Սուրիոյ ժողովուրդին համար անընդունելի է Թուրքիոյ գործողութիւնները, որոնք ոտնձգութիւն են Սուրիոյ տարածքային ամբողջականութեան դէմ: «Ար-մենփրես»-ին յայտնած է Սուրիոյ խորհրդարանի հայ պատգամաւոր Ժիրայր Րէիսեան:
«Սուրիան ոչ առիթ կու տայ, ոչ ալ ընդունելի կը համարէ նման ոտնձգութիւնը: Սուրիան անվիճելիօրէն կը մնայ հաստատակամ ազատագրելու իր հողային տարածքները: Ակնյայտ է, որ վտանգներ կան, եւ մենք պատրաստ ենք մեր աջակցութիւնը ցուցաբերելու բոլոր տուժածներուն` ըլլան հայեր, թէ այլ ազգիներ»,- ըսած է Ժիրայր Րէիսեան:
Ան ընդգծած է, որ Թուրքիոյ այս գործողութիւնները պիտի յանգեցնեն անկայունութեան, որուն կը ձգտի պաշտօնական Անգարան:
«Թուրքիոյ ցանկութիւնն է ատիկա: Այս ամբողջ ընթացքին շատ յստակ հակասուրիական քաղաքականութեան մէջ եղած է եւ միշտ փորձած է պղտոր ջուրին մէջ ձուկ որսալ: Սուրիացի ժողովուրդը իր իրաւունքը վերականգնելու համար հաստատակամ է»,- ըսած է Ժիրայր Րէիսեան:
Այն հարցումին, թէ արդեօք կան յստակ տուեալներ Թուրքիոյ կողմէ ներխուժուած տարածքներու մէջ բնակուող հայերու թիւին մասին, Ժիրայր Րէիսեան նշած է, որ դժուար է ըսել, քանի որ գրեթէ հայաթափուած շրջաններ էին: Քիչ թիւով ընտանիքներ մնացած են:
«Ինծի համար մտահոգիչ է, որ թիրախ դարձած է նաեւ Գամիշլի շրջանը, ուր տուժողներ կան: Անկասկած Հալէպ ամէն հնարաւորը պիտի ընելէ, որ ոչ մէկ հայ, կամ այլ ազգի ներկայացուցիչ դժուարութիւններու առջեւ չմնայ»,- ըսաց է Րէիսեան:
