Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի միջնապահ Հենրիխ Մխիթարեան, որ այս տարեշրջանին համար Արսենալէն փոխ տրուեցաւ Ա.Էս.Ռոմային, երէկկիրակի, 15 սեպտեմբերին կատարեց իր առաջին մրցումը անոր հետ, երբ Իտալիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան
«Քալ-չիօ»-ի 3-րդ հանգրուանին անոր կազմը հիւրընկալեց Սասուոլոն:
Մրցումին 22-րդ վայրկեանին, Մխիթարեան յաջողեցաւ նշանակել կոլ մը` իր նորամուտը նշելով տպաւորիչ ձեւով մը:
Այսպիով, Մխիթարեան հանդիսացաւ առաջին հայաստանցին, որ ոչ միայն կոլ կը նշանակէ Ա.Էս.Ռոմայի հետ, այլ նաեւ Իտալիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան ընթացքին կոլ կը նշանակէ: Մրցումը աւարտեցաւ Ա.Էս.Ռոմայի յաղթանակով (4-2):
