«Ղեկավարման կարեւորագոյն
առանձնայատկութիւնը
անսայթաք բարոյականութիւնն է»
Նախագահ՝ Տուայթ Տ. Էյզընհաուըր
(1890-1969)
ԳՐԵՑ՝ ԱՆՏՐՈՒ ՏԷՄԻՐՃԵԱՆ
«Ձուկը գլուխէն կը հոտի» ասացուածքը այժմ աւելի յաճախ կ՛օգտագործուի քաղաքական բանազրոյցի ընթացքին: Այսպիսով, եկէք համառոտ դիտարկենք ատոր ծագումը եւ նշանակութիւնը‘ նախքան ցոյց տալը, թէ ինչ կապ ունի ան Հայ Առաքելական Եկեղեցու կայքավիճակի (ստատուս-քվոյի) վերաբերեալ մեր քննարկման հիմնական առարկայի հետ: Կարելի է պնդել, ներկայիս խնդիրները՝ յատկապէս եկեղեցական ղեկավարման համակարգի եւ ղեկավարութեան հետ կապուած, խորունկ մտահոգութիւն կը յառաջացնեն Եկեղեցւոյ՝ մեծ թիւով հետեւորդներու շրջանակէն ներս։
Նկատեցէք, որ «Ձուկը գլուխէն կը հոտի» աւելի յաճախ կը հաստատուի, քան

«Ձուկը գլխէն դէպի վար կը հոտի» տարբերակը, որ չի տկարացներ իր իսկական նշանակութիւնը:
Ինչպէս կը կռահէք, կենսաբանական տեսանկիւնէն այս ասացուածքը իրականութեան չի համապատասխաներ։ Ինչպէս եւ բոլոր կենդանիները, սատկելէ յետոյ ձուկն ալ կը սկսի ամբողջապէս նեխել հաւասարաչափ: Սկզբնական վնասուած հատուածը կամ աղիքային համակարգը սովորաբար առաջինն են որ կը սկսին քայքայուիլ, բայց ոչ գլուխը: Հետեւաբար, այս արտայայտութիւնը սկսան օգտագործել փոխաբերական իմաստով այն պահէն, երբ ան առաջին անգամ յայտնուցաւ քաղաքակիրթ աշխարհի գրաւոր խօսքի մէջ:
16-րդ դարու սկիզբին յայտնի հոլանդացի երգիծաբան եւ գիտնական Տեսիտերիուս Էրասմուսը անդրադարձած է ատոր իր գործերէն մէկուն մէջ: Այնուամենայնիւ, այդ մեզի չի յուշեր, թէ ով է իրականութեան մէջ առաջին յորինողը: Այնպէս որ, բանավէճը կը շարունակուի, քանի որ աշխարհի շատ երկրներ կը պնդեն իրենց հեղինակութիւնը: Դժբախտաբար, իրական ապացոյց չի կայ՝ որոշելու, թէ ո՞ր երկրէն ան ծագած է: Ոմանք կը կարծեն, որ անոր ծագման ամենահաւանական տարածաշրջանը, Էգեյեան ծովի շրջանն է: Կþենթադրուի է, որ ան կրնար ծագել կամ թուրքերէն, կամ հայերէն, կամ ալ յոյներէն:
Ամենայն հաւանականութեամբ, ասացուածքը կուգայ հայերէն, քանի որ Կենտրոնական Ասիոյ քոչվոր թուրքերը չունէին Սեւ ծովի կամ Կասպից ծովի պէս մեծ ջրային տարածք: Եւ հետեւաբար անոնք զուրկ էին նաեւ ձուկերու մասին ասացուածքներէն: Աւելին, թուրքերը ոչ միայն հափշտակած են հայկական հողերը, այլեւ իւրացուցած են անոնց մշակոյթն ու ժողովրդական իմաստութիւնը՝ առանց անոնց աղբիւրը ճանչնալու:

Հայերը յայտնի են ձկան մասին այս առակով, որ կþըսէ. «Ի՞նչ լուր կայ ծովէն»: Ձուկը կը պատասխանէ. «Ես շատ բան ունիմ ըսելու, բայց բերանս ջրով լի է»: Ըստ էութեան, այս ասացուածքը կþենթադրէ, որ օսմանեան տիրապետութեան օրոք խօսքի ազատութիւն գոյութիւն չունէր: Համենայն դէպս, այն յստակ չþարտայայտեր «Ձուկը գլխէն կը հոտի» ասացուածքի իմաստը։:
Ոմանք աս ասացուածքը թուրքերուն կը վերագրեն՝ 15 տարի շարունակ Օսմանեան կայսրութեան մէջ Մեծ Բրիտանիոյ դեսպան սըր Ճեյմս Փորթերի, ինչպէս նաեւ հիանալի թրքագիտութեան պատճառով: 1768 թ. Փորթերը իր «Դիտարկումներ թուրքերու կրօնի, օրէնքի, կառավարութեան եւ բարոյականութեան վերաբերեալ» գիրքի մէջ կը նշէ, որ այս ասացուածքը թուրքական ծագում ունի: Իրականութեան մէջ թուրքերի՞նն էր այդ գաղափարը արդեօք, թէ փոխ առած են յոյներէն կամ հայերէն, կարծես անհնար է պարզել։
Հաւանաբար, թուրքերը ունին ժողովրդական ասացուածք, որ կը կիրառուի նման դէպքերու պարագային, ինչպէս՝ «Սկիզբը ձուկ գլուխէն կը սկսի հօտիլ», ինչը կը նշանակէ, որ եթէ ծառան անկարգ է, ուրեմն տարն ալ այդպիսին է։ հակառակ անոր ծագումին մեզի անյայտ մնալուն, մենք գիտենք, որ իմաստը նման է մեր այսօրուայ օգտագործածին՝ «Ձուկը գլուխէն կը հոտի» ասացուածքին:

Ներկայիս աս արտայայտութիւնը առաւել յաճախ կþօգտա-գործուի կազմակերպութիւններու, պետական գործակալութիւն-ներու եւ հասարակական կազմակերպութիւններու պարագային, նկատի ունենալով ղեկավարներու կողմէ չարաշահման կամ նեխածութեան («կոռուպցիայի») ենթարկուած ըլլալը: Ան նաեւ կրնայ վերաբերիլ անհատ անձերու։
Ւնչպէս տեղեկացած էք բազմաթիւ մերկացնող յօդուածներէն, որ համոզիչ կերպով գրուած եւ յայտնուած են USA Armenian Life եւ «Հայ Կեանք» շաբաթաթերթերու մէջ անոր գլխաւոր խմբագիր եւ հրատարակիչ Աբօ Չափարեանի կողմէ, արդեն պարզ դարձած է, որ Հայ Առաքելական Եկեղեցին իրարանցման մէջ է: Հակասութիւնները չեն բխիր Եկեղեցւոյ կանօններու կամ աւանդոյթ-ներու անհամապատասխանութիւններէն, այլ թէ ինչպ՛էս ան կը կառավարուի եւ որ՛ու կող-մէ։ Այս խնդիրները կը վերաբերուին Սբ. Էջմիածնէն մինչեւ Սփիւռքի թեմական որոշ հոգեւորականներու բնոյթին ու անհատականութեան։
Օրինակ՝ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը, Արեւմտեան Թեմի առաջնորդ Յովնան արքեպիսկոպոս Տէրտէրեան, Ռուսաստանի թեմի առաջնորդ Եզրաս արքեպիս-կոպոս Ներսիսեան, չարաշահած եմ իրենց իշխանութիւնը՝ անձնական շահերու կամ դիրքի բարելաւման համար: Կը հաղորդուի, որ չարաշահումներու շրջանակը սկսած է կուսակրօնութեան երդումներու խախտումէն մինչեւ անձնական շահի համար ապօրինի գործունէութիւններու ծաւալումը: Այլ կերպ ըսած, անոնք կը մեղադրուին հոգեւոր արժեքներու պակասի, անարդիւնաւետ առաջնորդութեան, թափանցիկութեան բացակայութեան, նեխածութեան «կոռուպցիայի» եւ ընդհուպ մինչեւ՝ այլասերուածութեան մէջ:
Ըստ ղեկավարման ոլորտի փորձագէտներու, օրինակելի ղեկավարման ամենա-կարեւոր նախադրեալը՝ «մեթոդի ձեւաւորումն է»: Այլ կերպ ըսած, օրինակելի առաջ-նորդ ըլլալ, կը նշանակէ ըլլալ օրինակելի «կերպար» ձեր հետեւորդներուն համար:
Ի՞նչ կը նշանակէ ասիկա։ Առաջնորդները պէտք է հետեւողականօրէն դրսեւորեն այնպիսի վարք եւ վարքա-գիծ, որ օրինակ ծառայէ միւսներու համար: Մահաթմա Կանտին այդ կը բացատրէր այսպէս. «Եթէ մենք մեզի կրնայինք փոխել, աշխարհի մէջ կը փոխուէին նաեւ վերաբերմունքները: Երբ մարդը կը փոխէ իր բնոյթը, կը փոխուի նաեւ աշխարհի վերաբերմունքը անոր նկատմամբ … Մենք պէտք չէ սպասենք տեսնելու, թէ ի՞նչ պիտի ընեն միւսները»: Հետեւաբար, երբ մենք՝ որպէս առաջնորդներ, չենք ստանար ցանկալի վերաբերմունք ու գործողութիւններ, մանաւանդ, երբ մենք ունինք զանոնք ղեկավարելու համար յատուկ գրուած արժեքներ, ապա ժամանակն է վերլուծել, հայելիի մէջ նայիլ եւ պատասխանատւութիւն ստանձնել։
Եթէ մեր եկեղեցին որոշ հոգեւորականներու պատճառով թերացումներ ունի, ապա բոլոր բարեփոխումները միտուած են բախուիլ նոյն խնդրին: Այսինքն ՝ ինչ-որ մէկը պէտք է իրականացնէ բարեփոխումը, եւ այս մէկը պէտք է աւելի հզօր ըլլայ, քան այն ներգրաւուած անձինք, որոնք իր՛ենք բարեփոխումներու կարիք ունին: Այսպիսով, եթէ ընդունինք, թէ ձուկը պոչէն կը հոտի եւ եկեղեցւոյ անդամները կրնան շտկել իրավիճակը, ապա բարեփոխման ակտիւիստներու գործը հեշտ ընթացք կþունենայ։ Այնուամենայնիւ, խնդրի առաջ կը կանգնինք, եթէ ձուկը գլուխէն կը հոտի։ Մասնաւորապէս, եթէ խնդիրը նոյն կրօնական առաջնորդներն են, ապա չի կայ որեւէ հզօր ոյժ, որ կրնայ հեշտութեամբ հեռացնել Եկեղեցւոյ վատ գործող անդամ(ներ)ուն:
Այս ամենի հետ կապուած, կենդանիներու զուգահեռն այն է, որ եթէ ձուկը գլուխէն վար կը հոտի, ապա այդ կը նշանակէ նաեւ, որ ամենաանընդունելի չարա-շահումները կու գան համակարգի գագաթէն: Հայ Եկեղեցւոյ խնդիրը ղեկավա-րութեան սարսափելի ձախողումն է: Ի վերջոյ, վատ ղեկավարը կը յանգեցնէ կազմակերպութեան վատթարացման: Այդ պայմանաւորուած է առաջնորդութեան ոճով եւ մշակոյթով, որ մինչ այժմ աներեւակայելի հպարտութեան եւ յաջողութեան աղբիւրն էր հայերու համար:
Եսակեդրոն առաջնորդութիւնը կը քայքայէ Եկեղեցւոյ նկատմամբ վստահութիւնը: Առաջնորդը կþորոշէ բովանդակութեան բնոյթը եւ ծաւալը: Հետե-ւաբար, եթէ առաջնորդը կաշառուած է, ապա եկեղեցական կազմը կը հետեւէ անոր օրինակին եւ կը յայտնուի նեխուածութեան մէջ: Կրնան ըլլալ հոգեւորականներ, որոնք պատրաստ են հետեւելու բռնապետական նպատակներուն, անբարեխիղճութեան կամ նենգադաւութեան՝ իրենց շահերէն ելլելով։ Անոնք կրնան այդ ընել վախէն ելլելով կամ օգուտի ակնկալիքով կամ եթէ ունին նոյն տեսակէտներն ու մօտեցումները եւ կը ցանկան բարելաւել իրենց նիւթական վիճակը։
Առաջնորդներէն բացի այլ գործոններ ալ կան՝ կազմակերպչական կառուցուածքը եւ բաշխումը: Ուսումնասիրութիւնները ցոյց կու տան, որ համակարգի չափը, կարծես, հակադարձ համեմատական է ներկայիս մտածողութեան հետ: Որքան մեծ է համակարգը, այնքան փոքր է մեր ճանչցած խմբային մտածողութիւնը: Այսօր, համաշխարհային բոլոր խոշոր համակարգերու մէջ մենք հաւաքականօրէն կը ստեղծենք յետազօտութեան արդիւնքներ, որոնք ոչ ոք չի ցանկար հաշուի առնել: Օրինակ՝ պլաստիկէ ախտ. «2020 թուականին օվկիանոսի մէջ աւելի շատ պլաստիկ շշեր կþըլլան, քան ձկներ»: Բնապահպանական վատթարացման վերաբերեալ նման տեղեկատւութիւն հաշուի չառնուիր աշխարհի շատ երկրներու կողմէ‘ անոնց հասարակական կեանքէն հեռու ըլլալու պատճառով: Նմանապէս, մեր Սուրբ Էջմիածինը միշտ չէ, որ գիտէ, թէ ի՞նչ կը կատարուի, ըսենք, Միացեալ Նահանգներու Արեւմտեան թեմի մէջ: Վերջիվերջոյ, Նորին Սրբութիւն Գարեգին Բ-ն կաթողիկոսն է (այսինքն‘«բարձրագոյն», առաջնորդը) համայն հայութեան, որ ցրուած է աշխարհի չորս անկիւններէն ներս: Անկախ մտքերու փոխանակումէն, երբ կազմակերպութիւնը կը ձախողի, ղեկավարութիւնն է ատոր գլխաւոր պատճառը:
Այս ամենի դրսեւորման շարք մը այլ պատճառներ ալ կան: Առաջնորդները կը շեղուին իրենց առաջնահերթութենէն։ Անոնք տուրք կու տան ծուլութեան եւ յոյսը կը դնեն այլոց օգնութեան վրայ՝ այլ թեմերու մէջ տեղի ունեցածի վերաբերեալ զգոնութիւն ցուցաբերելու փոխարէն: Կամ անոնք պարզապէս աչք կը փակեն իրենց ենթականերու ոչ ճիշտ պահուածքի վրայ, քանի որ իրենք ալ կը զբաղուին նոյն խաբեբայութեամբ կամ կոռուպցիայով: Երբեմն առաջնորդները կարգ ու կանօն չեն պահանջէր այլ հոգեւորականներէն՝ վախենլով, որ սեփական սխալները ջրի երես կուգան: Այս կերպ անոնք կը նախընտրեն ետ կենալ իրենց հիմնական առաքելութենէն եւ չհրաժարուիլ հանգիստ եւ պաշտպանուած վիճակէն։ Եկեղեցւոյ ղեկավարումը կը կայանայ այն բանի մէջ, թէ ինչպէս մենք կը վարուինք, կը շփուինք եւ կը ղեկավարենք մեր ենթականերուն:
Շատ եկեղեցիներ անկում կ՛ապրին եւ նոյնիսկ կը դադրին գործելք եսակեդրոն ղեկավարութեան պատճառով:
«Ինչու՞ եկեղեցիները անկման եզրին կը յայտնուին» դոկտորական ատենախօսութեան («դիսերտացիայի») ուսումնասիրութեան մէջ, դոկտոր Ռիչըրտ Ճ. ՔրեՃիչիր անդրադարձած է 10 տարուայ ընթացքին ուսում-նասիրած 1000-է աւելի եկեղեցիներու: Հաշուի առէք, որ սա հազուագիւտ երկարատեւ ուսումնասիրութիւն է: Հակառակ որ ուսումնասիրութեան այս տեսակը շատ ժամանակ խլող է, բայց աւելի արդիւնաւետ է: Ան կը փնտրէր նշաններ, որ կը ստիպէին մարդկոց հեռանալ: Ան գտած է չորս հիմնական պատճառ, թէ ինչն է որ ետ կը պահէ եկեղեցւոյ այցելուներուն։ 1. 91 տոկոսէն աւելին նշած է, որ էական պատճառը ընդհարումն ու բամբասանքն է: Իսկ մենք հիմա մեր հայ եկեղեցւոյ մէջ ունի՞նք բախումներ եւ բամբասանքներ: Դուք անհատաբար դատեցէք: 2. Աւելի քան 78 տոկոսը, որոնք դադրած են եկեղեցի երթալէ, յայտարարած են, որ եկեղեցւոյ մարդիկ իրենց քննադատաբար կը մօտենան, նաեւ յայտնած են, կեղծապաշտութեան մասին, որուն ականատես եղած են յատկապէս քահանաներու ու ղեկավարութեան կողմէ: Տեսնենք, արդեօ՞ք մենք ունինք կեղծապաշտութիւն մեր հայ եկեղեցւոյ մէջ ճիշտ հիմա: Կ՛ըսէք՝ ահաւոր շա՞տ: 3. Եկեղեցիէն հեռացածներու աւելի քան 62 տոկոսը կը վկայեն ղեկավարութեան կամ առհասարակ մարդոց կողմէ հիւրընկա-լութեան եւ հոգածութեան բա-ցակայութեան մասին: Եւ նորէն հարց կ՛առա-ջանայ՝ արդեօ՞ք հայ հաւա-տացեալները իրենց եկեղեց-ւոյ առաջնորդներու կողմէ կ՛արժանանա՞ն ջերմ ընդու-նելութեան կամ կարեկ-ցանքի: Դուք կ՛ըսէիք «այո», եթէ մէնատէր («օլիգարխ») ըլլայիք: 4. Աւելի քան 62 տոկոսը նշած է, որ անոնք հեռացած են եկեղեցիէն, քանզի չեն ուզեր մեղսակից ըլլալ։ Այս տարաձայնութիւններու եւ պառակտման առիթ կը դառնայ, որն ալ կը ստիպէ հեռանալ եկեղեցիէն։ Վիճա-բանութեան մթնոլորտը պառակտումներու, դժգոհու-թիւններու, ամհանաձայնութիւններու եւ ժողովուրդի ու ղեկավարութեան միջեւ անհամաձայնութիւններու հիմնական պատճառն էր: Իսկ, մենք ունի՞նք դժգոհութիւն, անհամաձայնութիւններ եւ ընդհարումներ մեր հայ եկեղեցականներու եւ անոնց եկեղեցական ղեկավարութենէն ներս: Մենք ունի՞նք մեղաւորներ: Եթէ ըսէք «ոչ», ապա չէք կարդցած վերջերս USA Armenian Life կամ «ՀԱՅ ԿԵԱՆՔ» շաբաթաթերթի մէջ տեղ գտած տեղեկատւական, մերկացնող ու շլացուցիչ յօդուածները։
Մեծ թիւով առաջնորդներ եղած են, որոնք ինկած են իրենց հաւատացեալներու աչքէն, երբ կþապրին երկակի կեանքով, եւ կեանքի իւրաքանչիւր բնագաւառի մէջ ազնւութիւն եւ անկեղծութիւն չեն ցուցաբերեր: Յաճախ առաջնորդները, որոնք ձախողած են իրենց անձնական կեանքի պատճառով, չեն համապատասխաներ իրենց մասնագիտական կեանքին: Միանշանակ, առաջնորդները պէտք է հաւատ ներշնչեն իրենց վստահողներուն՝ կատարելով իրենց իսկ քարոզածը։
Որեւէ եկեղեցւոյ, ներառեալ Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ յաջողութիւնը պէտք է կառուցուի անոր հաւատացեալներու եւ հասարակութեան լայն վստահութեան վրայ: Այդ վստահութիւնը ձեռք բերելու լաւագոյն միջոցներէն մէկը եկեղեցական գործունէութիւններու մէջ էթիկայի եւ ազնւութեան դրսեւորումն է, ոչ թէ իրաւական նկատա-ռումներէն ելլելով, այլ այն պատճառով, որ այդ է ճիշտը: Այսպիսով, եկեղեցւոյ էթիկային եւ ազնւութեան առաջնահերթութիւն տալը մեծ հրամայական է եւ պէտք է դառնայ մշակոյթի անսակարկելի մասը: Վարքագծի օրենսգիրքը պէտք է ըլլայ եկեղեցւոյ մշակոյթի ամբողջականութեան հաստատումը՝ էթիկական պրակ-տիկայի հիմքը։ Եկեղեցիները, որոնք կը ձգտին ճշմարիտ գործել, կը ծաղկին՝ ստեղծելով բարոյական բարձր չափանիշներու վրայ հիմնուած հեղինակութիւն: Ան կը սկսուի վերէն եւ կþազդէ ամբողջ եկեղեցական կազմի վրայ։ Արդիւնքը ծայրաստիճան գոհացնող է, ինչպէս կը նշէ Մարք Թուէյն. «Ճիշտ քայլ կատարէ։ Այդ կը բաւարարէ որոշներուն եւ կը զարմացնէ մնացածին»:
«Ձուկը գլուխէն կը հոտի» ասացուածքը կը նշանակէ, որ եթէ պատասխանատու անձը վատ աշխատանք կատարէ, մեր պարագային՝ ե՛ւ հոգեպէս, ե՛ւ բարոյապէս, այդ բացասական հետեւանքներ կþունենայ անոր գլխաւորութեամբ աշխատող իւրաքանչիւր անձի համար եւ, ի վերջոյ, կը վանէ հաւատաց-եալներուն: Ինչպէս գիտէք, շարք մը նուաճողներ ազդեցութիւն ունեցած են Հայկական լեռնաշխարհի վրայ։ Մեր Հայրենիքի սահմանները անհամեմատ կրճատուած են, մեր բնակչութեան թիւը նուազած, եւ այժմ հայ ժողովուրդը «կշտացած» է բոլոր «ձուկերէ, որոնք գլուխէն կը հոտին»։
Հայ համայնքը պէտք է համա-խըմբուի‘ դադրեցնելու այն «գար-շահոտութիւնը», որ կը ներթափանցէ հայ ազգի ամենասուրբ վայրերը ինչպէս Հայաստանէն ներս, այնպէս ալ Սփիւռքի մէջ: Եկէք չմոռնանք, որ Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ բոլոր անդամներու պարքտն է ազա-տել այդ կրօնական վայրերը մեղսա-գործ ձեռքերէն՝ պահպանելով իրենց հպարտ Եկեղեցւոյ կերպարը, հեղինակութիւնը եւ ապագան, որ դարձած է հայ ազ-գի առաջին պետական կրօնը: 301 թուականի ճակատագրական տարուընէ ի վեր, Հայ ազգի անսպառ հպարտութիւնն ու հազուագիւտ գանձը հարիւրամեակ-ներու ընթացքին վերապրած է բազմաթիւ աղէտներ՝ արեւմտեան աւանդական մշակոյթին բախուող այլընտրանքային մօտեցումներու տեսքով: Ձեզի եւ ինծի այժմ կը մնայ պահպանել մեր աննկուն հայրերու կողմէ մեզի թողած մեր անգին ժառանգութեան ամբողջականութիւնը: