Շատ փոքր տարիքէս լսած եմ թուրքերու մասին, թէ անոնք անբարոյ ժողովուրդ են, ստախօս, խաբեբայ, գող, ոճրագործ, նաեւ շնացողներ, պոռնիկներ: Երբ մեծցայ աւելի մանրամասնօրէն տեղեկացայ իրենց անմարդկային գործունեութեան մասին, թէ ինչպէս չարդարութեամբ ազգ մը ամբողջ բնաջնջել փորձած են: Այդ ազգը հայութիւնն էր, նախ ջարդած են ղեկաւար դասը, այրած են գիւղեր, քաղաքներ ու հարիւր-հազարաւոր կին, երեխայ, տարեց, տեղահան ըրած են, տղամարդկանց կոտորելէ ու հեռացնելէ ետք աքսօրի ճամբուն բռնաբարելով ու երբէմն այրելով կոյս աղջկանց ու փոքրերուն բաժնած են իրենց ծնողներէն, ու որբանոցներու մէջ պահելով՝ փորձած են թրքացնել, փոխելով անոնց անունները ու կրօնքը:
Նաեւ կը յիշեմ հօրս պատմածները, թէ թուրքերը իր հօր գլուխը մեծ քարով մը ջարդած են, որովհետեւ թուրք բանակային ըլլալէ խոյս տուած էր, ու ինծի կ՛ըսէր. «երանի քեզ տղաս, որ հայր ունիս», իսկ մօրը կորսնցուցած էր աքսօրի ճամբուն, երբ ինք հինգ տարեկան էր. «Ճէնտէրմաները» մտրակած էին մօրը, որ կրտսերագոյն որդին գիրկը, կապոց մըն ալ կրնակը քայլողներու վերջին շարքերուն մէջ էր մնացած: Երբ մտրակի հարուածներէն խոյս տալու համար մայրը կը վազէ, հայրս, որ մօր փէշէն բռնած էր, ձեռքէն կը բրդի, ու իր փոքր եղբօր ձեռքէն բռնած կը մնայ անծանոթ փողոցներու վրայ:
Թէեւ ձեզմէ շատերը նման պատմութիւններ լսած են իրենց ծնողներէն, բայց այս փոքր յիշատակութիւնը ըրի, որպէսզի ըսիմ, թէ ինչ աչքով կամ մօտեցումով կարելի է նայել նման ժողովուրդի մը, եւ ինչպիսի հոգեկան վերիվայրումներ կունենանք, երբ թուրքի մասին կը լսինք:
Մեր նախնիները յանցաւոր մը սաստելու ու պախարակելու համար անոր կը նմանեցնէին թուրքի մը, ահա այսպէս այդ տղան ալ թուրքի լակոտի մը կը նմանի: Թուրք ըլլալը յայտնի է, քանի երեսէն լաշ կը վազէ:
«Մեղք որ հայ ես ծներ, դուն թուրք պէտք է ծնած ըլլայիր», «Ալ ամչցիր, քու ըրածդ թուրքն իսկ չ՛ըներ» ու նման արտայայտութիւններ կընէին որպէս նախատինք, միաժամանակ ցոյց տալու համար, թէ հայը գերազանց մաքուր ու պարկեշտ ժողովուրդ է, ոչ կը մուրայ, որ կը գողնայ, ոչ կը սպանէ, շնութիւնէ հեռու, Աստուածավախ, եկեղեցասէր ժողովուրդ է, նաեւ աշխատասէր, շինարար եւ բազմակողմանի լաւ հատկութիւններով օժտուած: Շիտակ է, թէ պատմութեան ընթացքին ունեցած ենք անուանի շինարարներ, որոնց գլուխգործոցներէն ոմանք դեռ կանգնած են մնացած, ունեցած ենք երգահաններ Արամ Խաչատուրեանի նման, աստղագէտներ Վիկտոր Համբարձումեանի պէս, նկարիչներ Այվազովսկիի նման, որոնց գործերը համայն մարդկութեան ճանչուած են, նաեւ բազմաթիւ քանդակագործներ, որ Հայաստան լեռնաշխարհը վերածած են խաչքարերու աշխարհի:
Բայց ափսոս, որ ժամանակը շրջած է ամէն ինչ: Մեր հայրենի հողի վրայ բազմաթիւ են մուրացկանները, ստախօսները, ծոյլ մարդիկ, պոռնիկներն ու մանավանդ «մեծապատիւ գողերը»:
Հարուստ պետութիւններէ եւ սփիւռքահայերու կողմանէ ուղարկուած ապրանքներ ու միլիոնաւոր գումարներ իւրացուած, եւ գեղեցիկ դղեակներ սաքուած են մեծապատիւ գողերու կողմանէ: Այս մարդիկը թէեւ կը խօսին հայերէն, հայերէն մը հազար չարչարեալ ու խաչեալ, մեռոնուած ձեռքերով, իսկ եթէ չես գիտեր անգլերէն, ռուսերէն ու թրքերէն, ո՛վ հայորդի, ինչ կը հասկնաս լսածներէդ, թէ ասոնք արդե՞օք իսկապէս հայ են, թէ՞…
Շիտակի է, թէ թուրքն արգելած է հայերէնն ու հայ գիրը, բայց ներկայիս ոչ թուրքը կայ, ոչ ալ արգելող մը, ուրէմն ինչո՞ւ մենք կը խեղաթիւրինք ու կ՛աղավաղինք մենք մեր լեզուն, կամ ալ կը խօսինք օտար լեզուներով: Եթէ կուզինք, որպէս հայ հարատեւիլ, պէտք է գուրգուրենք մեր սուրբ լեզուի վրայ, քանի հայու հզորագոյն ամրոցը իր լեզուն է: Եթէ ըսեն կրօնքն ու եկեղեցին է, շիտակի է, որ ան երկրոդն է: Ավաղ այս օրերուն ոչ երկրորդն է, ոչ երորդն է, անոր ալ հիմնաքարարը սկսած էն խախտիլ որո՞ւն ձեռքով, այո՛ հայու: Չեմ ուզեր այս նիւթը մանրամասնել, այս մասին ամէնքդ տեղեակ էք:
Արդ՝ աքսօրեալի զաւակ, ով հայորդի, ամբողջ կեանքդ երազեցիր ազատ անկախ հայրենիք, Մասիս ու Արագած, մի վհատիր, ժամանակները դարձեալ կը փոխուին ու քու զաւակները կամ թոռներն ու ծոռները կը տեսնին քու իտեալի իրականացումը փայլուն Հայրենիքը՝ Անիով ու Մասիսով:
Միայն չ՛թրքանաք ու մնաք Հայ

5-29-19 Արմէն Կարօ Հայթայեան

By Appo

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *