Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփի խորհրդականները անոր առաջարկեցին քանի մը տարբերակներ, որպէսզի ամերիկեան զօրքերը Սուրիայէն հեռացնելու Թրամփի մտադրութիւնը իրականացուի առանց արտօնելու Թուրքիոյ, որ ներխուժէ Սուրիա: Այս մասին կը հաղորդէ “Արմենփրես”։
Ազգային ապահովութեան խորհուրդի անանուն մնալ փափաքող պաշտօնատար մը «Նիուզուիք» թերթին յայտնեց, որ առաջարկներէն մէկը եղած է Թուրքիոյ սպառնալ Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչումով:
Նշենք, որ Միացեալ Նահանգնեու 50 նահանգներէն 49ը, բացառութեամբ Միսիսիփիի, արդէն իսկ կը ճանչնան Հայոց Ցեղասպանութեան պատմական իրողութիւնը:

By Appo

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *