ԱԲՕ ՉԱՓԱՐԵԱՆ
Թրքական «Գորշ Գայլերու» հլու-հնազանդ զինակից Աթէշեան, Գարեգին Բ-ն, Ռուսաստանի թեմէն՝ Եզրաս Նեսիսեան, ԱՄՆ-ի կցորդ ու բոլորին թիւ մէկ գործընկեր՝ ԱՄՆ Արեւմտեան թեմի Յովնան Տէրտէրեանը վերջերս գլխաւոր գործակից մը յայտնաբերեցին յանձինս Արեւմտեան ԱՄՆ-ի ՀՅԴ կուսակցական «օլիգարխ» մենատէր Վիգէն Յովսէփեանի։
Այսպէսով՝ կլանակիցները երջանիկ զգալու են որովհետեւ իրենց հասարակաց ընկեր՝ Աթեշեանը թրքական կառավարութեան գործակալ է, Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրդողանի սերտ կամակատար եւ միջազգային ահաբեկչական կազմակերպութիւն «Թրքական Գորշ Գայլեր»ու ակտիւ համագործակցող: Արք. Աթեշեան եւ Արք. Յովնան Տէրտէրեան սերտօրէն համագործակցած են հակահայկական Թրքական Արձանագրութիւններու իրագործման համար:
Հիմայ, որ Լոս Անճելոսի Մէջ, համալրուեցաւ Գարեգին Բ-ի, Թրքական «Գորշ Գայլերու» Զինակից Աթէշեանի եւ Յովնան Տէրտէրեանի կողմէ գլխաւորուած միջազգային կլանը
արդեոք թրքական կառավարութիւնը կը նախապատրաստուի «Թրքական-Հակական» կեղծ եւ վնասակար հաշտութեան նոր հանգրուանի մը։ Իսկ եթէ «Թրքական-Հայկական» հաշտութեան նոր տարբերակ մը չէ մշակուած արդեոք կը նախապատրաստուին ներկայացնելու հայաստանա- եւ հայավնաս «Թրքական Նոր Արձանագորութիւններ»։
Ինչպէս որ ժողովրդական խօսքը կ’ըսէ. «Ըս՛է ով է ընկերդ, ըսեմ ով ես դուն»։

«Ֆէյսբուկեան» Բանավէճ…
«Լոս Անճելոսի երկու ինքնահռչակ մէնատէրեր կը փորձեն արեւանգել հայ համայնքի ղեկավարութիւնըգ առանց ժողովրդական ընտրութիւններու» Oգոս. 23-ի յօդուածի առթիւ։ Loucine Kaprielian (Խօսքը ուղղելով Աբօ Չափարեանին). Դիմատետրը անձնական հարցեր լուծելու տեղ չէ ….
Աբօ Չափարեանի պատասխանը Լուսին Գաբրիէլեանին. Ի՞նչն է որ քեզի կը մղէ որ խորհիս թէ սա անձնական խնդիր է: Միթէ յօդուածը չի կարդացիր: Ես Վիգէնին հետ անձնական խնդիր չունիմ այլ՝ զուտ սկզբունքային է: Վիգէնը միշտ ալ իմ հանդեպ լաւ վարուելակերպ ունեցած է, սակայն ես լաւ վարուելակերպը չեմ ընդունիր որպէս արդարացուցիչ պատճառ լռելու` ի տես խոշոր եւ աններելի սխալներու:
Հարցում. կը նկատեմ որ դուն Սուրիայէն ես: կրնա՞ս անկեղծօրէն պատասխանել եւ ճշմարիտ կարծիքդ յայտնել: Երբ Սուրիոյ մէջ ծայրայեղական ահաբեկիչներ կ’արեւանգեն անմեղ մարդոց ներառեալ՝ հայ մարդոց եւ զանոնք կամ կը սպանեն կամ ալ մեր ժողովուրդին ոխերիմ թշնամոյն՝ Թուրքիոյ կը «վաճառեն» չե՞ս կարծեր որ հայ ազգային կուսակցական ղեկավար մը՝ ո՛ր երկրին մէջ ալ որ ըլլայ ան, ՊԷՏՔ Է ՊԱՐՏԱԿԱՆ ԸԼԼԱՅ ԱՅԴ ՏՄԱՐԴԿԱՅԻՆ երեւոյթը դատապարտելու:
Աբօ Չափարեան | Լոս Անճելոսի ՀՅԴ «Գարեգին Նժդեհ» կոմիտէութեան Կուսակցական Քարտուղար 1980-ականներուն

By Appo

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *