինակ, ինչպէս նաեւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Հայ Առաքելական եկեղեցւոյ նախկին կուսակրօն քահանայ, Լոս Անճելոսաբնակ Ոսկան Մխիտարեան ըսաւ.«Լոս Անճելոսի մէջ 50 տարիներու ընթացքին ես նկատած եմ, որ այսպէս կոչուած «ղեկավարման» մենաշնորհը կը պահուի շրջանակի մը մէջ՝ օտարելով նոր կրթուած ու պատասխանատու սերունդին, արգելք ըլլալով անոնց լուծումներու մասնակից ըլլալու իրենց իրաւունքին: Մէնաշնոր-հային ղեկավարութիւնը լիովին կոռումպացուած է եւ չի յարգեր ոչ մէկ օրէնք եւ կարգ: Եթէ ոչ այսօր, ապա ե՞րբ մենք պիտի համախմբուինք ժողովրդավարական ընտրուած ղեկավարութիւն ստեղծելու մեր իրական ջանքերով, որպէսզի քայքայումէ փրկենք սփիւռքը»:
Լոս Անճելոսի մէջ, հակաժողովրդային այդ համախմբման յայտարարուած այսպէս կոչուած հայկական կառոյցներու համադաշնութիւնը հիմնուած է ոչ թէ համակարգելու համար անդամ կազմակերպութիւններունհայկական շահեր պաշտպանելու միտուած (sic!) ջանքերը, այլ
ՀԱԿԱԴԱՐՁԵԼՈՒ ԱՄՆ-ի արեւմտեան նահանգներուն մէջ ՀԱՅ ԱՆԿԱԽ ՄՏԱԾՈՂՈՒԹԵԱՆ գործնական քայլերուն, ԼՌԵՑՆԵԼՈՒ ԱՅԴ ԽԻԶԱԽ ՁԱՅՆԵՐԸ` անոնց մէջ մահացու վտանգ տեսնելով իրենց գոյութիւնը քաշքշելու գերնպատակին դիմաց: Սակայն այս յետադիմականները կը մոռնան մէկ տարրական ճշմարտութիւն. ՊԱՏՄՈՒԹԵԱՆ ԱՆԻՒԸ ԱՆՀՆԱՐ Է ԵՏ ՇՐՋԵԼ ԿԱՄ ՆՈՅՆԻՍԿ ԿԱՍԵՑՆԵԼ: 21-րդ դարուն մէջ անհնար է շարունակել աշխատիլ հոտած-մգլոտած եղանակներով ու մտածողութեամբ:
ԱՄՆ ռազմաօդային ուժերու Փոխ-Գնդապետ (հանգս.) Ճան Քէօսէեան USA Armenian Life- ին եւ «Հայ Կեանք»ին ուղղած նամակին մէջ գրեց. «Վերջապէս, խիզախ մարդիկ յայտնուեցան բացայայտելու այս տեսակի իրողութիւններ: Միշտ կասկած ունենալով՝ հարց կուտայի, թէ ինչպէս ընտրուած են մեր ղեկավարները: Ես անոնց անուանեցի «ղեկավար դիրքերու վրայ մարդիկ», քանի որ անոնք ղեկավար չեն: Իսկական ղեկավարը շրջահայեաց կþըլլայ եւ կը կանխատեսէ ապագան նախքան անոր կատարումը: Մեր պատմութեան ընթացքին մենք հակադարձողի դերին մէջ յայտնուած ենք փոխանակ գործելու եւ նախքան այդ յառաջացած խնդիրները կանխելու: … Ասոր նման նամակներ ես ուղղարկած եմ այլ հայկական թերթերու, բայց ինչ-ինչ պատճառներով, անոնք երբէք չեն հրապարակած: Հիմա ես հասկցայ, թէ ինչու…: Անոնք այս օլիգարխներու խոսափողն են»:
«Խորհուրդ»ի անդամ-կազմակերպութեան մը ներկայացուցիչը, որ խնդրեց անանուն մնալ, խոստովանեցաւ, որ Յովսէփեանի եւ Տէրտէրեանի ղեկավարած այս խմբակը հեռանկարային չէ հիմնականին մէջ, այն պատճառով, որ չունի ժողովրդական մանդատ: «Այդ ընդամենը մի քանի կազմակերպութիւններ են, որոնք հաւաքուած են միայն խորհրդատւութիւններու համար: Եթէ քննադատութիւնները շարունակ աճին, ես համոզուած եմ, որ մեր կազմակերպութեան բարձրագոյն ղեկավարութիւնը ստիպուած կþըլլայ դուրս գալ»:
31 Օգոստոս, 2019-ին Արեւմտեան Միացեալ Նահանգներու Շրջանի Սոցիալ Դեմոկրատ Հնչակեան Կուսակցութիւնը «Ինչու Մաս Չենք Կազմեր» խորագիրը կրող յայտարարութեամբ մը, հաստատեց. «ՍԴՀԿ-ի ներկայացուցիչները մասնակցելով (Արեւմտեան Միացեալ Նահանգներու Համահայկական Խորհուրդի) խորհրդակցական առաջին ժողովին, անբաւարար գտան նման մնայուն մարմինի մը կազմութեան անհրաժեշտութեան մասին հնչած կարծիքները: Նոյնպէս, մեզի համար յստակ չէր անոր գործունէութեան դաշտը, նպատակն ու առաքելութիւնը: Ընդհակառակը, մենք նկատեցինք, որ կար նախապէս պատրաստուած ծրագիր ու ձգտում՝ ամբողջ համայնքի ղեկավարութիւնը ստանձնելու ուղղութեամբ»:
ՍԴՀԿ-ի ներկայացուցիչները նաեւ հաստատեցին. «Որպէս 132 տարուայ պատմութիւն ունեցող քաղաքական կուսակցութիւն, ՍԴՀԿ չի կրնար իր ինքնուրոյնութիւնը զիջիլ որեւէ այլ կազմակերպութեան եւ կամ անհատներու, ըլլան անոնք եկեղեցական կամ կուսակցական: … մնայուն կառոյցի մը ստեղծումը կը գտնենք անհեռանկարային ու ժամանակավրէպ»:
Աշխարհով մէկ, հայերու մօտ միշտ ալ բաժանման պատ եղած է եկեղեցւոյ եւ պետութեան միջեւ: Որւեէ մակարդակի հայ հոգեւորականի բացառուած է միջամուխ ըլլալ հայ ժողովուրդի քաղաքական գործերուն: Հետեւաբար Արք. Տէրտէրեան հայկական քաղաքական գործերուն խառնուելու իրաւունք չունի: Կþենթադրուի, որ ան պարզապէս հոգեւոր սպասաւոր է: Աւաղ: Ան «նուիրեալ հոգեւոր սպասաւոր» նոյնիսկ չէ ինչպէս որ ան կը պնդէ: Եթէ ան իսկապէս կը ցանկայ ներգրաւուիլ հայկական քաղաքական գործերէն ներս, ապա ան պէտք է վերջ տայ իր ուղղեկորոյս ընթացքին որպէս արեւմտեան թեմի առաջնորդ, եւ վերադառնայ քաղաքացիական կյանքին: Այնուհետեւ միայն անկէ ետք ան կրնայ մասնակցիլ հայկական քաղաքական կեանքին:
Արեւմտեան Միացեալ Նահանգներու հայութեան ջախջախիչ մեծամասնութիւնը դէմ է ինքնանշանակովի «Համահայկական Խորհուրդի» գաղափարին։
2010-ի Փետրուարի 25-ին, այս գրողը յօդուածի մը մէջ նշած է, որ թէկուզ ընտրովի ղեկավարութեան գաղափարը նոր չէ, ժողովրդավարական մօտեցումը եւ աւելի լաւ հաւաքական ապագայի հեռանկարը յուսադրիչ, ոգեշնչիչ եւ հզօրացուցիչ է։ Այս կենսատու առաջարկը արժանի է իւրաքանչիւր հայու ակտիւ մասնակցութեան եւ աջակցութեան:
Իրապաշտօրէն խօսելով, հայկական սփիւռքը ստիպուած է շարունակել իր դարաւոր ճանապարհը: Այնպէս որ, շատ օգտակար կþըլլայ, եթէ մեր անդրազգային համայնքը երկարաժամկէտ մօտեցում ցուցաբերէ սփիւռքի ուժեղ երկարակեցութեան առումով:
Միասնական Սփիւռքը նախեւառաջ անհրաժեշտ է սեփական առողջ գոյութեան համար, որ կրնայ դառնալ քաղաքականապէս, տնտեսապէս, սոցիալապէս եւ ռազմականօրէն ուժեղ Հայաստան-Արցախի շարժիչը ինչպէս նաեւ վերակառուցուած եւ վերաաշխուժացուած սփիւռքի համար ինքնանորոգ ուժ որ կþունենայ տնտեսական եւ քաղաքական ահռելի ազդեցութիւն աշխարհի կարեւոր մայրաքաղաքներու մէջ:
