Ամերիկացի քոնկրեսականները Արցախի նախա-գահը շնորհա-ւորած են Հանրա-պետութեան Անկախութեան օրո-ւան առիթով:
Իր թուիթըրեան էջին մէջ շնորհա-ւորական նամակը հրապարակած է քոնկրեսական Ֆրենկ Փալոն, կը յայտնէ «Նիուզ» լրատուա-կան կայքը:
Նամակը ստորագրած քոնկրեսականներու շարքին ենԷտըմ Շիֆ, Ճեքի Սփիր, Փիթըր Թ.Քինկ եւ Կուս Պիլիրաքիս: «Արցախը շրջանին մէջ ժողովրդավարութեան եւ ազատութեան օրինակ է, եւ մենք նախկինին պէս յոյս ունինք, որ ձեռք կը բերուի հաստատուն խաղաղութիւն, որ Արցախը հայկական կը պահէ», նշած է Փալոն: Նամակին մէջ կը նշուի, որ Արցախը, անվիճելիօրէն, վաստակած է ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի բանակցային հոլովոյթին մասնակցելու իրաւունքը
ըլլալով շրջանին մէջ ժողովրդավարութեան եւ ազատութեան օրինակ: «Մենք յոյսով ենք, որ ձեր երկիրը մօտ ապագային պիտի ներգրաւուի այդ բանակցութիւններուն… մենք պիտի շարունակենք հաւատարիմ մնալ Արցախի տնտեսութեան եւ ժողովրդավարութեան զարգացման եւ պիտի շարունակենք անոր պաշտօնական ճանաչման կոչ ուղղել», նշուած է նամակին մէջ:
