
Սեպտեմբեր 20, 2019
ԳՐԵՑ՝ ԱԲՕ ՉԱՓԱՐԵԱՆ
Գլխաւոր խմբագիր եւ հրատարակիչ
տպագիր/էլեկտրոնային
USA Armenian Life եւ Հայ Կեանք շաբաթա-թերթերու հրատարակութիւններու
armenianlife.com
USA Armenian Life դիմատետրի էջ
Շաբթուայ սկզբին՝ վերջին երկու ամիսներու ընթացքին արդեն երկրորդ անգամ ըլլալով, ԱՄՆ Արեւմտեան շրջանի (ՀՅԴ) մէնատէր Վիգեն Յովսէփեան ետ կանգնեցաւ իր իսկ խօսքէն, որպէսզի կարողանայ «ծածկել» իր եւ իր կնոջ՝ Նօրա Յովսէփեանի սխալները, որ իրարանցում յառա-ջացուցած էին համայնքէն ներս:
«Արեւմտեան ԱՄՆի Համահայկական Խորհուրդի» ունեցած անյաջողութենէն գրեթէ երեք շաբաթ ետք, Յովսէփեանները հանդէս եկան եւս մէկ անհեթեթ գաղափարով՝ «պատուի արժանացնել» իրենց՝ լայնօրէն վարկաբեկուած «գործիք»՝ Արեւմտեան Թեմի առաջնորդ Յովնան Տէրտէրեանին, որպէսզի վերջինս կարենայ «բուժել» համայնքի մէջ իր խալխլած դիրքը: Հետաքրքրական է, թէ ինչպէս Յովսէփեանները կրցան կոպիտ ձեւով անտեսել մեղադրանքներու եւ փաստերու այն մանրամասները, որ կը բացայայտեն Տէրտէրեանի կողմէ կատարուած բոլոր անիրաւութիւնները, ինչպիսիք են՝ սուտը, գողութիւնը, դրամի իւրացումը, այս ամենէն անտեղեակ բարերարներուն խաբելը, փաստաթղթերու կեղծումը եւ ապօրինի սեռական կեանք վարելը, ինչը դէմ է կուսակրօնութեան իր տուած երդման: Օգոստոս 12-ի զեկոյցը պատրաստուած եւ հրապարակուած էր Հայ Եկեղեցւոյ Բարեկարգում-ի կողմէ:
Երկուշաբթի, դոկտ. Յովսէփեանի հետ զրոյցի ընթացքին (ANCA-WR) Ամերիկայի Արեւմտեան շրջանի Հայ Դատի Յանձնախումբի գլխաւոր աջակից մը որ միաժանակ Արեւմտեան թեմի բարերար է, խստօրէն քննադատեց Ամերիկայի Արեւմտեան Շրջանի Հայ Դատի Յանձնախումբի Նախագահ Նօրա Յովսէփեանի անընդունելի որոշումըԱրեւմտեան Թեմի ձախողած առաջնորդ Յովնան Տէրտէրեանին շնորհել «Խրիմեան Հայրիկ» մրցանակը: Ամերիկայի Արեւմտեան շրջանի Հայ Դատի Յանձնախմբի կողմնակիցը Յովսէփեաններուն կոչ ըրած է չեղեալ համարել մրցանակը: դոկտ. Յովսէփեան պնդած է, որ ոչ ինք, ոչ ալ իր կինը կապ չունին այդ որոշման հետ, քանի որ զայն կայացուցած է ANCA-WR «յանձնաժողովը»:
Այս վերջին խայտառակութիւնը մեկ այլ ինքնավնաս որոշումի արդիւնք էր։ Առաջինը՝ Օգոստոս 16-ին 20 կազմակերպութիւններու կողմէ կատարուած յայտարարութիւնը , երբ դոկտ. Յովսէփեան դավադրախ էր երեք այլ խոշոր բռնապետերու հետ՝ ի դէմս Արեւմտեան Թեմի առաջնորդ Տէրտէրեանի, ՀԲԸՄ օլիգարխ Պերճ Սեդրակեանի վստահուած անձ Սինան Սինանեանի եւ Լոս Անճելոսի Ararat Home-ի եւ Արեւմտեան Թեմի Բարեգործական Հիմնադրամի նախագահ Յովսէփ Քանիմեանի, որպէսզի միասին կազմակերպեն առեւանգումը ամերիկահայ համայնքի առաջնորդութեան՝ ներկայանալով «Արեւմտեան ԱՄՆ-ի Համահայկական Խորհուրդ»ի հնչեղ անուան տակ:
Յովսէփեանի պնդման հակառակ՝ ԱՄՆ Արեւմտեան շրջանի Հայ Դատի Յանձնախումբի ներքոին շրջանակի մի քանի անձինք կը պնդէին, որ «ԱՄՆ Արեւմտեան շրջանի Հայ դատի Յանձնախումբի խորհուրդը եւ աշխատակազմի անդամները ոչ այլ ինչ են, քան պարզապէս կամակատարներ եւ չունեն որոշում կայացնելու իրական լիազօրութիւններ: Իշխանութիւնը միայն կեդրոնացած է նախագահի ձեռքին մէջ»:
Արեւմտեան ԱՄՆի Հայ Դատի Յանձնախումբն ունի շատ կողմնակիցներ, սակայն անոնք ոչ մէկ իրաւունք ունին քուէարկելու անդամական ընտրութիւններուն, որպէսզի կարողանան բարձրագոյն ղեկավար ընտրել Արեւմտեան ԱՄՆի Հայ Դատի Յանձնախումբի ղակավար դասը: Անոնք բոլորը նշանակուած են ՀՅԴ կենտրոնական կոմիտէի կողմէ: Իսկ Արեւմտեան ԱՄՆի ՀՅԴ կեդրոնական կոմիտէն շատոնց դարձած է մենաշնորհը դոկտ. Յովսէփեանի եւ անոր կատարածոներու:
Ակնյայտօրէն (ԽԾԲ-ական) խնամի-ծանօթ-բարեկամական կապերը օգտագործելով՝ Յովսէփեանի խամաճիկներ, Արեւմտեան ԱՄՆի ՀՅԴ-ի բարձրագոյն պաշտօններու դիրքերէ, շարունակաբար նշանակած են անոր կնոջ՝ Նօրա Յովսէփեանին Արեւմտեան ԱՄՆի Հայ Դատի Յանձնախումբի նախագահ:
Արեւմտեան Ամերիկայի հայկական համայնքի ակնառու անդամներու մօտ հետեւեալ հարցումը յառաջացած. «Արդեօ՞ք Նօրա Յովսէփեանը միակ անձն է, որ որակաւորուած է շարունակաբար նախագահելու Արեւմտեան ԱՄՆի Հայ Դատի Յանձնախումբը: Արդեօ՞ք չկան հաւասար կամ աւելի բարձր որակաւորում ունեցող կանայք կամ տղամարդիկ մեր համայնքի մէջ, որոնք կրնան ծառայել որպէս Ամերիկայի Հայ Դատի Յանձնախումբի առաջնորդներ»:
Արդեն մի քանի տարի է, հասարակաց գիտութիւն դարձած է այն փաստը թէ՝ դոկտ. եւ տիկին Յովսէփեանները ՀՅԴ-ն եւ Հայ Դատի Յանձնախումբը դարձուցած են իրենց անձնական ունեցուածքը: Ժամանակակից կազմակերպչական «ֆեոդալիզմ»:
ՀՅԴ-ի բազմաթիւ անդամներ եւ ընդհանուր հայ համայնքի մտահոգ անդամներ քաջ կը գիտակցին այն փաստին թէ դոկտ. Յովսէփեան ՀՅԴ-էն ներս ստեղծած է իր «բուրգը», որ կուսակցութեան 119 տարուայ պատմութեան ընթացքին չլսուած բան մըն է:
Աշխարհի բազմաթիւ ՀՅԴի տարածաշրջանային Կեդրոնական Կոմիտէներու մէջ, օրինակ՝ Արեւելեան եւ Արեւմտեան ԱՄՆ, Գանատա, Ֆրանսա, Եվրոպա, Հարաւային Ամերիկա, Աւստրալիա, Հայաստան, Արցախ, Լիբանան եւ Սուրիա, ՀՅԴ-ն երբէք թոյլ չէ տուած որեւէ անհատի կամ խմբաւորման մենաշնորհ դարձնել կուսակցական իշխանութիւնը, այլ միշտ ապահոված է հաւաքական լիազօրութիւններ, որ կը կիսուին տարածաշրջանային եւ համաշխարհային ղեկավար մարմիններու կողմէ:
ՀՅԴ/Արեւմտեան ԱՄՆի Հայ Դատի Յանձնախումբի ինքնիշխան Վիգէն եւ Նօրա Յովսէփեաններու՝ ձախողած առաջնորդ Տէրտէրեանին «Հայ Դատ»ի «Խրիմեան Հայրիկ» մրցանակ շնորհելու միակողմանիօրէն կայացուցած որոշումը բացասական արձագանք յառաջացուցած է ոչ միայն Արեւմտեան ԱՄՆի հայ համայնքէն ներս, այլ նաեւ՝ բոլոր հայ համայքներու շրջանակներէն ներս:
Որպէսզի կարողանամ վերահաստատել կամ համեմատել իմ տեղեկութիւնները Յովսէփեաններու այն պնդման վերաբերեալ, որ իբրեւ թէ Տէրտէրեանին «Խրիմեան Հայրիկ» մրցանակի շնորհումը «յանձնախումբին» որոշումն է, ես փորձեցի կապուիլ Ամերիկայի Հայ Դատի Յանձնախմբի ԱՄՆի ղեկավարութեան բարձրաստիճան անդամի հետ: Բայց՝ անօգուտ: Ան փախուստ տուաւ։
Սեպտեմբեր 18-ին ARTN հեռուստաընկերութեան հեռուստատեսային զրոյցի մը ընթացքին հանրածանօթ հրապարակախօս, գրող եւ յետազօտող լրագրող Ոսկան Մխիթարեան քննադատած է հայ համայնքէն ներս մենաշնորհեալներուն
«համայնքի ղեկավարութիւնը մշտական ապօրինաբար գրաւման միջոցով իշխանութիւն հավերժօրէն իւրացնելու համար»:
Քանի դեռ ուշ չէ, շատ գործնական կրնայ ըլլալ եթէ միասնաբար ձեռբազատուինք նեխուած («կոռումպացուած»), եսակեդրոն, ազգավնաս եւ ուղեկորոյս կազմակերպական ղեկավարներէ։
Պէտք չէ ընդունիլ կազմակերպական յիշեալ մէնատէրերու ինքնա-արդարացումները երբ անոնք ի տես քննադատութեան, խուճապի կը մատնուին ու իրենց հանցանքները իրենց վրայէն հեռու շպրտելու համար իրենց մեղքերը կը կապեն իրենց «խեղճ,» «միամիտ,» «անողնաշար» եւ «տգէտ» կամակատարներու վիզին։
Եթէ անցեալին, մեր ժողովորուդը հրաշքով փրկուած եւ գոյատեւած է, կը ցաւիմ ըսելու, որ հիմակուայ դարաշրջանին, այլեւս հրաշքները չեն կրնար օգնել ու հասնիլ մեր ժողովուրդի փրկութեան։ Յետայսու խիստ կենսական է որ ազգովին իրականցնենք համահայկական ախտաճանաչում եւ ապանեխացում մեր բոլոր եկեղեցական, հասարակական եւ քաղաքական կարոյցներուն եւ կազմակերպութիւններուն։ Հարկաւոր է հիմակ իսկ սկսիլ իրականցնել զայն։ Վաղը շատ ուշ կրնայ ըլլալ։