Թուրքիոյ խորհրդարանի անդամ Կարօ Փայլան խոր-հրդարանի լիագումար նիստին ընթացքին խօսած է Սուրիոյ հիւսիսի մէջ Թուրքիոյ կողմէ իրականացուող զինուորական գործողութեան մասին: Այս մասին կը հաղորդէ թրքական «Ենի աքիթ» լրատուական կայքը:
Փայլան նշած է, որ Սուրիոյ մէջ Թուրքիոյ գործողութիւնները ոչ այլ ինչ են, քան տեղահանութիւն եւ ցեղասպանութեան փորձՄԱԿ¬ի բոլոր սահմանումներով: «Ժողովրդագրութեան հետ խաղալ կարելի չէ: Ատիկա յանցանք է: Նոյն հիմքով Իսրայէլը կը գրաւէ Պաղեստինի տարածքները», ըսած է Փայլան: Հայ երեսփոխանի ելոյթը բուռն արձագանգներ ստացած է: Թուրքիոյ իշխող Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութեան խմբակցութեան ղեկավար Էօզլեմ Զենկին դատապարտած է Փայլանի խօսքը Թուրքիոյ զինուորական գործողութիւնները Իսրայէլի հետ համեմատելուն համար: Զենկինի համաձայն, շրջանին մէջ այս իրավիճակին մեղաւորը Քրտական աշխատաւորական կուսակցութիւնն է, իսկ Փայլանի կողմէ ցեղասպանութիւն բառի օգտագործումը որակած է պառակտում:
Փայլանի խօսքերը ամէնէն կարծրը քննադատած է Ազգայնական շարժում կուսակցութեան խմբակցութեան ղեկավար Էրքան Աքչայ:
«Կ՛անիծեմ այդ խօսքերը: Թուրքիան իր պայքարը կը մղէ Սուրիոյ հիւսիսի բնակչութեան եւ շրջանի խաղաղութեան համար», ըսած է Աքչայ:
«Լաւ» կուսակցութեան խմբակցութեան ղեկավարն ալ իր կարգին դատապարտած է խորհրդարանի ամպիոնէն այդպիսի արտայայտութիւններու կիրարկումը:
Ընդդիմադիր մեծագոյն խմբակցութեան` Հանրապետական ժողովուրդի ղեկավար Էնկին Ալթայ ըսած է, որ հակառակ Փայլանի որոշ խօսքերը չընդունելուն, հիմնականին մէջ անոր խօսքը ճիշդ էր, իսկ եթէ խորհրդարանը կարծիք արտայայտելու հարթակ է, իրենց կարծիքը կրնան յայտնել բոլորը:

By Appo

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *