Մինչեւ օրս, երբ մարդիք կ’իմանան Ատիսի եղբայրը ըլլալս, կը սկսին գովաբանութեան շարանը:
Այսօր միտքս կը տանի զիս մեր մանկութեան օրերուն:
Մեր գերդաստանին մէջ կարեւոր երկու բան կար՝ երգ ու կարկանդակ: Եղբայրս եւ ես միասին կարկանդակներ կը պատրաստէինք, ու ինք կը շինէր ու կþերգէր՝ զարդարելով զանոնք յատուկ ճաշակով:
Կը յիշեմ առաջին ուրախութիւնս. 8-9 տարեկան էի, երբ օր մը յանկարծ TV-ի վրայով (սեւ-ճերմակ) տեսայ եղբայրս կ՛երգէր (Ազնաւուրի Les deux guitares-ը): Զարմանքս մեծ էր եւ ուրախութիւնս՝ անսահման:
Ատիս կը սիրէր հին երգեր՝ 50-60-ականներու եւ դասական երաժշտութիւն, կը նուագէր ակարդեոն եւ դաշնամուր:
1963ի վերջերը Ատիս եւրոպական երգերով սկսաւ ճանչցուիլ հայ երիտասարդներուն կողմէ:
1965ին, 20 տարեկանին ամուսնացաւ եւ անմիջապէս նոյն տարին հրապարակ հանեց 3 եւրոպական (45 երգ) ձայնապնակներ:
1967ին սկսաւ երգել հայերէն. առաջին ծայնապնակը՝ «Ծաղիկներ, ծաղիկներ», «Ճեյրանի պէս», «Մանուշակ» եւ «Այս գիշեր ինձ խօստացար» երգերով:
Յաջողութիւնը չþուշացաւ: Ատիս շուտով դարձաւ լայնօրէն ընդունուած եւ սիրուած էստրատային երգիչ:
Իր անսահման կորովով եւ համակրելի անհատակա-նութեամբ, գրաւեց սիրտեր եւ յուզեց հոգիներ, եւ այսպէս երգը եւ երաժշտութիւնը դարձան իր աշխարհը, եւ կարծես, ինք դարձաւ հայ երգը տարածող առաքեալը՝ ճամբորդելով երկրէ երկիր, հանդէս գալով համերգներով: Եւ զարմանալիօրէն համերգներէն անմիջապէս ետք, առաջին թռիչքով կþուզեր վերադառնալ ընտանիքին եւ հարազատներուն:
Ընտանիքը եւ հարազատները մեծ տեղ կը գրաւէին Ատիսի կեանքին մէջ:
Ուշադիր եւ հոգատար էր անոնց հանդէպ, մանաւանդ երեխաներուն. Կը զուարճացնէր զանոնց, կը խրատէր եւ կ’օգնէր իր հանդարտ եւ զօրաւոր անհատականութեամբ: ժամանակ մը վերջ Ատիս սկսաւ գրել իր երգերը՝ խօսք-երաժշտութիւն, եւ կþըսէր, թէ այդ երգերը յաճախ կը գրէր օդանաւին մէջ, կարծես ներշնչումները եււ մուսաները իրեն հ՛ոն կ՛այցելէին:
Երբէմն, երբ եղբայրս կը դիտէի բեմի վրայ, կը զարմանայի իր բէմական ձեւերուն եւ շարժումներուն վրայ ու կը մտածէի.«այս իմ եղբայրս է, ե՞րբ սորվեցաւ ասոնք, արդեո՞ք հայելիին առջեւ փորձ ըրած է»: Ան իր երգերը հրամցնելու իր իւրայատուկ ոճը ունէր:
Ան ունէր անսպառ կորով, կամք, աշխատասիրութիւն, կը նայէր միշտ յառաջ՝ փնտրելով նոր ծրագիրներ:
Ան յաճախ կ՛ըսէր. «Կեանքը պայքար է, պէտք չէ ընկրկիլ»:
15 տարի առաջ քաղցկեղը փորձեց խանգարել եւ խոչնդոտել եղբօրս կեանքը: Ան ստիպուած մտաւ նոր պայքարի մը մէջ: Սակայն երբէ՛ք չյուսահատեցաւ, լաւատեսութեամբ շարունակեց բուժուիլ եւ երգել ու շրջիլ համերգներով, ուր որ իր համակիրները իր երգի կարօտը ունէին:
Վերջին շրջապտոյտը եղաւ Եգիպտոս, Երեւան եւ Պէյրութ:
2018ին Ատիս բոլորեց իր երաժշտական ասպարեզի 50-ամեակը՝ իր հետ պահէլով յաջողութեան յուշերը, գնահատականները եւ երկրպագուներու անսահման սէրը:
Չունեցաւ ո՛չ մէկ կուսակցական պատկանելիութիւն, սակայն միշտ յարգանք ունէր բոլորին հանդէպ եւ կը գնահատէր անոնց տարած գործը:
Հպարտ էր իր հայրենիքո՛վ եւ հա՛յ ըլլալով:
Մասնաւոր սիրով սիրեց իր ծննդավայրը՝ Լիբանանը եւ անոր ժողովուրդը:
Սիրեց երգը
Սիրեց մարդը
Սիրեց կեանքը
Սակայն, ափսո՜ս, վերջին պայքարը կիսատ մնաց: Ատիս հեռացաւ կեանքէն, իր հարազատներէն եւ երկրպագուներէն՝ թողելով իր ետին հարիւրաւոր երգեր եւ յիշատակներ:
ՅԱՐՈՒԹ ՀԱՐՄԱՆՏԵԱՆ
