ԱԲՕ ՉԱՓԱՐԵԱՆ
Գործադիր Հրատարակիչ
եւ Գլխաւոր Խմբագիր՝
«ՀԱՅ ԿԵԱՆՔ»-ի եւ
USA Armenian Lifeի

2017-ի Հոկտեմբերի Կիրակի երեկոյեան մը, որպէս Հայ Դատի երկարատեւ պաշտպան եւ 1980-ականներու կէսէն սկսեալ՝ Ամերիկայի Հայ Դատի Յանձնախումբի հիմնադիրներ զօրակից-ներէն մէկը, ես մասնակցեցայ Լոս Անճելոսի մէջ Արևմտեան ԱՄՆ-ի Հայ Դատի Յանձնախումբի կազմակերպած ամենամեայ երեկոյթին:

Այդ երեկոյ, Արևմտեան ԱՄՆ-ի Հայ Դատի Յանձնախումբի նախագահուհի Նօրա ՅովսԷփեան յայտարարեց թէ Հայ Դատը «կը պատկանի ոչ միայն մեզի, այլեւ՝ աշխարհի բոլոր հայերուն։ Դատ, որ կը պահանջէ կիրք, ակտիւութիւն եւ մասնակցութիւն; Դատ, որ մենք ամէն օր կը հետապնդենք, ինչպէս Դաւիթը Գողիաթի դէմ. ազնուական Դատ մը, որ արդարութիւն կը փնտրէ յաճախ անարդար աշխարհի մը մէջ: … «Հայ Դատի Յանձնախումբը» կը ծառայէ որպէս Հայ ազգի եւ Հայ Դատի պաշտպան Միացեալ Նահանգներէն ներս»:
Ես իսկոյն յիշեցի, տիկին Յովսէփեանի 2014-ի Թուրքիա կատարած «այց»ը, երբ ան «Հայ Դատի Յանձնախումբէն ներս» ղեկավար պաշտօն կը զբաղեցնէր, եւ միտքիս եկաւ հետեւեալ հարցը. «Կրնայ՞ արդեօք տիկին Յովսէփեանի պէս անձ մը ըլլալ «Հայ Ազգի եւ Հայ Դատի բարձրագոյն պաշտպան» եւ միաժամանակ այցելել Հայերու ոխերիմ թշնամի Թուրքիա՞: Տիկին Յովսէփեան այդ ժամանակուայ Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան Արեւմտեան ԱՄՆ-ի (ՀՅԴ) Կեդրոնական Կոմիտէի նախագահ Դոկտ. Վիգէն Յովսէփեանի կինն է:
Անոր Թուրքիա կատարած այցէն յետոյ, «Հայ Դատի Յանձնախումբ»ի տէր եւ հովանաւոր-կազմակերպութեան՝ ՀՅԴ-ի բազմաթիւ բարձրաստիճան եւ շարքային անդամներ մտահոգուեցան, որ ՀՅԴ-Արեւմտեան ԱՄՆ Կեդրոնական կոմիտէի նախագահ դոկտ. Յովսէփեանի կինը Նօրան, այցելած է հայերու ոխերիմ թշնամի Թուրքիան՝ պատրուակելով, թէ կþայցելէ Արեւմտեան Հայաստանի մէջ գտնուող իր նախնիներու հողերը, մինչդեռ ան կը վարէր բարձրագոյն ղեկավարի պաշտօնը Արեւմտեան ԱՄՆ-ի Հայ Դատի Յանձնախումբի ANCA-ի կազմակերպութենէն ներս: Ան թողարկած էր վաւերագրական հոլովակ մը:

Տարօրինակ է, որ մօտաւորապէս 2014-ի նոյն ժամանակահատուածին, թուրքերը կազմակերպած էին «Թրքական Անաթոլիայի Փառատօն»ը Հարաւային Գալիֆոռնիոյ մէջ՝ խթանելու համար կեղծ քարոզչութիւն, թէ ամբողջ Անաթոլիան, որ կը ներառէ Թուրքիայի կողմէ բռնագրաւուած յունական Պոնտոսը, յունական Սմիւռնան, յունական Կոստանտնուպոլիսը, Արեւմտեան Հայաստանը, Հայկական Կիլիկիան, Հիւսիսային Քուրտիստանը, ասորական Մերտինը, Հիւսիսային Կիպրոսը, Ալեքսանդրետտայի արաբական Սիրիայի տարածքը (այսօր՝ «Հաթայ») եղած են «բնիկ թուրքերու» հողերը, երբ, փաստօրէն, թուրքերը Սելճուքներու անմիջական ժառանգներն են, որոնք 1070-ականներին Կեդրոնական Ասիայի տափաստաններէն ներխուժած էին Հայկական լեռնաշխարհ եւ յարակից տարածքներ:
Անցեալին երբ այդպիսի վիրաւորական «փառատօններ» տեղի կþունենային, ի պատիւ, ՀՅԴ-ի երիտասարդական կազմակերպութեան, Հայ Երիտասարդաց Դաշնակցութեան (ՀԵԴ), հայ երիտասարդները կը գտնուէին առաջնագծին‘, բողոքի ցոյցերով եւ դէմ արտայայտուելով նման թրքական սուտերուն, Արեւմտեան ԱՄՆ-ի հարաւային Քալիֆոռնոիյ ցանկացած շրջանի մէջ ՀԵԴ-ն, վաստկած էր կայուն հեղինակութիւն նախաձեռնութիւններու եւ թրքական կեղծ պահանջներուն հակադարձող բողոքի ցոյցեր կազմակերպելու համար:
Բայց, ի զարմանս Արեւմտեան ԱՄՆ-ի հազարաւոր ՀՅԴ-ի աջակիցներու եւ համակիրներու, Արեւմտեան ԱՄՆ-ի ՀԵԴ-ն լռեց եւ կրաւորական դարձաւ: Ինչո՞ւ: Արդեօ՞ք Յովսէփեան ամոլը պատուիրած էր ՀԵԴ-ին «չէզոք» մնալ: Արդեօ՞ք Վիգէն եւ Նօրա Յովսէփեաններ գաղտնի կը մասնակցէին Թուրքիոյ հետ հակահայկական «երկրորդ (թիկունքային) գիծ»ի դիւանագիտութեա՞ն, որ ակտիւօրէն յառաջ կը մղուէր ԱՄՆ-ի Պետական Բաժանմունքէն ներս Թուրքիոյ շահերուն ծառայող կատարածոներու կողմէ:
Իր «ուխտագնացութիւն-տուրիզմ» գովազդային հոլովակին մէջ, Նօրա Յովսէփեան կ՛ըսէ. «Մեզմէ շատերու նման ես ալ խորապէս ներքին հակասութիւն կþապրէի ներկայիս Թուրքիոյ մէջ զբօսաշրջիկ ըլլալու մտքին առնչութէեամբ, եւ ես լիովին վստահ չէի, թէ ինչպէս պիտի արձագանքեմ գրաւուած տարածքներու իրականութեան փաստին»: Արդեօ՞ք սա հակահայկական եւ թուրքամետ դիվանագիտութեան իր մասնակցութեան «պարտականութիւններէն» մին էր որ Յովսէփեան պարտաւոր էր գործադրել:
Արդեօ՞ք աւելի իմաստաւոր չէր ըլլար հրաժարիլ այնպիսի «ներքին հակասութիւն» ստեղծող գաղափարէ մը, որ մարդուն կը դարձնէ զոհ՝ ներքին «խորունկ անհանգստութեան»: Նախքան յայտարարելը, թէ ինչպէս «կ՛արձագանքեմ», ան պէտք է հարց տար. «Ինչպէ՞ս կ՛արձագանքէին իր անհիմն «այցին» ՀՅԴ-ի եւ ՀԵԴ-ի անդամները եւ Սփիւռքի ու Հայաստանի մէջ տասնեակ հազարաւոր հայեր:
Ինչ կը վերաբերի «Արդեօ՞ք հայերը պէտք է այցելեն Թուրքիա» հարցին, ապա «ՈՉ» պատասխանը վաղուց արմատաւորուած է թուրքերու ու անոնց սերունդներու կողմէ իրականացուած 1915-1923ի Հայոց Ցեղասպանութեան զոհերու եւ վերապրողներու հոգեբանութեան մէջ, յստակ ու հասկնալի պատճառներով:
Ինչ կը վերաբերի Թուրքիա «այցելելուն», ապա այս վճռորոշ խնդրի վերաբերեալ կան հայերու երեք հիմնական խումբեր որոնք ունին տարբեր իրավիճակ եւ դիրքորոշում .
Խումբ թիւ 1. Այս խումբի անդամները կը կազմեն Հայաստանի եւ Սփիւռքի հայերու բացարձակ մեծամասնութիւնը, որոնք կտրականօրէն դէմ են այցելելու այնտեղ, որ կը կոչուի Թուրքիա: Քանի դեռ Թուրքիան կը մերժէ վնասուց հատուցում կատարել, այս խումբի անդամները յանձնառու կþըլլան ցմահ պարտաւորութեան‘ անխոնջօրէն պաշտպանելու հայ ժողովուրդին գերագոյն շահերը եւ Հայ Դատը; կը ծառայեն որպէս հսկող-պահակներ ցանկացած կասկածելի գործողութիւն բացայայտելու համար, որ կը խարխլէ ժողովրդի շահերը եւ օրինական իրաւունքները‘ հանուն Հայ Դատի արդարպահանջութեան։ Կը պահպանեն իրենց միանշանակ հաւատարմութիւնը ընդհանուր քաղաքական սկզբունքներուն եւ չգրուած քաղաքականութեան՝ Չայցելել Թուրքիա, Չօգտագործել թրքական որեւէ արտադրանք, Չաջակցիլ Թուրքիոյ տնտեսութեան որեւէ ձեւով, ԱԿՏԻՎՕՐԷՆ ԲԱՅԿՈՏԵԼ Թուրքիային բոլոր ճակատներու վրայ եւ իւրաքանչիւր քայլին, քանի դեռ Թուրքիան կը մերժէ փոփհատուցել մարդկութեան դէմ՝ հայերու, յոյներու, ասորիներու եւ կիպրացիներու դէմ իր կատարած ոճրագործութիւններու համար, ինչպէս նաեւ անոնց նորագոյն ոճիրներուն համար գործադրուած՝ եզիտիներու, քուրտերու, հայերու, յոյներու, ասորիներու եւ արաբներու դէմ ՝ Սիրիոյ, Լիբանանի, Իրաքի, Քուրտիստանի, Կիպրոսի ու Հայաստանի մէջ ակտիւօրէն աջակցելով ISIS- ին եւ այլ ահաբեկչական կազմակերպութիւններուն:

  • Խումբ թիւ 2. Այս խումբի անդամները փոքրամասնութիւն կը կազմեն, որոնք ինչ-որ կերպ պարտաւոր են երթալ Թուրքիա, քանի որ անոնք կրնան այդ «կողմ»ին քաղաքացի ըլլալ եւ կրնան դեռեւս ունենալ ընտանեկան կապեր եւ (կամ) անշարժ եւ անձնական կալուածներ. կամ ալ կրնան ըլլալ տարբեր երկրներու մէջ ծառայող դիւանագէտներ, հնագիտութեան եւ պատմութեան բնագաւառի մէջ ուսումնասիրութիւններ իրականացնող գիտնականներ. կրօնական / հոգեւոր սպասաւորներ; երկրորդ կամ երրորդ սերունդի վերապրողներ՝ ժառանգական անշարժ եւ (կամ) անձնական կալուածներու սեփականութեան իրաւունքը վերադարձնելու առաքելութեան համար.
  • Խումբ թիւ 3. Այս վիճահարոյց խումբի անդամները ճղճիմ փոքրամասնութիւն մը կը կազմեն: Անոնք պարտաւոր չեն «այցելել» Թուրքիա, բայց անոնք կþերթան այնտեղ սովորական զբօսաշրջութեան կամ ալ այլ անյայտ պատճառներով: Անոնք կրնան ըլլալ Թուրքիոյ գործակալներ կամ ալ թրքական վճարովի կատարածոներ Վաշինկթընի մէջ կամ այլուր: Այս խումբին մէջ շատերը կարծէս թէ չեն մտածեր Հայ Դատի մասին, կամ ալ գուցէ անոնք զոհ դարձած են ուղեղի լուացման նոր արշաւի մը, որ կը «խրատէ» «ներել և մոռնալ» եւ «առաջ շարժուիլ»:
    Որպէս խումբ թիւ 1-ի անդամ, տարիներու ընթացքին շարք մը հայ լրագրողներ եւ ակտիւիստներ, ներառեալ այս գրողը, ստացած են հրաւէրներ «այցելելու» այնտեղ, որ այժմ կը կոչուի Թուրքիա: Ակնյայտ է, որ ես մերժած եմ ընդունիլ: Ես կը մերժեմ թոյլ տալ, որ Թուրքիան անձնագրիս մէջ կնքէ իր «մուտքի» վիզան:
    Թուրքիան պարտական է միլիոնաւոր բռնի արմատախիլ եղած եւ զրկուածութեան զոհ դարձած հայերուն. 1) արեան գումար՝ թուրքերու կողմէ գործադրուած 1915-1923-ի Հայոց Ցեղասպանութեան եւ զանգուածային զրկուածութեան մէկ ու կէս միլիոն զոհերու համար. 2) նախնիներու հողերու վերադարձ՝ Արեւմտեան Հայաստանի եւ Հայկական Կիլիկիոյ 3) զոհերէն ապօրինիօրէն բռնագրաւուած անշարժ եւ անձնական ունեցուածքներու վերադարձ:
    Քանի դեռ Թուրքիան կը մերժէ փոխհատուցել, ան կը շարունակէ մնալ համաշխարհային բոյկոտի թիրախ:
    Հոգ չէ թէ ես համախոհ չեմ Թուրքիոյ զբօսաշրջութեան արդիւնաբերութեան սատարելու գաղափարին, սակայն կը յարգեմ անհատական պարագաներ եւ կը հասկնամ 2-րդ խումբի որոշ յատուկ պարտադրիչ հանգամանքեր:
    Այնուամենայնիւ, լուրջ խնդիրներ կը ծագին, երբ որոշ անհատներ, ինչպէս դոկտ. Յովսէփեանի կինը՝ Նօրան, ձեւացնելով, թէ կը հանդիսանայ որպէս «Հայ Ազգի եւ Հայ Դատի» գլխաւոր «պաշտպան», բայց ան կը շրջանցէ եւ կը ճանապարհորդէ Թուրքիա՝ ցանկացած պատրուակով, մինչ Թուրքիան խորամանկօրէն կը ծրագրաւորէ խաբել հայ ժողովուրդին:
    Եթէ այդպիսի մարդիկ կը կարծեն, որ կրնան ինքնագլուխ ըլլալ եւ միակողմանի որոշումներ կայացնել, ապա անոնք չարաչար կը սխալին: Նորագոյն ստուգման արդիւնքներու համաձայն, շատ մը հայկական քաղաքական կազմակերպութիւններ ոչ թէ վերէն վար այլ վարէն վեր — այսինքն՝ անդամակցական մասսաներու կողմէ կը տնօրինուին։ Կուսակցութիւններու ղեկավարներ կþընտրուին անդամներու կողմէն, եւ իւրաքանչիւր քայլափոխին, անոնք հաշուետու են անդամներու առջեւ: Մշտական թափանցիկութիւնը եւ հաշուետուողականութիւնը կը ծառայեն որպէս առողջ վավեր վկայագիր որեւէ կազմակերպութեան մը, ընտանիքի մը կամ ինքնիշխան պետութեան մը համար:
    Խումբ թիւ 1-ի անդամները, որոնք կը կազմեն հայերու ճնշող մեծամասնութիւնը, իրենց կեանքի ընթացքին գիտցած են, որ Թուրքիան անմատչելի կ՛ըլլայ հայ քաղաքացիական հասարակութեան եւ քաղաքական կազմակերպութիւններու ղեկավարներու համար, որոնք կը յայտարարեն, որ ակտիւօրէն հետամուտ կþըլլան Հայ Դատի արդարապահանջութեան: Սփիւռքի ոչ մէկ խումբ չի կրնար հաւակնիլ Սփիւռքի օրինական ներկայացուցչի կոչման: Նման պարտադիր եւ օրինական ներկայացուցչութիւն թոյլ տալու համար համժողովրդական ընտրութիւններու միջոցով իրաւունք չէ շնորհուած:
    Յայտնի է նաեւ, որ Հայաստանի եւ Սփիւռքի հայկական քաղաքական կուսակցութիւններէն կամ քաղաքական շահերու պաշտպանութեան խումբերէն ոչ մէկը ժողովուրդի կողմէն լիազօրուած չէ մտնելու որեւէ գաղտնի կամ բաց բանակցութեան մը մէջ Թուրքիոյ հետ՝ առանց որեւէ համասփիւռքեան հաւանութեան կամ համաձայնութեան:
    Ամերիկայի Հայկական Համագումարը (ԱՀՀ), Ամերիկայի Հայ Դատի Յանձնախումբը (ANCA), Հայ Ազատական Ռամկավար Կուսակցութիւնը (ՀՌԱԿ-Ռամկավար), Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւնը (ՀՅԴ), Սոցիալ-Դեմոկրատ Հնչակեան Կուսակցութիւնը (ՍԴՀԿ) եւ Հայ-Ամերիկեան Քաղաքական Գործողութիւններու Յանձնաժողովը (AAPAC) աշխարհի բոլոր կազմակերպութիւններու շարքին են, որոնց առաքելութիւնն է պաշտպանել Հայ Ազգը եւ Հայ Դատը, պաշտպանել Հայաստանի եւ Սփիւռքի բնակչութեան անհատական եւ հաւաքական իրաւունքներն ու շահերը: Եթէ կազմակերպչական առաջնորդներէն որեւէ մեկը, կը խախտէ չգրուած քաղաքականութիւնը՝ ՉԱՅՑԵԼԵԼ ԹՈՒՐՔԻԱ ԱՌԱՆՑ ՈՐԵՒԷ ՀԱՆՐԱՔՈՒԷԻ ՄԻՋՈՑՈՎ ԻՐԱԿԱՆԱՑԱԾ ՄԱՆԴԱՏԻ, ապա անոնք անուղղելի քաղաքական վնասներու եւ վարկազրկման կþենթարկուին 12 միլիոնանոց Հայ ազգին կողմէ: Սա կենսական փոխըմբռնման եւ լայնօրէն տարածուած չգրուած քաղաքականութիւն է Հայաստանի եւ Սփիւռքի մէջ:
    Որոշ շահադիտական շրջանակներու անբարեխիղճ քաղաքական գործիչներ եւ դիւանագետներ կը սիրեն պնդել, որ ցանկացած հայ, որ կը մերժէ այցելել Թուրքիա, «էմոցիոնալ է»: Ամերիկեան համալսարանի եւ քաղաքական շրջանակներէն ներս Թուրքիոյ կատարածոներ կը հետապնդեն այն ապակողմնորոշիչ գաղափարը, թէ հայերը պէտք է «՛՛ազատամիտ՛՛ ըլլան եւ այցելեն Թուրքիա»:
    Այս հակահայկական տարրերը մշտապէս կþորոնեն «ազատամիտ» հայերուն, որպէսզի զանոնք հակադրեն սեփական հայրենակիցներուն եւ ազգին գերագոյն շահերուն դէմ ինչպէս ԱՄՆ-ի, այնպէս ալ ամբողջ աշխարհի մէջ՝ ներգրաուելով Թուրքիոյ հետ «երկրորդ գիծի» («Թիկունքային») դիւանագիտութեան մը մէջ, որ, որպէս կանոն, ծուղակ է հայերու համար եւ կը վնասէ անոնց հաւաքական շահերուն: Արեւմուտքի գերընկերութիւններուն հոգը չէ հայ ազգին տուժուածութիւնը։ Հայը պարտաւոր ինք իրեն տէր դառնալ։
    Արդարութեան պահանջողներու շարքին մէջ «զգացական» («էմոցիոնալ») ոչինչ չի կայ: Արդարադատութեան իրականացումը որեւէ առողջ քաղաքացիական հասարակութեան մը հիմքն է: Երբ անհատը կամ անհատներու խումբը կը դառնայ անարդարութեան զոհ, անոնց լիովին կþաջակցի դատական համակարգը, որ կը փորձէ մեղաւորին (ներուն) ի արդարադատութիւն բերել եւ վերականգնել տուժածներու շահերը: Վնասի բազմաթիւ ձեւերու շարքին, իհարկէ, տուժածները հոգեբանական վնաս կը կրեն, բայց տուժածին արդարադատութեան իրականացման գործընթացին հետապնդման համար «զգացականութեամբ» մեղադրելը ծիծաղելի եւ վիրաւորական է:
    Հետեւաբար, կը խնդրեմ չըսէք ինծի, որ Թուրքիոյ կողմէ իրականացուած հայկական, յունական, ասորական ցեղասպանութիւններու եւ զանգուածային զրկուածութեան զոհերը, որոնք կը մերժեն «այցելել» Թուրքիա, «զգացական» են:
    Սա ողջամիտ քաղաքական որոշում եւ ռազմավարութիւն է. չխթանել Թուրքիոյ զբօսաշրջութեան արդիւնաբերութեան եւ անոր տնտեսութեան: Բոյկոտը կարեւոր, արդար եւ արդիւնաւետ քաղաքական զէնք մըն է:
    Հայ Դատի Յանձնախումբի նման հայկական քաղաքական շահերու պաշտպանութեան կոչուած որեւէ կազմակերպութեան մը շրջանակներէն ներս ղեկավար պաշտօն ունենալը եւ միաժամանակ Թուրքիա այցելելը ոչ այլ ինչ է, քան քաղաքական ինքնասպանութիւն:
    Դոկտ. Վիգէն Յովսէփեանի եւ Նօրա Յովսէփեանի նման այդ չգրուած սակայն լայնօրէն յարգուած քաղաքականութիւնը խախտողները պէտք է պատասխանատւութեան կանչուին:

By Appo

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *