Գրվել է 12 Դեկտեմբերի 2016 -ին
«10 տարի ետք պիտի չ՛ըսենք այլեւս, որ փակուելու վտանգին տակ եղող հայկական դպրոցներ կան, որովհետեւ անոնք փակուած պիտի ըլլան»,-«Արեւելք»-ին յայտնեց Մելգոնեան վարժարանի նախկին սան, բազմավաստակ կրթական մշակ՝ Վարդգէս Գուրուեան:
Խօսելով Մելգոնեան հաստա-տութեան կատարած պատմական կարեւոր դերին ու անոր փակման անհիմն պատճառներու մասին, Գուրուեան ընդգծեց, որ Մելգոնեան եղբայրներու ժառանգը՝ հայ ազգին, եղած է մեր թագաւորներուն եւ թագուհիներուն տուածէն շատ աւելի: «Այդ հարստութիւնը ամբողջութեամբ տուին ՀԲԸՄ-ին, որպէսզի Մելգոնեանը պահուի սերունդէ սերունդ, յաւիտեանս յաւիտենից»: Ան յայտնեց, որ մեր ժողովուրդի պատմութեան մէջ ամենամեծ նուիրատուներու կողմէ հիմնադրուած Մելգոնեան վարժարանը հիմնուելէն 80 տարիներ անց փակուեցաւ անհիմն պատճառներով: «Ոչ մէկ լուրջ պատճառ կար այդ դպրոցը փակելու: Բարեգործականի Լոս Անճելըսի վերին մարմինը պատրուակներ տուաւ, որուն համար մենք հրապարակային վիճաբանութիւն-ասուլիս առաջարկեցինք՝ Մելգոնեանի փակման հարցը քննարկելու համար, սակայն անոնք մերժեցին»,-ըսաւ Գուրուեան, նշելով, որ Բարեգործականի տնօրէն՝ պարոն Սեդրակեանին այս կապակցութեամբ իր յղած բոլորը նամակները մնացած են անպատասխան:
Սուրիոյ տագնապի զարգացման հետ, երբ սուրիահայերուն կեանքը վտանգի կ’ենթարկուէր, Գուրուեան, Մելգոնեան վարժարանը վերաբանալու արշաւ մը սկսած է: «1050 հոգիէ ստորագրութիւն հաւաքեցի, նամակով մը յղեցի զայն բարեգործականի ղեկավարութեան, որպէսզի Մելգոնեանը բացուի գլխաւորաբար 2 պատճառներով: Առաջինը, որ սուրիահայ աշակերտներուն ապահով տեղ փոխադրենք, որովհետեւ ամէն մէկ հայու մահը, ազգին համար ահաւոր կորուստ է: Երկրորդ պատճառը, արեւմտահայերէնն է, որովետեւ արեւմտահայերէնը մեռնելու վրայ է»,-պատմեց Գուրուեան, նշելով, որ զանազան երկար եւ բացատրողական յօդուածներով ցոյց տուած է, որ արտասահմանի մեր դպրոցները, բացի Մելգոնեանէն, չեն կրնար արեւմտահայերէնը պահել:
Գուրուեան յայտնեց «Արեւելք»-ին, որ ինք Մելգոնեանի հարցով նամակներ յղած է՝ Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Սերժ Սարգսեանին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ Գարեգին Բ. Ամենայն հայոց կաթողիկոսին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ Արամ Ա. Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսին, Սփիւռքի նախարարութեան, Հայաստանի Կրթութեան եւ Գիտութեան նախարարութեան, ինչպէս նաեւ՝ աւանդական 3 կուսակցութիւններու ղեկավարներուն: Նամակներուն մէջ անոնցմէ խնդրած է, որ բարեխօսեն բարեգործականին մօտ Մելգոնեանը վերաբանալու հարցով, բայց «Որեւէ մէկը մատը չշարժեց»,-դիտել տուաւ ան,- «Այս կը նշանակէ, որ ո՛չ նախագահը, ո՛չ զոյգ կաթողիկոսները, ո՛չ նախարարութիւնները, ո՛չ ալ 3 կուսակցութիւնները մտահոգուած են արեւմտահայերէնի պաշտպանութեամբ»:
Լաւատեղեակ ըլլալով Մելգոնեանին, Գուրուեան դիտել տուաւ, թէ վարժարանը պարապ հողեր ունի, որոնց վրայ կարելի է 2 հսկակայական շէնքեր շինել. «Մելգոնեան հիմա պզտիկ շէնք մը ունի որմէ տարին 600000 տոլար եկամուտ կը ստանայ: Ան ունի նաեւ հողատարածք մը, որուն վրայ 2 հսկայական շէնքեր կրնան կառուցուիլ: Բարեգործականը Մելգոնեանէն հողը վարձելով կրնար տարեկան 1,5 միլիոն տոլար շահիլ շէնքերու եկամուտներէն: Առանց մոռնալու Եւրոպական օժանդակութիւնները»:
«Արեւելք»-ի՝«Ի՞նչու չեն ընէր» հարցումին պատասխանելով, Գուրուեան յայտնեց. «Այս մէկը, պէտք է հարցնել Սեդրակեանին: Վերջին անգամ, երբ
տեսայ զինք այս նիւթին մասին բացարձակ խօսիլ չէր ուզեր: Լոս Անճելըս եկած էր, մենք գրաւոր հարցումներ տուինք իրեն, որ պատասխանէ, ան մերժեց Մելգոնեանի մասին հարցումներուն պատասխանել բացարձակապէս եւ ըսաւ. «Գոց է, գոց ալ պիտի մնայ»: Այդ հանդիպումէն ետք առիթը ունեցանք Սեդրակեանին հետ մօտ 15 վայրկեան հարցազրոյց ունենալու, որուն ընթացքին ըսաւ. «Վարդգէս կամ դուն ճիշդ ես կամ ես. ասիկա պատմութիւնը ցոյց պիտի տայ»:
Մեր զրուցակիցն այս առումով ըսաւ. «Մինչեւ պատմութեան ապացոյցերը սպասելը, արտասահմանի մէջ արեւմտահայերէն խօսող հայ պիտի չմնայ, որպէսզի այդ պատմութիւնը կարդայ եւ ըսէ՝ ով ճիշդ էր: Ես չեմ հետաքրքրուած ճիշդ ըլլալով. հետաքրքրուած եմ սուրիացի աշակերտները եւ արեւմտահայերէնը միանգամայն փրկելով: Այդ մասին ոչ մէկ պետական, եկեղեցական կամ կուսակցական իշխանութիւններ գործ տեսած են, ոչ ալ կը տեսնեն»,- հաստատեց մեր զրուցակիցը:
Վարդգէս Գուրուեան, բացի Մելգոնեանի մէջ ծառայելէն, 31 տարի պաշտօնավարած է Ամերիկայի Թէքէեան մշակութային միութեան «Արշակ Տիգրանեան» վարժարանէն ներս, որպէս տնօրէն: Ան իր երկարամեայ փորձառութենէ ելլելով, կը պատմէ, որ հայ աշակերտները Ամերիկայի մէջ, ինքնաբերաբար արդէն անգլիախօս կ’ըլլան:
Լոս Անճելըս հաստատուած Գուրուեան խօսելով ամերիկահայ կրթական ոլորտին մասին ըսաւ. «Ամերիկայի 3-րդ սերունդը կրնամ ըսել 70 տոկոսով պիտի կորսուի. իսկ 4-րդը կրնանք ապահով ըլլալ որ ոչ միայն լեզուն պիտի չ?իմանայ, այլ նաեւ՝ այդ հոգին ալ պիտի չ?ունենայ, ինչպէս հիմիկուան ամերիկահայերը: Ամերիկահայ հսկայ զանգուած ունինք, որոնք ազգային հայկական կեանքէ բոլորովին հեռու են. անոնց մէկ մնացորդացը միայն կիրակի օրերը եկեղեցի կ?երթայ եւ ուրիշ ոչինչ: Այդպիսով իրենց հայկականութիւնը կը փորձեն պահել. քիչեր տակաւին փրկուած են, բայց վերջացած են անոնք ալ»,- նշեց Գուրուեան, վկայելով, որ Յունաստանի մէջ արդէն հայերէն խօսող չկայ, իսկ Կիպրոսի մէջ, իր աշակերտութեան օրերէն, 1960ական տարիներէն, արդէն Յունաստանի եւ Կիպրոսի աշակերտները իրար հետ յունարէն կը խօսէին:
Առանձնացնելով Ամերիկայի մէջ հայկական վարժարաններէն ներս հայերէն լեզուի իմացութեան պատկերը, ան ըսաւ. «Ամերիկայի մէջ երբ հայկական դպրոց մտնես, եթէ 1000 բառ լսես, անոր 999-ն անգլերէն է: Ծնողները իրենք կը խոստովանին, որ իրենք իրենց զաւակները հայկական դպրոց կը ղրկեն ապահով միջավայր ըլլալուն համար եւ ոչ թէ հայերէն սորվելու մտահոգութենէ մղուած: Իբր դպրոցի տնօրէն, քանի ծնողներ եկած են քովս, ըսելու, թէ նախակրթարանէն ետք ինչու հայերէն կու տաք, պէտք չկայ հայերէն սորվելու, այն ալ աշակերտին առջեւ: Ինչպէ՞ս կ’ակնկալես, որ այդ աշակերտին հայերէն սորվեցնենք երբ ծնողքը դէմ է»,- դիտել տուաւ ան:
Ըստ Գուրուեանի, Հայոց Ցեղասպանութեան 100-ամեակի ծիրէն ներս եղած նախաձեռնութիւնները ոչ մէկ խորքային եւ արմատական դրական արդիւնք արձանագրեցին, մինչդեռ Մելգոնեանի վերաբացումը մեծ յաղթանակ մը պիտի ըլլար: Ան այս առումով ըսաւ. «Ջարդէն ետք, հայ ժողովուրդին մեծագոյն նուէրը Մելգոնեան եղբայրներու բացած այս դպրոցն էր, որու շնորհիւ հսկայ ուսուցիչներու բանակ մը պատրաստուեցաւ եւ Միջին Արեւելքի մեր դպրոցներուն մէջ ծառայեցին»: Այս մասին ան իր յօդուածներուն մէջ Բարեգործականին յուշած էր, որ կրնայ 100-ամեակի առիթով ժողովուրդին մեծագոյն գործնական եւ դրական նուէր մը ընել դպրոցի վերաբացումով: 100-ամեակի տօնակատարութիւնները մատնանշելով, ան շարունակեց. «100ամեակի պոռչտուքներէն ինչ օգտուեցանք, բացի անկէ որ 1,5 միլիոն նահատաները սրբադասուեցան, բայց ինչի՞ կը ծառայէ: Օտար երկիրներու նախագահներու Ցեղասպանութիւնը ճանչնալով ի՞նչ փոխուեցաւ: Ոչինչ շահեցանք: Ոչ մէկ դրական բան: Եթէ Մելգոնեանը վերաբացուէր իրական դրական քայլը պիտի ըլլար»:
Աղբյուրը` http://www.arevelk.am/