ՀՀ վարչապետ Ն. Փաշինեան այսօր ըսած է, որ պէտք է առանձնայատուկ ուշադրութիւն դարձնել արտակարգ իրավիճակներու նախարարութեան փրկարար ծառայութեան տեխնի-կական յագեցուածութեան խնդրին:
«Եւ այս առումով, ի հարկէ, մենք պէտք է նոյնքան մեծ ուշադրութիւն դարձնենք արտակարգ իրավիճակներու նկատմամբ մեր քաղաքացիներու իրազեկուածու-թեան աստիճանի բարձրացման: Եւ որքան ալ մենք արձանագրենք, որ, այո, կլիմայական փոփոխութիւնները արտակարգ իրավիճակներու վտանգները կը մեծցնեն, միեւնոյն ժամանակ պէտք է արձանագրենք, որ այդ վտանգները կը դառնան յստակ մարտահրաւէրներ բացառապէս մարդկային գործօնի բերումով»,- Արտակարգ իրավիճակներու աշխատողի օրուան առիթով ըսած է կառավարութեան ղեկավարը:
Ան տեսակէտ յայտնած է, որ փրկարար ծառայութեան կարեւոր առաքելութիւններէն մէկը պէտք է ըլլայ իրազեկուածութեան բարձրացումը, որպէսզի իւրաքանչիւր քաղաքացի կարենայ գիտակցիլ, թէ առաջին հայեացքէն անմեղ թուացող իր պահուածքը ինչպիսի ծանր հետեւանքներ կրնայ ունենալ:
«Եւ շատ կարեւոր է արձանագրել, որ այս տարիներու ընթացքին փրկարար ծառայութեան վարկանիշը, վստահելիութեան մակարդակը հանրութեան մէջ անընդհատ ու անընդհատ մեծցած է: Եւ սա, կը կարծեմ, ձեր կատարած աշխատանքին ամենակարեւոր գնահատականն է»,- ըսած է Փաշինեան:

By Appo

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *