Իրականութեանը չի համապատաս-խաներ լուրը, թէ ԱՄՆ-ն Հայաս-տանի առջեւ պահանջ դրած է՝ հանել զօրախումբը Սուրիայէն, իսկ ռուսական կողմն ալ պահանջած է աւելցնել թուակազմը: Այս մասին 3 սեպտեմբերին, լրագրողներու հետ զրոյցի ժամանակ նշած է պաշտպանութեան նախարար Դաւիթ Տօնոյեանը:
Նշենք, որ նոյն լուրի համաձայն, այդ հարցով քննարկման ժամանակ Դաւիթ Տօնոյեանը կտրուկ դէմ արտայայտուած է զօրախումբը հանելու հնարաւորութեան:
«Այդպիսի բան չեմ գիտեր, այն իրականութեան չի համապատասխաներ: Այդպիսի քննարկում չէ եղած: Ինչ կը վերաբերի Սուրիոյ մէջ հայկական առաքելութեան տեղակայման, այն եղած է ՀՀ կառավարութեան որոշմամբ. «Մենք կը շարունակենք մեր մարդասիրական գործողութիւնը Սուրիոյ մէջ»,-ըսած է նախարարը:
Նախարարը նաեւ աւելցուցած է. «Բարձր աստիճանի հասցուած են մեր խաղաղապահները եւ պիտի կատարեն այն, ինչ իրենց վերադասը հրամայէ: Մեր խաղաղապահներուն հետ կապուած ոչ մէկ խնդիր կայ»:
